
Թուրքիա հայեւթուրք յարաբերութիւնները երբեք չի դիտարկեր իբրեւ երկու ինքնուրոյն պետութիւններու միջեւ ուղղակի երկխօսութիւն։ Ընդհակառակը՝ ան պայմանաւորուած է նախ Արցախի, իսկ 2020-էն ետք՝ ամբողջական կերպով Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական շահերուն հետ։ Այս իրողութիւնը կը բացայայտէ Թուրքիոյ հիմնարար ընկալումը Հայաստանի նկատմամբ՝ ոչ իբրեւ լիարժէք ինքնիշխան պետութիւն, այլ՝ տարածք, որուն վրայ համատեղ կը կիրարկուին Անգարայի եւ Պաքուի քաղաքական ու ռազմավարական համատեղ ճնշումները։
Հայեւթուրք բանակցութիւններուն մէջ «Ազրպէյճանի գործօնը» փաստացի կը նշանակէ Թուրքիոյ կողմէ ձեւակերպուած եւ գործադրուած ճնշումներ, որոնք ուղղակիօրէն կը ծառայեն Պաքուի պահանջներուն։
Հայաստան ինչպէ՞ս պէտք է ընկալէ այս իրականութիւնը եւ ինչպէ՞ս պէտք է յստակացնէ իր դիրքաւորումը։ Երեւան պարտի բարձրաձայնել այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ Թուրքիա գետնի վրայ կը գործադրէ «Երկու երկիր, մէկ ժողովուրդ, մէկ օրակարգ» սկզբունքը։ Թէեւ այս բանաձեւը միշտ չէ, որ պաշտօնապէս կը հնչէ, սակայն քաղաքական իրականութիւն է։ Այնքան ատեն, որ Հայաստան չի գիտակցիր իր դէմ ուղղուած այս համադրուած ռազմավարութեան, սխալ մեկնակէտէ պիտի շարունակէ գործել։
Հայեւթուրք բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ բոլոր նախաձեռնութիւններն ու առաջարկները օրինաչափօրէն կ՛ամբողջացնեն Պաքուի պահանջները, նոյնիսկ երբ բացայայտօրէն չի խոստովանիր այդ մէկը։ Այս պատճառով Հայաստան կտրականապէս պէտք է մերժէ յարաբերութիւնները երրորդ պետութենէ մը կախեալ ըլլալու սկզբունքը։
Դիւանագիտութեան հիմնական կանոններէն մէկը կ՛ըսէ՝ երկու պետութիւններու յարաբերութիւնները չեն կրնար պայմանաւորուիլ երրորդ կողմի շահերով։ Հայաստանի պարագային այդ երրորդ կողմը Ազրպէյճանն է՝ պետութիւն մը, որ բռնագրաւած է Արցախը, տեղահանած է ամբողջ արցախահայութիւնը եւ Հայաստանին կը պարտադրէ ծանր ու շարունակական զիջումներ։ Այս կախուածութիւնը մերժելի է՝ թէ՛ փաստաթղթային, թէ՛ ենթատեքստային, թէ՛ «նկատի առնենք նաեւ Պաքուի շահերը» ձեւակերպումով։
Թուրքիա–Ազրպէյճան զոյգը կը փորձէ Հայաստանը մղել հրաժարելու՝ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն եւ Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը հետապնդելէն, ընդունելու Ազրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան» մեկնաբանութիւնները, որոնք կը ծառայեն ապագայ յարձակումներու արդարացման, միանգամ ընդմիշտ փակելու Արցախի հարցը, հրաժարելու տեղահանուածներու վերադարձի պահանջէն, ընդունելու «Զանգեզուրեան միջանցք» գաղափարին տարբեր վերանուաճուած ձեւերը, սահմանափակելու հայկական բանակին թիւը եւ ինքնապաշտպանական կարողութիւնները:
Կքիլ վերոնշեալ կէտերէն որեւէ մէկուն առջեւ, կը նշանակէ հայկական պետութեան քայքայումը վաւերացնել:
