
Իտալիա կոչ ըրած իր քաղաքացիներուն լքել Իրանը ապահովութեան նկատառումներով։
Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է որ Իրանի մէջ ներկայիս կը գտնուին 600 իտալացիներ, մեծ մասը՝ մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ։
Միաժամանակ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Իրանի մէջ ծաւալած ցոյցերուն բռնի ճնշումները եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները։







Մեկնաբանէ