
Ժամանակին, երբ երեխայ մը կը ծնէր, անոր ընտանիքը անմիջապէս գեղեցիկ ու գունաւոր երազներ կը կապէր անոր աշխարհ գալուն հետ: Մանչ զաւակին հետ երազները աւելի յստակ, խիստ եւ իրականութեան մօտ կ՛ըլլային, սակայն աղջիկ զաւակին ճակատագիրը շատ անգամ կը կապուէր բախտին: Ճիշդ է, որ այսօր այս կարծիքը փոխուած է, սակայն տակաւին մեր ենթագիտակցութեան մէջ տեղ կը գրաւէ: Ես ալ այդ սերունդի զաւակներէն մէկն էի, որ դարձայ ուսուցիչ: Օրին ի՜նչ մեծ պարծանք էր ուսուցիչ ըլլալը, որովհետեւ մեր տնեցիները մեր ուսուցիչները մեծ յարգանքով կը դիմաւորէին եւ վարժապետ կը կոչէին: Արդեօք այսօր ինչպէ՞ս կը դիտենք մեր ուսուցիչները:
Կ՛արժէ անգամ մը ակնարկ մը նետել այսօրուան ուսուցիչին առօրեային վրայ:
Առաւօտեան ժամը 5:30-ին, երբ լոյսի առաջին շողերը տակաւին չեն թափանցած խոհանոցի պատուհանէն, անոր օրը արդէն սկսած է: Սուրճը կը սառի սեղանին վրայ, մինչ ան կը ստուգէ գիշերը ստացած նամակները` ծնողի մը մտահոգութիւնը գնահատականի մը մասին, տնօրէնութեան յիշեցումը գնահատանքին տուեալներու մասին եւ դպրոցական հարթակէն արհեստական բանականութեամբ (AI) ստեղծած դասի առաջարկները: Տունէն դուրս գալէ առաջ ան նաեւ պէտք է օգնէ իր զաւակներուն` դպրոցական կամ այլ պատրաստութիւններուն, ինչպէս` ուտելիք, խմելիք, դեղորայք եւ երթեւեկ:
Այս ուսուցիչը բացառութիւն մը չէ, այլ ան 21-րդ դարու ուսուցիչին խորհրդանիշն է` մանկավարժ մը, որ կը գործէ մասնագիտութեան մը մէջ, որ արմատապէս փոխուած է` թուայնացումով, կրթական բարեփոփոխութիւններով, նոր մեթոտաբանութեամբ եւ արհեստական բանականութեան արագ վերելքով:
20-րդ դարու ընթացքին եւ 21 դարու սկիզբը ուսուցիչը կը նկատուէր իբրեւ գիտելիքի հիմնական աղբիւրը: Տեղեկութիւնը կը գտնուէր դասագիրքերու մէջ, իսկ հեղինակութիւնը դասարանին մէջ կեանքի կու գար ուսուցիչին ներդրումով: Այսօր այդ մօտեցումը արմատապէս փոխուած է:
Միջազգային կազմակերպութիւններ, ինչպէս` ԵՈՒՆԵՍՔՕ եւ OECD (The Organisation for Economic Co-operation and Development), կը շեշտեն 21-րդ դարու հմտութիւններու զարգացման վրայ` քննադատական մտածողութիւն, համագործակցութիւն, ստեղծագործութիւն եւ թուային գրագիտութիւն: Գիտելիքը այլեւս սակաւ չէ, այլ առատ է եւ դիւրին ու արագ հասանելի ոչ միայն աշակերտին համար, այլ նաեւ` բոլորին: Ուսուցիչին առաքելութիւնը այլեւս միայն տեղեկութիւն փոխանցել չէ, այլ սորվեցնել` ինչպէ՛ս զտել տեղեկութիւնը, առաւել վստահ ըլլալ տեղեկութեան աղբիւրին ճիշդ ըլլալուն, նաեւ` վերլուծել ու պատասխանատու հարցումներ ուղղել: Այս նոր իրականութեան մէջ ուսուցիչը աւելի քիչ կը դասախօսէ, քան առաջ, այլ աւելի շատ կ՛ուղղէ: Ան կը դառնայ մենթորը, խորհրդատուն եւ կը դառնայ ուսումնական առողջ միջավայրի ճարտարապետը:
