14 Մարտ 2026-ին, Միւնիխի մերձակայ Շթարնպերկ քաղաքին մէջ, 96 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց գերմանացի անուանի փիլիսոփայ Եուրկըն Հապերմաս: Անոր մահը խորհրդանշական աւարտն է դարաշրջանի մը եւ հեռացումը մտածողի մը, որ կը հաւատար բանականութեան ու երկխօսութեան ուժին:

Հապերմաս իր ամբողջ կեանքը նուիրեց մէկ առանցքային գաղափարի հիմնաւորման. մարդկութիւնը պէտք է իր հարցերը լուծէ հաղորդակցութեան եւ քննարկումի միջոցով՝ փոխանակ զէնքի ու բռնութեան: Այսօր, երբ աշխարհը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական ծանր բախումներու մէջ, անոր ձգած ժառանգութիւնը եւ յատկապէս «հաղորդակցական գործողութեան» անոր հանրայայտ տեսութիւնը կը կանգնին լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ:

Հապերմասի փիլիսոփայական նախագիծը հիմնուած էր այն համոզումին վրայ, որ արդի հասարակութեան կայունութիւնը կախեալ է «հաղորդակցական բանականութենէն»: Ըստ անոր, լեզուն պարզապէս արտայայտչամիջոց չէ, այլ այն տիրոյթը, ուր կարելի է փնտռել ու փորձարկել ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը: Հապերմասի «հաղորդակցական բանականութիւն»ը կը տարբերի այն բանականութենէն, որ կը ծառայէ նպատակներու իրականացման․ այդ՝ գործիքային բանականութիւնն է: Իր տեսութեան մէջ, բանականութիւնը չի սահմանափակուիր «ինչպէս յաղթել» կամ «ինչպէս շահիլ» հարցերով, այլ կը կեդրոնանայ «ինչպէս հասկնալ զիրար» եւ «ինչպէս արդար ըլլալ» խնդիրներուն վրայ: Ասիկա այն կարողութիւնն է, որով մարդիկ, լեզուի միջոցով, կը փորձեն փոխադարձաբար հիմնաւորել իրենց դիրքորոշումները եւ հասնիլ ընդհանուր ընդունելի եզրակացութիւններու՝ առանց պարտադրանքի կամ ուժի կիրարկման:

Երբ մարդիկ ազատօրէն կը հաղորդակցին եւ իւրաքանչիւր կողմ առանց պարտադրանքի կը ներկայացնէ իր փաստարկները, կարելի կ’ըլլայ հասնիլ բանական համաձայնութեան մը, որ կ’որոշէ՝ ինչն է ճիշդը կամ արդարը: Այս գործընթացը ան կոչեց «խօսոյթի էթիկա» (discourse ethics), որուն համար անհրաժեշտ են խիստ բանական պայմաններ. 1․լիակատար հաւասարութիւն զրուցակիցներու միջեւ, ուր միակ ընդունելի ուժը «փաստարկի ուժն» է, 2․անկեղծութիւն՝ ուր նպատակը ճշմարտութեան հասնիլն է եւ ոչ թէ խաբէութիւնը եւ 3․առարկելու անքակտելի իրաւունքը:

Այս ամբողջ համակարգը գործնական դաշտ մուտք կը գործէ «հաղորդակցական գործողութեան» մէջ: Հապերմաս այս հասկացութեամբ դիտել կու տայ այնպիսի փոխազդեցութիւններ, ուր մարդոց գործողութիւնները ուղղուած են ոչ թէ միմեանց վրայ ազդեցութիւն գործելու կամ շահեր պարտադրելու, այլ՝ փոխըմբռնումի հասնելու:

«Հաղորդակցական գործողութիւն»ը կը տարբերի ռազմավարական գործողութենէն, ուր մէկ կողմ կը փորձէ մանիփուլացնել միւսը կամ յաղթութիւն արձանագրել անոր վրայ: Այստեղ նպատակը ոչ թէ յաղթանակն է, այլ համաձայնութիւնը՝ հիմնուած փոխադարձ ճանաչման վրայ: Այսպիսի գործողութեան մէջ իւրաքանչիւր արտայայտութիւն կը պարունակէ որոշ «վաւերականութեան պահանջներ»՝ ճշմարտութիւն («արդեօ՞ք ըսուածը ճիշդ է»), ճշդութիւն («արդեօ՞ք համապատասխան է նորմերուն») եւ անկեղծութիւն («արդեօ՞ք խօսողը կը հաւատայ իր ըսածին»): Միայն այս պահանջներու բաց քննութեան միջոցով է, որ հաղորդակցութիւնը կրնայ վերածուիլ իրական բանական գործընթացի:

Այս տեսութիւնը ծնունդ առած էր Եւրոպայի պատմական փորձառութենէն, յատկապէս Համաշխարհային Բ. պատերազմի արհաւիրքներէն ետք, երբ Գերմանիան կը փորձէր վերակառուցել իր բարոյական ու քաղաքական հիմքերը: Հապերմասի համար ժողովրդավարութիւնը լոկ հաստատութիւններու համակարգ չէր, այլ հանրային քննարկումի մշակոյթ: Անոր հանրայայտ «հանրային ոլորտ» (public sphere) գաղափարը կ’ենթադրէր վայր մը, ուր քաղաքացիները կը հաւաքուին՝ մամուլի, համալսարաններու կամ բաց քննարկումներու միջոցով փոխանակելու իրենց տեսակէտները ընդհանուր շահերու շուրջ: Այս «ոլորտ»ը ոչ միայն ֆիզիքական տարածք մըն է, այլ նաեւ հաղորդակցական միջավայր մը, ուր կը ձեւաւորուի հասարակական կարծիքը:

Հապերմասի սկզբնական պատկերացումով՝ հանրային ոլորտը պէտք է ըլլար անկախ տնտեսական եւ պետական ճնշումներէն, որպէսզի քաղաքացիները կրնան ազատօրէն մասնակցիլ քննարկումներուն: Սակայն ժամանակի ընթացքին ան նաեւ նկատեց, որ այս ոլորտը «գաղութացուած» է ուժեղ համակարգերու կողմէ՝ զանգուածային լրատուամիջոցներու, շուկայի եւ քաղաքական իշխանութեան միջոցով: Այսպիսով, հանրային ոլորտը շատ յաճախ կը դադրի ըլլալ բանական քննարկումի հարթակ եւ կը վերածուի քարոզչական դաշտի, ուր կարծիքները կը ձեւաւորուին ոչ թէ փաստարկներով, այլ՝ ազդեցութեամբ եւ շահերով:

Սակայն, 2026 թուականի իրականութիւնը, որուն մէջ Հապերմասը կնքեց իր մահկանացուն, կը թուի ըլլալ անոր տեսութիւններու իսկական դամբանականը: Մինչ ան կը հեռանար կեանքէն, աշխարհը կարծես կը հեռանար բանականութենէն:

Ամերիկեան-իսրայէլեան եւ իրանեան բեւեռներու միջեւ ընթացող պատերազմը ցոյց տուաւ, որ հաղորդակցական գործողութիւնը «հիւանդանոցային մահուան» մէջ է: Ոչ մէկ կողմ կը ձգտի երկխօսութեան. մէկ կողմը կը խօսի սպանիչ արհեստագիտութեան եւ սառնարիւն նիւթական շահերու լեզուով, իսկ միւսը՝ զգացական լոզունգներու եւ անդրշիրիմեան յոյսերու ու խոստումներու միջոցով: Քաղաքական գործիչները այլեւս չեն փորձեր համոզել մարդոց բանականութիւնը, այլ կը ձգտին տիրանալ անոնց հեռախօսներուն, զգացումներուն եւ վախերուն՝ օգտագործելով ալկորիթմները սպանութիւնները արդարացնելու համար:

Հապերմասի տեսութեան ամենադաժան բարոյական փորձաքարը եղաւ իր իսկ դիրքորոշումը Կազայի իրադարձութիւններու նկատմամբ: Ստորագրելով «Համերաշխութեան սկզբունքներ» յայտարարութիւնը, ան բացարձակապէս դատապարտեց Համասը եւ Իսրայէլի պատասխանը համարեց «սկզբունքօրէն արդարացուած»: Այս դիրքորոշումը ցնցեց մտաւորական աշխարհը, քանի որ մարդը, որ տասնամեակներ շարունակ քարոզած էր «հաղորդակցական բանականութիւն» եւ խօսքի ենթատեքստի ընկալում, ամբողջութեամբ անտեսեց Կազայի մէջ տեղի ունեցող համակարգային ցեղասպանութեան համադրոյթը: Արաբական եւ միջազգային մշակութային շրջանակներուն մէջ սա ընկալուեցաւ որպէս «երկակի չափանիշներու» դրսեւորում. բանական երկխօսութիւնը չի կրնար յաջողիլ, երբ կողմերէն մէկը կը բնաջնջուի եւ կը զրկուի խօսելու իրաւունքէն: Այսպիսով, Հապերմասի քարոզած «խօսոյթի էթիկան» սկսաւ թուիլ որպէս լոկ «սպիտակամորթ մարդուն» վերապահուած արտօնութիւն, այլ ոչ թէ համամարդկային իրաւունք: Քննադատները այս դիրքորոշումը որակեցին որպէս դաւաճանութիւն Հապերմասի սեփական սկզբունքներուն, որոնք կը պահանջեն տեսնել պատկերը բոլոր անկիւններէն:

Հապերմաս քաջ կը գիտակցէր, որ «իշխանութեան կառոյցները»՝ դրամի ազդեցութիւնը կամ պետութիւններու տիրապետութիւնը, այն իրական ուժերն են, որոնք կը ձեւաւորեն հասարակութիւնը եւ կ’որոշեն՝ ինչն է կարեւոր եւ ինչը՝ լուսանցքային: Հաղորդակցական բանականութիւնը անոր համար իրականութենէն փախուստ չէր, այլ գործիք մը՝ բացայայտելու համար, որ այսօրուան քննարկումի հարթակները կանխաւ «շրջանակուած» են ազդեցութեան տէր ուժերուն կողմէ:

Այսօրուան Մերձաւոր Արեւելքի իրականութեան մէջ Հապերմասի գաղափարները կը թուին որպէս հեռաւոր երազ: Շարունակական պատերազմները, սուր բեւեռացումները եւ գաղափարախօսական փակ ճամբարները քննարկումը վերածած են յաղթանակի համար մղուող պայքարի, քան թէ ճշմարտութեան որոնման: Հակամարտող բեւեռներու քարոզչութիւնը մարդիկը կը վերածէ պարզապէս թիւերու՝ միջազգային ազդեցութեան համար մղուող պայքարին մէջ, որ զուրկ է որեւէ արժէքէ կամ սահմանափակումէ:

Հապերմասի մահով կարծես աւելի տեսանելի դարձած անոր տեսութիւններուն ձախողումը ներկայիս պատերազմներու լոյսին տակ, կը համարուի մարդկային բանականութեան ծանր պարտութիւնը: Արդիականութիւնը, որպէս «անաւարտ նախագիծ», կը գտնուի ճակատագրական հանգրուանի մը առջեւ: Թերեւս Հապերմասի վերջին պատգամը այն է, որ չնայած բոլոր ձախողումներուն եւ հակասութիւններուն, «բանական երկխօսութիւնը միակ լուծումն է» գաղափարը մնացած է այն վերջին փրկօղակը, որ կրնայ մեզ ազատել հրթիռներու տիրապետութենէն եւ դէպի անտառ վերադարձի ինչքան վախազդու՝ նոյնքան ալ իրական թուացող հեռնակարէն: Մենք պէտք է վերականգնենք «հաղորդակցական գործողութիւնը» մեր միջեւ՝ որպէս մարդիկ, հեռու մնալով հակամարտող բեւեռներու պատրանքներէն եւ մտածելով մարդկային շահի մասին: Հապերմասը գնաց, բայց անոր հարցադրումները կը մնան աւելի քան արդիական. արդեօ՞ք հրթիռները յաղթեցին բանականութեան:

Վարդան Թաշճեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