Թուրքիա յաճախ կը փորձէ ներկայանալ բաղդատաբար «աւելի ճկուն» կողմ, իբրեւ միջնորդ, որ կրնայ մեղմել ազրպէյճանական պահանջները։ Այս պատկերացումը քաղաքական պատրանք է։ Թուրքիոյ ժպիտներուն ետին կը պահուըտի Պաքուի նպատակները սպասարկող նոյն արմատական ռազմավարութիւնը:
Հայեւթուրք երկխօսութիւնը չի կրնար ընթանալ ազրպէյճանական նախապայմաններով։ Այս կեցուածքը ոչ միայն դիւանագիտական դիրքորոշում է, այլեւ կենսական քայլ՝ պաշտպանելու Հայաստանի գերիշխանութիւնը, անվտանգութիւնը եւ ազգային արժանապատուութիւնը։ Ազրպէյճանի գործօնը կարելի է ընդունիլ միայն իբրեւ աշխարհաքաղաքական իրողութիւն, բայց երբեք՝ որոշում պարտադրող եւ օրակարգ թելադրող կողմ։
Տարիներ շարունակ Հայաստանի իշխանութիւնները Թուրքիոյ հետ քաղաքական շփումներ կը վարեն փակ դռներու ետին՝ առանց հանրային բացատրութեան, առանց յստակ օրակարգերու եւ առանց ազգային կարմիր գիծերու մատնանշման։ Տարածաշրջանը կը շարժի արագ փոփոխուող տրամաբանութեամբ, հայ ժողովուրդը կը մնայ անտեղեակ այն քննարկումներէն, որոնք կրնան ճակատագրական հետեւանքներ ունենալ։ Հայեւթուրք յարաբերութիւնները չեն կրնար կառուցուիլ միայն Երեւանի կարճատես սենեակներուն մէջ։ Միւս կողմէ, արդեօք որեւէ դերակատարութիւն չէ՞ վերապահուած Սփիւռքին՝ այս բոլորին մէջ: Սփիւռքը ունի ձայն, ունի կշիռ եւ պէտք չէ լռեցուի կամ անտեսուի։
Այսօրուան աշխարհաքաղաքական փոթորիկներուն մէջ Հայաստան կրնայ իր տեղը պահպանել միայն այն պարագային, երբ կ՛առաջնորդուի պատմական գիտակցութեամբ, ազգային արժանապատուութեամբ եւ պետական հեռատես մտածողութեամբ։
Այս հիմնարար հարցադրումը կը հատէ բոլոր դիւանագիտական գործընթացները, որովհետեւ առանց պատմական ճշմարտութեան ընդունման դժուար է ձեւաւորել արժանահաւատ եւ երկարատեւ կայունութիւն։
Հայեւթուրք յարաբերութիւններու ուսումնասիրութիւնը կը պահանջէ բազմակողմանի եւ համադրական մօտեցում։ Հարցադրումը չի սահմանափակուիր դիւանագիտական շփումներով, այլ կը ներառէ՝ պատմական արդարութեան չլուծուած ժառանգութիւնը, տարածաշրջանային ուժային վերադասաւորումները, միջազգային իրաւունքի դերակատարութիւնը: Թուրքիոյ աճող ռազմական ու քաղաքական ներկայութիւնը եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ուղղութեան վերիմաստաւորումը:
Հայեւթուրք յարաբերութիւններու հիմնական եւ անանցանելի խոչընդոտը կը մնայ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ անկէ բխող քաղաքական շարունակականութիւնը։
Այս համադրական դիտարկումը ցոյց կու տայ, որ ապագայի վերաբերեալ որեւէ իրատեսական մօտեցում կը պահանջէ երկու փոխկապակցուած առանցքներ․
Ա- Պատմական արդարութեան ամբողջական վերականգնում, որ միջազգային իրաւունքը եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման դրոյթները կը դարձնէ պարտադիր նախապայման,
Բ- Անվտանգութեան ու քաղաքական իրականութեան իրապաշտ գնահատում՝ նկատի ունենալով Հայաստանի պետական կարողութիւնները, տարածաշրջանային նոր զարգացումները եւ միջազգային համակարգին ներս ուժային հաւասարակշռութիւնը։
