
Իրանի կառավարութիւնը եռօրեայ ազգային սուգ յայտարարած է երկրին մէջ օրերէ ի վեր շարունակուող ցոյցերու ընթացքին զոհուածներու յիշատակին։ Տարածուած յայտարարութեան մէջ նշուած է թէ սուգ կը յայտարարուի «Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դէմ իրանական ազգային պայքարի ընթացքին» զոհուածներու յիշատակին։
Յայտնի է որ ցարդ զոհուած է առնուազն 38 իրանցի ոստիկան։
Արեւմտեան լրատուամիջոցները կը յայտնեն քանի մը հարիւր զոհի մասին։ Associated Press գործակալութիւնը հիմնուելով ցոյցերու կազմակերպիչներու տուեալներուն, կը յայտնէ թէ ցոյցերու հետեւանքով սպանուած է առնուազն 544 հոգի։
Բողոքի ցոյցերը սկսած էին 2025ի Դեկտեմբերի վերջերուն իրանական ռիալի կտրուկ արժեզրկման եւ թանկացումներուն պատճառով։ Աւելի ուշ բողոքի ցոյցերը սկսան ստանալ քաղաքական բնոյթ, թիրախաւորելով Իրանի ներկայ քաղաքական համակարգը:







Մեկնաբանէ