Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմը թեւակոխած է երկրորդ շաբաթը։ Արաբական Ծոցի ամբողջ տարածաշրջանը դարձած է պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ։ Նախագահ Տոնալտ Թրամփ կը յղէ հակասական պատգամներ՝ մերթ խօսելով յաղթանակի եւ պատերազմական գործողութիւններու մօտալուտ աւարտի մասին, եւ մերթ՝ ռազմական գործողութիւնները շարունակելու եւ Իրանի մէջ իշխանափոխութեան հասնելու մասին։

Մինչ ռմբակոծութիւններէն անմասն չմնացին Իրանի սահմանակից Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, Հայաստանը կը մնայ զերծ այդ բոլորէն ու կեանքը կը շարունակուի իր բնականոն կերպով։ Սակայն, ռազմական գործողութիւններու երկարաձգումը կրնան երկիրը դնել նոր մարտահրաւէրներու առջեւ՝ տնտեսական, մարդասիրական ու քաղաքական առումներով։

Ամէնէն գլխաւորը առեւտուրի ուղիներու խափանումն է, քանի որ Հայաստանի արտաքին առեւտուրին բաւական մեծ տոկոսը կ’անցնի Իրանի տարածքով։ Առեւտուրի դադարումը Հայաստանի տնտեսութեան վրայ անկասկած պիտի ազդէ սղաճի եւ այլ ձեւերով, ինչպէս նաեւ կրնան դանդաղիլ իրանեան բեռնատարներու Հայաստան մուտքն ու ելքը։ Իրանի հետ գոյութիւն ունեցող «կազ՝ ելեկտրականութեան դիմաց» համաձայնագիրը եւս կրնայ վտանգուիլ։

Եթէ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը յաջողին տապալել Թեհրանի կրօնապետութիւնը, ինչ որ քիչ հաւանական կը նկատուի, Իրան կրնայ մխրճուիլ քաղաքացիական պատերազմի մէջ, որուն կայծերը կրնան հասնիլ Հայաստան՝ ստեղծելով մարդասիրական ու անվտանգային տագնապներ։ Մեծ թիւով գաղթականներու ժամանումով կառավարութիւնը պիտի յայտնուի նոր մարտահրաւէրի մը առջեւ, երբ տակաւին անլոյծ կը մնան 120 հազար Արցախէն ժամանած գաղթականներու ընկերային ու բնակարանային հարցերը։

Քաղաքական գետնի վրայ Հայաստան կը փորձէ վարել դիւանագիտական հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ։ Իրանը Հայաստանի բարեկամ երկիր է, որուն հետ կապերը կենսական նշանակութիւն ունին։ Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահին հովանաւորութեամբ անցեալ տարուան Օգոստոս 8-ին Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը եւ «Թրամփի ուղի» ծրագիրի մշակումը եւ սպասուող ներդրումային միջավայրի ընդլայնումը Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւնները դրին նոր մակարդակի վրայ։ Այս իրողութիւններուն առջեւ Երեւան կը փորձէ վարել նուրբ քաղաքականութիւն մը։ Շատերու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն հանգամանքը, որ Ամերիկայի ու Իսրայէլի հարուածներուն զոհ գացած Իրանի գերագոյն առաջնորդ՝ Ալի Խամինէի մահէն ետք, վարչապետ Փաշինեան իր ցաւակցութիւնը յղեց երկու օր ուշացումով։ Թէեւ նորընտիր առաջնորդ՝ Մոժթապա Խամինէի շնորհաւորնքը կատարուեցաւ անմիջապէս։

Իրան, որ արդէն իսկ կասկածներ ունէր Հայաստանէն ներս Ամերիկայի ներգրաւածութեան առնչութեամբ, վերջին իրադարձութիւններէն ետք շատ աւելի մեծ վերապահութիւններ պիտի արտայայտէ այդ ուղղութեամբ։ Այս հարցով պաշտօնական Երեւանը կը փորձէ հաւաստիացնել, որ «Թրամփի ուղին» սոսկ տնտեսական ծրագիր է եւ չունի ռազմական բնոյթ։

Ամերիկայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը դէմ կ’արտայայտուի այս պատերազմին, որուն նպատակը շատերուն համար յստակ չէ։ Ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ աւարտը Հայաստանի համար խիստ կարեւոր է, որպէսզի Իրանի հետ առեւտրային ու այլ կապերը շարունակուին անխափան ու այդպիսով կարելի ըլլայ այս տագնապէն դուրս գալ նուազագոյն վնասներով։

Գրիգոր Խոտանեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