Պատմական արդարութեան շրջանցումով եւ անվտանգային հարցերու անտեսումով կառուցուած յարաբերութիւնները դատապարտուած են անկայունութեան եւ շուտափոյթ փլուզման։
Հայեւթուրք յարաբերութիւնները չեն կրնար կառուցուիլ թուլութեան վրայ, քաղաքական պատրանքներով կամ արտաքին ճնշումներով։
Անտեսել «Ազրպէյճանի գործօնը» կամ վերաձեւակերպել հայեւթուրք երկխօսութիւնը երրորդ կողմի ձեռքով՝ կը նշանակէ պետական ինքնասպանութիւն։ Հայեւթուրք բանակցութիւնները կրնան ընթանալ միայն Հայաստանի լիակատար գերիշխանութեան, բանակի եւ պաշտպանողական համակարգերու հզօր դիրքերուն վրայ, պատմական ճշմարտութեան անշեղ ընդունումով եւ միջազգային իրաւակարգի պաշտպանութեամբ։
Տարիներ շարունակ Հայաստան կը յայտարարէ, թէ պատրաստ է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմանի բանակցելու՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ կառուցողական կամքի եւ խաղաղութեան ձգտումի ապացոյց։
Այս յայտարարութիւնը, որքան ալ գեղեցիկ հնչէ միջազգային հարթակներու վրայ, իրականութեան մէջ կը թաքցնէ աւելի խոր ու մտահոգիչ ճշմարտութիւն մը։
Երբ Հայաստան կը մերժէ նախապայմաններ դնել, այս կը նշանակէ, թէ հայկական կողմը կանխաւ կը հրաժարի իր քաղաքական, պատմական եւ բարոյական պահանջներէն՝ մինչ Թուրքիոյ նախապայմանները ո՛չ միայն կը մնան անփոփոխ, այլ նաեւ կը շարունակեն գործել լռութեան մէջ։
Թուրքիոյ նախապայմանները չեն հնչեր, անոնք պարզապէս դարձած են պարտադրուած իրողութիւն։ Եւ եթէ Հայաստան շարունակէ այս ընթացքը՝ առանց կարմիր գիծի, առանց պատմական պատասխանատուութեան եւ առանց ազգային արժանապատուութեան յստակ ձայնի, ապա հարցը կը դադրի այլեւս դիւանագիտական ըլլալէ։ Հարցը գոյաբանական է․ ի՞նչ պետութիւն ենք եւ ի՞նչ գինով կը փորձենք գոյատեւել։
Այս ընթացքը այլեւս «խաղաղութեան քաղաքականութիւն» կոչելը ինքնախաբէութիւն է։ Խաղաղութիւնը չի կառուցուիր այն հիմքով, որ մէկ կողմը կը հրաժարի իր պատմութենէն, իր յիշողութենէն եւ իր իրաւունքէն, իսկ միւսը կը պահէ իր բոլոր պահանջները՝ անարտասան, բայց պարտադրող ձեւով։ Երբ պետութիւն մը կը սորվի մոռնալ իր անցեալը, իր զոհերն ու կորուստները՝ յանուն «նոր էջ»ի, այդ էջը երբեք սպիտակ չ՛ըլլար․ ան կը գրուի պարտութեան թանաքով։ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները այս ձեւով չեն մերձեցներ ժողովուրդները, այլ կը հաստատեն ուժի լեզուն՝ որպէս միակ ընդունելի սկզբունք։ Իսկ ուժի լեզուին հետեւողը միշտ ալ նոր պահանջներու դիմաց կը գտնուի։
Հետեւաբար, խնդիրը Թուրքիոյ նախապայմանները չէ միայն, այլեւ Հայաստանի կամքի բացակայութիւնը՝ զանոնք հրապարակաւ մերժելու։ Առանց այդ կամքի, ամէն «առանց նախապայմանի» յայտարարութիւն կը վերածուի ինքնակամ նահանջի, իսկ ամէն լռութիւն՝ ազգային պարտաւորութիւններու մոռացութեան։ Պետութիւն, որ չի համարձակիր իր պատմութիւնը պաշտպանել, վաղ թէ ուշ պիտի կորսնցնէ նաեւ իր ներկան։ Եւ այս իրողութիւնը ո՛չ դիւանագիտութիւն է, ո՛չ իրապաշտութիւն, այլ՝ քաղաքական ինքնալուծարում։
Ահարոն Շխրտըմեան







Մեկնաբանէ