Առտուան ժամը 8:00-ն է, ուսուցիչը հոն է, պատրաստ կը դիմաւորէ իր առաջին դասարանը, արդէն քանի մը անգամ ան մտածած է իր դասարանին մասին: Իսկ անոր դասարանը կարծես ժամանակակից եւ սովորական հասարակութեան մը մանրապատկերն է, օրինակ` հոն կը գտնենք տաղանդաւոր աշակերտ մը, որ արագ կ’աւարտէ առաջադրանքները, նաեւ` դժուարութիւն ունեցող ընթերցող մը, որ միշտ աջակցութեան կարիքը ունի, ապա` ուշադրութեան կամ կեդրոնացումի պակաս կամ խանգարում ունեցող աշակերտ մը, ինչպէս նաեւ` նոր ներգաղթած աշակերտ մը, որ տակաւին կը սորվի որոշ լեզուներ, հոն կայ նաեւ լուռ աշակերտ մը, որուն ներքին աշխարհը անհանգստութիւն մը կը դիմագրաւէ: Ամենակարող ուսուցիչը այդ 50 վայրկեաններու ընթացքին կը տարբերակէ իր ուսուցումի կերպը, կը կառավարէ դասարանին վարքը, կը ներառէ արհեստագիտութիւն եւ կ՛արձանագրէ աշակերտներուն յառաջընթացը: Ան կը կիրարկէ համընդհանուր ձեւաւորման (UDL) սկզբունքները` ապահովելու համար դասանիւթին հասանելի ըլլալը տարբեր ձեւով սորվողներուն համար: Ուսուցումը այս պայմաններուն մէջ կը դառնայ մտային բազմակողմանի գործողութիւն:
Կը հասնի ժամը 11:30-ը. կէսօրին արհեստագիտութիւնը կը դառնայ առաջնահերթութիւն: Աշակերտները կը միանան առցանց հարթակին: ԱԲ-ով աշխատող գործիքը կ՛առաջարկէ անհատականացուած վարժութիւններ, որոնք հիմնուած են իւրաքանչիւր աշակերտի արդիւնքին վրայ: Ուսուցիչը կը տեսնէ բոլոր կարելիութիւնները, ինչպէս` անհատականացուած ուսուցում, անմիջական արձագանգ, լեզուական աջակցութիւն: Բայց ան նաեւ մտահոգ է: Արդեօք աշակերտները կը զարգացնե՞ն իրենց քննադատական մտածողութիւնը, թէ՞ անոնք մտածելու գործը կը յանձնեն մեքենային: Ինչպէ՞ս սորվեցնել արհեստական բանականութեան բարոյական օգտագործումը, երբ արհեստագիտութիւնը աւելի արագ կը փոխուի, քան` կանոնագիրները: Արդեօք այս յառաջացումը կը պակսեցնէ՞ ուսուցիչին բեռը, թէ՞ հակառակը, կ՛աւելցնէ անոր պարտականութիւներն ու ակնկալութիւնները:
ԱԲ-ն կրնայ բացատրութիւններ եւ պատասխաններ ստեղծել վայրկեաններու մէջ, բայց ան չի կրնար զգալ այն պահը, երբ աշակերտի մը լռութիւնը շփոթութիւն կը նշանակէ, ինչպէս նաեւ չի կրնար վստահութիւն ստեղծել կամ յոյս ներշնչել: Այստեղ ուսուցիչը կը դառնայ կամուրջ մը` ալկորիթմներու եւ մարդկային զարգացումին միջեւ:
Ապա կը հասնի ժամը 3:30. դասաւանդելը աւարտելէն ետք ալ մեր ուսուցիչին աշխատանքը չի դադրիր: Ան կը մասնակցի ժողովի մը` քննարկելու ուսանողական տուեալները: Արդիւնքները կը համեմատուին միջազգային չափանիշներու հետ, ինչպէս` Programme for International Student Assessment: Նորութիւններ ներբերելու եւ նման նոր նպատակներ կը սահմանուին: Տուեալները կրնան օգտակար ըլլալ, բայց անոնք նաեւ կրնան սահմանափակել ուսուցիչին ուսուցման եղանակը եւ դասարանի ու աշակերտի պահանջին ազատութիւնը: Ուսուցիչները յաճախ կը զգան, որ պէտք է հաւասարակշռեն իսկական դասարանի ուսուցումը եւ չափելի արդիւնքները: Մէկ կողմէ ե-նամակները կը շարունակուին` հոն ծնող մը կը հարցնէ գնահատականի մը մասին, տնօրէնութիւնը կը պահանջէ նոր զեկոյց, իսկ միւս կողմէ` մասնագիտական վերապատրաստման պարտադիր դասընթացք մը կը յիշեցուի: Իւրաքանչիւր պահանջ աւելի երկար աշխատանքի օր մը կը նշանակէ:
Վերջապէս կը հասնի ժամը 9:00, զոր կրնանք կոչել` անտեսանելի փուլը: Ընթրիքէն եւ իր երեխաներուն օգնելէ ետք, այս աննկուն ուսուցիչը դարձեալ կը բանայ իր համակարգիչը: Ան կը գնահատէ շարադրութիւնները, կը ճշդէ վաղուան դասը. այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ գրանցուիլ առցանց սեմինարի մը` կրթութեան մէջ ԱԲ-ի ներառումի մասին. ինչպէս նաեւ ան կը պատասխանէ ծնողներու նամակներուն` զգուշութեամբ ընտրելով բառերը: Այս է անտեսանելի աշխատանքը, զգացական եւ մտային ծանրաբեռնուածութիւն մը, որ հազուադէպօրէն կը նշուի պաշտօնական նկարագրութիւններուն մէջ:
Հետազօտութիւնները կը մատնանշեն, թէ ուսուցիչներու ծանր հեւքէն (burnout) աճող վտանգը. զգացական յոգնածութիւն, մասնագիտական արժէքի նուազում եւ հոգեբանական ճնշումի կ՛ենթարկեն զայն: Սակայն վիճակագրութիւնները չեն կրնար ամբողջութեամբ պատկերացնել այդ ապրուած իրականութիւնը:
Եւ այնուամենայնիւ, ուսուցիչը ամէն առաւօտ կը վերադառնայ նոր կորովով: Ինչո՞ւ` ըստ ձեզի:
Քանի որ կարդալու դժուարութիւն ունեցող աշակերտը վերջապէս կրցաւ պարբերութիւն մը գրել: Քանի որ լուռ աշակերտը կամաւոր պատասխանելով` սկսաւ մասնակցիլ դասարանային աշխատանքներուն: Քանի որ նախկին աշակերտ մը գրեց, որ դասարանի քննարկումները զինք ներշնչած էին: Հետազօտութիւնները կը հաստատեն, որ առողջ յարաբերութիւնները ուսուցման կեդրոնը կը դառնան, իսկ վստահութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը խորապէս կապուած են մտային զարգացման հետ: Այո՛, ԱԲ-ն կրնայ անհատականացնել բովանդակութիւնը, սակայն չի կրնար փոխարինել մարդկային ներկայութիւնը:
Արդէն գիշերը ժամը 10:45 է, աննահանջ ուսուցիչը վերջապէս կը փակէ իր համակարգիչը: Վաղուան դասը պատրաստ է` թուային գործիքներու եւ կենդանի քննարկումներու համադրութեամբ:
Ուրեմն 21-րդ դարու ուսուցիչը միայն փոփոխութիւններու չի յարմարիր. ան լաւ ձեւով կ՛իւրացնէ զանոնք, ապա կը թարգմանէ եւ կը մարդկայնացնէ այդ բոլորը նոր սերունդին համար: Երբ մեքենաները կը ստեղծեն պատասխաններ վայրկեաններու մէջ, ուսուցիչը կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս հարցնել այդ պատասխանները ստանալու համար: Եւ այդ աշխատանքը, որ լուռ, բարդ եւ խորապէս մարդկային է, երբեք այսքան կարեւոր չէ եղած, որքան` այսօր եւ գալիք սերունդներուն համար:
Այո՛, ես դարձայ ուսուցիչ եւ մանկավարժ. արդեօք որքա՜ն երազներ կապած էին մեր ընտանիքին անդամները օրին իմ ապագայիս հետ, բայց ես լաւ գիտեմ, որ այդ ասպարէզներէն ամէնէն ազնիւ եւ համեստ, բայց միեւնոյն ատեն ամենաքաջ ասպարէզը ընտրած եմ` շարունակելու մեր վարժապետներուն կտակը:
Լենա Պօղոսռան
Ազդակ







Մեկնաբանէ