Ի՞նչ է լեզուն, երբեմն կը հարցնենք:

Լեզուն, մարդոց իրարու հետ խօսելու կամ հաղորդակցելու միջոցն է,- կը պատասխանենք ամէնէն պարզ ձեւով ու կ’աւելցնենք թէ,- ան ազգի մը ապրելու եւ գոյատեւելու ամէնէն զորաւոր զէնքն ալ է: Առանց անոր նոյն այդ ազգը կը կորսուի:

Մարդ անհատը շնորհիւ իր ստեղծագործ միտքին եւ մտածողական ու հնարելու կարողականութեան, քաղաքակրթուելով, բնութեան եւ իր շրջապատի ազդեցութեան տակ ու մանաւանդ իր կեանքի ընթացքին ապրելու ստիպողականութենէն մղուած ու թելադրուած, զարգացուցած ու ճոխացուցած է իր այս լեզուն:

Լեզուն գործածուած է նախ պարզապէս ապրելու, եւ ապա եկողները ապրեցնելու նպատակով: Լեզուն ըլլալով հանդերձ նշաններու համակարգ մը նաեւ եղած է գանձ ու հարաստութիւն:

Բոլոր ժողովուրդները մշակած են իրենց խօսակցական կամ գրաւոր լեզուն:

Իսկ գալով մեր լեզուին…հայերէն լեզուին…, մեր մայրենիին…ըսեմ.-

Համաձայն հնդեւրոպական լեզուաբանութեան յստակ տուեալներուն, «մերինը» ուրիշներէն անկախ է: Իսկ հայ գրական լեզուն… ազգային լեզու է:

Արդ, պէտք է ըսել, որ մեր ժողովուրդին չափ դարերու կեանք ունի մեր լեզուն, որովհետեւ ան ծնունդ առած է նոյնինքն մեր ժողովուրդին կողմէ: Անոր համար հայերէն լեզուն հայ ժողովուրդին համար եղած է անոր արթուն պահակը: Մօտէն հսկած է, որ հայ ժողովուրդը չկորսուի, չձուլուի: Մեր մայրենին դարերէ ի վեր տոկացած է բոլոր թշնամիներուն եւ յաղթած է անոնց:

Եւ տակաւին ա՛ն մեր ժողովուրդին համար աստուածային պարգեւի կոչումին կողքին, անոր կեանքին ուղղութիւնը տուողն ու ճշդողն ալ է: Մեր մայրենին մեր  յաւերժութիւնը ապահովողն է: Եւ վա՜յ այն օրուան, երբ մեր այդ ճամբան կորսնցուցած ըլլանք:

Նաեւ մեր լեզուն, մեր ազգային գոյութեան երաշխիքն ու փաստն է: Ան սուրբ է, մեր հայրենիքին չափ, որ կը միացնէ մեզ բոլորս…եւ տակաւին կարելի է շարքը երկարել:

Արդ, անմեղօրէն եւ անկեղծ, հարց տանք իրարու.-

– այսօր ի՞նչ կացութիւն կը պարզէ մեր լեզուն:

– որքանո՞վ մենք զինք կը փնտռենք, կամ՝ իր վրայ կը գուրգուրանք:

– որքանո՞վ զինք կը գործածենք եւ կամ մաքուր կամ անաղարտ կը փորձենք պահել:

Բոլորս ալ ականատեսներ ենք, թէ մեր լեզուն եւ յատկապէս արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է: Բայց արդեօք քաջութիւն ունեցա՞ծ ենք հասկնալու, թէ ի՞նչ են հայ լեզուի նահանջի գլխաւոր պատճառները, եւ ի՞նչ են այն գործնական միջոցները, որոնք զինք պիտի փրկեն մեր ընդգծած վիճակէն:

Իբրեւ ընթերցող կամ միութենական, ուսուցիչ եւ կամ ազգային գործիչ, մշակութասէր եւ կամ պարզ հայ անհատ, դուք ձեզի հարց տուէք, թէ այս օրերուն ո՞ւր է հայերէն  լեզուն ձեր կեանքին մէջ:

Ահա հոսկէ է, որ կը սկսի ախտաճանաչումը,  եւ որ մեզի պիտի տանի մինչեւ մեր ինքնագիտակցութեան դռները:

Անկասկած, որ այս բոլոր մտահոգութիւնները կը պատկանին բոլորիս, որովհետեւ համազգային մտահոգութիւններ են, եւ ոչ թէ միայն միութենականներուն, հայ վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ կամ հայ ուսուցիչներուն ու գրողներուն հասցէագրուած:

Եթէ կ’ընդունինք, որ լեզուն այն գեղեցիկ օղակն է, որ կը ծառայէ մեր հաւաքական գոյատեւման, ուստի պէտք է ստեղծենք համապատասխան առողջ ու կենսունակ միջավայր մը, սոյն օղակը հաստատ, ամուր ու անքակտելի պահելու համար:

Այս բոլոր մտահոգութիւնները ծնունդ են մեր լեզուին նկատմամբ մեր բոլորին կողմէ որդեգրուած անտարբերութեան եւ վերաբերմունքին՝ Հայաստանի կամ սփիւռքներու տարածքին:

Կասկածէ դուրս է, որ բոլորս ալ մեր լեզուին նահանջի ներկայութիւնը կ’ապրինք. ամէն օր եւ ամէն վայրկեան, եւ որուն հանդէպ անտարբեր մնալը դաւաճանութեան համազօր է: Անսովոր սպառնալիքներ օրէ օր իր դիմաց կը շարուին, անոր համար անմիջական լուծումներու կարիքը ունի:

Տակաւին միւս կողմէ ալ, յստակ իրողութիւն է, թէ ներ­կա­յիս ան­դունդ մը, մեծ բացութիւն ու ճեղք մը կայ, ստեղծ­ուած է խօ­սակ­ցա­կան եւ գրա­կան հա­յե­րէ­նին մի­ջեւ:

Ուստի…

Հայերէն լեզուի հարցը հրատապ մտահոգութիւն պէտք է դարձնել, որովհետեւ մեզմէ շատեր օտար լեզուին կեղծ հրապոյրով, երբեմն կը գինովնան, եւ որուն իբրեւ արդիւնք, մեր լեզուն հետզհետէ կը կորսնցնէ իր հարուստ բառամթերքն ու կենսունակութիւնը:

Բայց, հպարտ ենք, որ ունինք անհատներ, գրող նուիրեալներ, հայ մամուլ, որոնցմով լեզուն կը հարստանայ, որոնք հրաշքներ կը գործեն մեր լեզուն կենսունակ պահելու համար: Անոնց ստեղծագործութիւններով կ’ապրի հայ լեզուն, եւ  կը ստանայ նոր ձեւեր:

Անոնք են, որ մեզի կը յիշեցնեն, թէ լեզուն պիտի ապրի ինքնիրմով, պիտի մաքառի ու նորանայ: Իսկ եթէ նորացուի, չի թմրիր ու չի մեռնիր: Եւ ընդհակառակը, երբ մեր լեզուին նոր ճարտարապետներ չհասնին, նոր գրողներ ու նոր խօսողներ չունենանք, այն ատեն վտանգը կը դառնայ համատարած ու հայոց լեզուն կը դասուի մեռեալ լեզուներու շարքին:

Բայց, իրականութիւն է որ այս օրերուն այդ խենթ «հերոսներու» թիւը շատ նօսր է, եւ կը կարծեմ որ բաւարար չէ փրկելու այս տխուր «իրականութիւնը»:

Հպարտութեամբ կ’ընդունինք, որ մեր լե­զու­ն մե­զի տր­ուած մեծ պար­գեւ­ն է։ Պէտք է ու­շա­դիր ըլ­լանք, թէ ինչ­պէ՞ս պէտք է զայն օգ­տա­գոր­ծել, սոր­վեց­նե­լ, շտ­կե­լ, խրա­տել, ճշ­մար­տու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լ եւ զԱստ­ուած փա­ռա­ւո­րե­լ։

Լե­զուն կեն­սու­նակ է, երբ ամէն տե­սակ հաս­կա­ցու­թիւն­նե­րու եւ գա­ղա­փար­նե­րու ար­տա­յայ­տի­չը կր­նայ ըլ­լալ:

Իրականութիւն է, որ ներկայիս մեր լեզուն կամաց-կամաց սկսած է կորսնցնել իր բա­ռամ­թեր­քի կա­րե­ւոր մէկ բա­ժի­նը: Պատճառը բոլորս ալ գիտենք…մենք ենք…մենք…մեր լեզուն այդ ձեւով գործածողներս: Հարցը այն թէ, արդեօք պիտի կարենա՞նք այդ կո­րուս­տին առաջ­քը առ­նել: Արդեօք իսկապէս կ’անդրադառնա՞նք այս կորուստին:

Եւ եթէ այո՛, ո՞ւր են զայն փրկելու կոչուած անձերը: Ինչպէ՞ս կարելի է այս հոսանքին առաջքը առնել, նոյնիսկ այսօրուընէ սկսեալ: Որովհետեւ, հաւատացէ՛ք, վաղը ուշ է արդէն:

Գէորգ Պետիկեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