Ներիրանեան իրադարձութիւնները կը շարունակեն գերքաղաքականացուած մեկնաբանութիւններով յագեցնել մամուլի եւ տեղեկատուական ամէն հարթակ:

Տեղեկատուական եւ ապատեղեկատուական յորձանուտը պէտք չէ ներքաշուիլ եւ քաղաքական նկատումներէ մեկնած հանրային կարծիքի ստեղծման եւ անկէ անդին հակադարձ գործողութիւններու ենթահողի նախապատրաստուութիւնները պէտք է տեսնել այս բոլորին մէջ:

Յիշելը կարեւոր է, որ նման նախադէպեր արձանագրուած են Իրանի մէջ կենցաղային, ապա ընկերային եւ նոյնիսկ ազգային բնոյթ հաղորդելով այդ զարգացումներուն, որոնք աւելի ուշ վերահսկողութեան տակ առնուած են կեդրոնական իշխանութիւններուն կողմէ:

Դիտարժանը ա՛յն է, որ նախադէպերու պարագային, անոնք տեղի կ՛ունենային Իրանի հասցուած հարուածներէն առաջ: Այսինքն` այն օրերուն, երբ Իրանի արտաքին յենակէտերը այսօրուան պատկերը չէին պարզեր թէ՛ Կազայի, թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ:

Այս հանգամանքները կարեւոր է դիտարկելը, փորձել ընկալելու համար ներիրանեան զարգացումներու շարժառիթները, բայց մանաւանդ անոնց ուղղութիւնը եւ հասնելիք եզրագիծը:

Ըմբոստութիւններուն հիմնական պատճառը տնտեսական տագնապի խորացումն է եւ աւելի մասնակի` օտար արժոյթի գերարժեւորումը կամ իրանեան դրամանիշի մրցանշային արժեզրկումը:

Փորձ կատարենք, սակայն, այս երեւոյթներուն բուն շարժառիթները տեսնելու եւ անմիջապէս յիշենք թրքական դրամանիշի ոստոստումներն ու արժեզրկումները ամէն անգամ, որ Անգարան փորձ կը կատարէր տարբեր ուղղութիւններով Ուաշինկթընի գծած սահմանները հատելու: Աւելի քան պարզ էր, որ տնտեսական եւ ֆինանսական խնդիրներու ահագնացումը կը հեռակառավարուէր Միացեալ Նահանգներէն:
Հիմա, արտաքին միջավայրերու մէջ Իրանի ազդեցութեան գօտիները հարուածելէ ետք, Իրանին կը պարտադրուի ներքին ճգնաժամեր դիմակայել: Իսկ ամէնէն ազդեցիկ ձեւը ներհասարակական բողոքներ հրահրելու, տնտեսական տագնապի խորացումն է: Իրանի դէմ կառուցուած պատնէշները, մեկուսացնելու աշխարհաքաղաքականութիւնը, շրջապատումն ու տնտեսական պատժամիջոցները կը յանգին այս պատկերին:

Հիւլէական բանակցութիւնները գէթ պաշտօնապէս առկախուած են: Իրանին պարտադրուող պահանջներուն դիմաց Թեհրանի հիմնական առաջադրանքը տնտեսական ապաշրջափակումն է: Բանակցութիւններուն առընթեր, խոստումներ, կաթիլային կշռոյթով փոփոխութիւններ եւ առկախումներ կը յատկանշէին ամբողջ գործընթացը:

Պարզ է ուղերձը: Ընդառաջել պահանջներուն, որպէսզի թոյլնայ շրջափակման օղակը եւ որպէսզի հանդարտի հասարակութիւնը:

Ուաշինկթըն կը սաստկացնէ ոճը եւ կը սպառնայ: Եթէ պաշտօնական Թեհրանը կրակ բանայ ցուցարարներուն ուղղութեամբ, պիտի ստանայ Միացեալ Նահանգներու հակահարուածը: Թեհրան կը պատասխանէ. ամերիկեան հակահարուածը անպատասխան չի մնար. կը վտանգուի Միացեալ Նահանգներու շահերը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Ամերիկեան սպառնալիքներն ու կապերը կը նկատուին արտաքին միջամտութիւն ներիրանեան խնդիրներուն: Ուշագրաւ է Իրանի նախագահին յայտարարութիւնը, որ ըստ էութեան կը բնութագրէ ամբողջ գործընթացը:

«Եթէ մարդիկ դժգոհ են, ատիկա մեր յանցանքն է: Այստեղ Միացեալ Նահանգները կամ որեւէ մէկ այլ պետութիւն մեղադրելու հարց չկայ. պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն է»:

Իրանի նախագահը քաջատեղեակ է, որ իրանեան հասարակութեան բողոքի պատճառները կը հասնին մինչեւ պատժամիջոցներ եւ շրջափակում, որոնց հիմնական ճարտարապետը Ուաշինկթընն է: Վստահաբար քաջատեղեակ է նաեւ, որ արտաքին-ներքին ճնշումները համալիր ծրագիրի մը բաժիններն են: Այս բոլորով հանդերձ պատասխանատուութիւնը կը դնէ իրանեան իշխանութիւններուն վրայ` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներուն կամ այլ պետութիւններուն մօտ պէտք չէ փնտռել այս բոլորին պատճառները:

Այս յայտարարութիւնը ուղերձ է Միացեալ Նահանգներուն չմիջամտելու, չհրահրելու եւ չօգտագործելու ներիրանեան իրադարձութիւնները:

Այս մօտեցումը բաց կը պահէ հարցերու լուծման դիւանագիտական ուղին: Իսկ այդ ուղիի բաց մնալէն յատկապէս դժգոհ է Իսրայէլը, որ ամէն առիթի կը յայտարարէ, որ Թեհրան կը շարունակէ գերզինուիլ դառնալով սպառնալիք ամբողջ տարածաշրջանին:

Տարածաշրջանին մէջ Իրանի դերի վերասահմանում եւ վերաիմաստաւորում է, որ տեղի կ՛ունենայ: Արտաքին, բայց նաեւ ներքին ճնշամիջոցներով:

Այս բոլորին ետքը տակաւին յստակ չէ գործող համակարգի ճակատագիրը: Անշուշտ վերլուծական հրապարակումները խիստ քաղաքականացուած են: Կը խօսուի ներիրանեան պետական համակարգի երկփեղկուածութեան մասին. որոշ վերլուծաբաններ չեն բացառեր նոյնիսկ վարչակարգի փոփոխութեան շղթայական գործողութիւններու ամէնէն ցնցիչ արարներու հաւանականութիւնը:

Տեղեկատուութիւնը լիարժէք չ՛աշխատիր, մինչ Միացեալ Նահանգներ կ՛ազդարարե յատուկ արբանեակային միջոցներով լուսաբանել գետնի վրայ արձանագրուող իրադարձութիւնները: Միացեալ Նահանգներու նախագահը վերստին կ՛արծարծէ Իրանը հարուածելու կարելիութիւնը. այդ մասին որոշում կը սպասուի:

Իրանը թէ՛ միջինարեւելեան եւ թէ՛ հարաւկովկասեան տարածաշրջաններուն մէջ կը նկատուի գլխաւոր ուժ: Այս կարգավիճակը ունի նաեւ Թուրքիան, որ իր ազդեցութեան գօտիները ունի երկու տարածաշրջաններուն մէջ: Պարզ տեսութիւն է, որ գործակցելով հանդերձ, այս պետութիւնները կը նկատուին մրցակից` իբրեւ երկու տարածաշրջաններուն մէջ գործող գլխաւոր ուժեր: Նախապէս կար նաեւ երրորդ ուժը, որ երկու տարածաշրջաններուն մէջ կորսնցուցած է իր նախկին ազդեցութիւնը: Սուրիոյ վարչակարգին տապալումով փոխուած է Ռուսիոյ դերը տարածաշրջանին մէջ: Արցախի պատերազմի ընթացքը եւ անկէ ետք, յատկապէս Արցախէն ռուսական ուժերու հեռացումով, փոխուած է նաեւ այս պետութեան դերը Հարաւային Կովկասի մէջ:

