
Պաքուի մէջ Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարներու դէմ կայացած ցմահ բանտարկութեան վճիռները դատական որոշումներ չեն։ Անոնք քաղաքական վրիժառութեան արարքներ են, ուղղուած ոչ միայն անձերու, այլ ժողովուրդի մը պատմական իրաւունքներուն դէմ։
Այս վճիռներով Ազրպէյճան կը յայտարարէ, որ ինքնորոշման գաղափարը յանցանք է, իսկ հայ ըլլալը՝ պատիժի արժանի վիճակ։
Միջազգային իրաւունքը այս բեմադրութեան մէջ ամբողջովին խախտուեցաւ։ Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը՝ ամրագրաւուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ բազմաթիւ միջազգային փաստաթուղթերով, ամբողջովին անտեսուեցաւ Արցախի պարագային։ Արցախի ժողովուրդը բազմիցս, յստակ եւ ազատ կամքով արտայայտեց իր քաղաքական կամքը։ Այսօր այդ կամքը կը ջնջուի, ոչ թէ բանավէճով, այլ բռնութեամբ՝ հազարաւոր անմեղ երիտասարդներու արեամբ, տեղահանութեամբ, հայաթափութեամբ եւ բանտով։
Պաքուի «դատավարութիւնները» կը հանդիսանան հայ ժողովուրդին դէմ դարերու ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան ամբողջական քաղաքականութեան մը օղակը՝ որ իր աւարտին հասցուց Արցախի ամբողջական հայաթափումը, բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը եւ այժմ՝ քաղաքական ղեկավարութեան դատապարտումը:
Մարդկային այս ողբերգութիւնը միջազգային իրաւունքի լեզուով կը կոչուի ցեղային զտում։ Ցեղային զտումի դէմ միջազգային ընտանիքի լռութիւնը յանցագործութիւն է։
Միջազգային ընտանիքը այս օրերուն ընտրած է ամօթալի լռութիւնը։ Անոնք, որոնք տարիներ շարունակ քարոզեցին մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան մասին, այսօր կը խուսափին յստակ բառերէ եւ պատասխանատու քայլերէ։ Ոչ մէկ պատժամիջոց, ոչ մէկ դատապարտում, ոչ մէկ պահանջ՝ գերիներու ազատ արձակման կամ դատավարութիւններու միջազգային վերահսկողութեան համար։ Այս բարոյական սնանկութեան ապացոյց մըն է։
Սակայն այս ողբերգութիւնը միայն արտաքին մեղաւորներ չունի։ Այն, ինչ այսօր տեղի կ’ունենայ Պաքուի մէջ, ազգային ստորացում է հայ ժողովուրդին համար։ Ստորացում՝ որովհետեւ մեր զաւակներն ու ղեկավարները կը դատապարտուին աշխարհի աչքին առջեւ, իսկ մենք կը շարունակենք վիճիլ, կոտորակուիլ, փոխադարձ մեղադրանքներով զիրար յօշոտել, բայց՝ լռել իրաւունքի առջեւ։ Ստորացում՝ որովհետեւ համազգային վտանգին դիմաց մենք չկրցանք ձեւաւորել միասնական քաղաքական եւ բարոյական ճակատ։
Այսօր դատապարտուած են ոչ միայն անհատներ, այլ նաեւ մեր հաւաքական յիշողութիւնը, մեր իրաւունքին հանդէպ մեր հաւատքը եւ մեր պահանջատիրութեան կամքը։ Եթէ չսթափինք այս պահուն, եթէ չվերագտնենք մեր միասնական ձայնը, ապա այս ցմահ վճիռները պատմական նախադէպի կը վերածուին՝ ուր անարդարութիւնը կը դառնայ ընդունուած իրականութիւն։
Արցախի հարցը փակուած չէ։ Փակուած կը դառնայ միայն այն ժամանակ, երբ մենք ընդունինք պարտադրուած լռութիւնը։ Իսկ լռութիւնը այսօր հաւասար է պարտութեան։ Հայ ժողովուրդը պարտաւոր է ըսելու՝ ոչ։ Ո՛չ ցեղային զտումին։ Ո՛չ ինքնորոշման իրաւունքի ջնջման։ Ո՛չ ազգային ստորացումին։
Այս պահը կը պահանջէ սթափում, համախմբում, ազգային արժանապատուութեան վերականգնում։ Միութիւն, զգաստութիւն եւ համազգային դիմադրութիւն՝ ահա միակ պատասխանը այս անարդար դատավճիռներուն։
Ահարոն Շխրտըմեան







Մեկնաբանէ