Երկու տարածաշրջաններուն մէջ ալ Ռուսիոյ դերակատարութեան թողած բացը քաղաքական ընկալումով կը փորձէ զբաղեցնել Անգարան: Անգարան գործակցելով կը մրցի Ռուսիոյ հետ եւ կ՛աշխատի գրաւել այն տիրոյթները, որոնք նախապէս Ռուսիոյ կը պատկանէին: Իրանի պարագային քաոսացումը մտահոգիչ կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ համար`Իրանի քիւրտերու աշխուժացման հաւանականութեան հեռանկարը նկատի ունենալով: Առաջադրանքը` արտաքին առումով նախկին դիրքերը չպահող, բայց ներքին կայունութիւնը պահպանող Իրան մը ներկայ պահու դրութեամբ անհրաժեշտ է Թուրքիոյ համար: Քրտական նոր յենակէտերու յայտնուիլը բացարձակօրէն չի բխիր Անգարայի շահերէն:

Սուրիոյ պարագային եւս ռուսական յենակէտերու վերափոխումին դիմաց զգալի էր եւ կը շարունակէ զգալի դառնալ թրքական գործօնի տարածումը: Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր Հալէպի մէջ, փաստօրէն թրքական առկայութեան յաւելեալ հաստատումին կը նպաստէ, քրտական երեւոյթներու այդ շրջաններու մէջ չէզոքացման առընթեր:

Այլ հանգամանքներ կը պարզուին Իրանի դրացի Ատրպէյճանի համար: Իրանի մէջ ազերիական ծագում ունեցողներու «զարթօնք»-ի հեռանկարը, «Հարաւային Ատրպէյճան»-ի վարկածները մինչեւ երկրի մասնատում` քննարկման համար Պաքուի գերատեսչութիւններու սեղաններուն վրայ են: Մինչեւ իրենց առաջադրած միջանցքի կարգավիճակին դէմ եղող Իրանի տկարացումէն օգտուելու առիթ: Յստակ է Պաքուի ծայրայեղ զգուշաւորութիւնը դիրքորոշուելու եւ քայլ առնելու առումով, հակառակ Իսրայէլի հետ իր խորացուցած համագործակցութեան:

Հայկական կողմը այս հանգամանքները անպայման պիտի նկատէ` արձանագրելով, որ երկու տարածաշրջաններուն մէջ ալ Իրանի նահանջը նախ եւ առաջ Թուրքիոյ առաւելներ ապահովելու ենթահող կրնայ ստեղծել: Դիտարժան էր Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Երեւան, ապաշրջափակման օրակարգով: Իրանի համար այս թէժ օրերուն: Ցնցումնային այս փուլէն ետք, անպայման վերստին բանակցութիւններու զանգը պիտի հնչէ: Իրանի ապաշրջափակման համար Հայաստանը անշրջանցելի կենսաճանապարհ է: Իսկ Հայաստանի համար Իրանը էր եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ հիմնական շնչուղի:

Իրանի առաջադրած ապաշրջափակումի կենսաճանապարհներէն է Սիւնիքի անցքը: Իսկ ապաշրջափակումը կարեւորագոյն հանգոյցն է այս խնդիրներուն: Այս հանգամանքներով ալ ԹՐԻՓՓ-ի կառուցումը պէտք է ընկալել ամերիկեան վերահսկողութեամբ Իրանի ապաշրջափակումը:

Իրանի ուղղութեամբ ներքին-արտաքին ճնշումներու այս տարածաշրջանային քաղաքականութեան դիմաց չէին երեւիր հայկական կողմին հաշուարկները:

«Փրոքս»-ի կէտի չվերածուելու, Իրանի նման ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գործընկեր պետութեան շահերուն հարուածող դիրքի վրայ չըլլալու եւ հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն վարելու առումներով:

Շահան Գանտահարեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