8 Փետրուար 1914-ին Օսմանեան կայսրութիւնը, եւրոպական պետութիւններուն եւ Ռուսաստանի ճնշումներուն տեղի տալով, իվերջոյ  համաձայնեցաւ բարելաւել օսմանեան քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն կացութիւնը՝ կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն մէջ[1]: Արեւելեան նահանգները Հայկական վեց վիլայէթներն էին:

Բարենորոգումները՝ ծանօթ նաեւ հայկական բարենորոգումներ անունով, կը պայմանադրէին Հայկական Վիլայէթները (ներառեալ Տրապիզոնի նահանգը) մէկտեղել երկու վարչական միաւորներու մէջ: Սվազի, Էրզրումի եւ Տրապիզոնի նահանգները պիտի դառնային առաջին, իսկ Խարբերդի, Պիթլիսի, Վանի եւ Տիարպեքիրի նահանգները՝ երկրորդ միաւորը: Հասկնալի է, այս նահանգներուն ամբողջութիւնը չէր որ պիտի մաս կազմէր այս երկու վարչական միաւորներուն, այլ այդ հայաբնակ նահանգներուն մեծագոյն մասը: Ասոնք պիտի կառավարուէին եւրոպացի երկու ընդհանուր քննիչներու կողմէ, պիտի ունենային համեմատական ներկայացուցչութեամբ տեղական խորհուրդներ, բնակչութիւնը – թուային  համեմատութեամբ – պիտի ընդգրկուէր տեղական ոստիկանութեան եւ տեղական կառավարման պաշտօններուն, օրէնքներն ու պաշտօնական յայտարարութիւնները պիտի հրատարակուէին տեղական լեզուներով եւս եւն.:

Փաստօրէն այս երկու շրջանները որոշ չափով պիտի դառնային Լեռնալիբանանի վարչական միաւորին նման բան մը, որով – գէթ վարչականօրէն եւ օսմանեան օրէնքով – պիտի երաշխաւորուէր տեղաբնիկներուն (իմա՝ գլխաւորաբար հայոց) կեանքի, ինչքի ու ներկայացուցչական ապահովութիւնը:

Հոլանտացի Լուի Քոնսթան Վեսթենենկը պիտի նստէր առաջին վարչական միաւորի կեդրոն Կարինի մէջ, իսկ նորվեկիացի Նիքոլայ Հոֆը՝ երկրորդ վարչական միաւորի կեդրոն Վանի մէջ:

Խանդավառուած այս մեծ յառաջընթացէն, որով իրապէ՛ս նոր արշալոյս կը բացուէր օսմանեան բռնակալութեան տակ հիւծող արեւմտահայութեան, Գահիրէի մէջ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչական ժողովը իր հերթական նիստին կը քննարկէր այս զարգացումը եւ կ’եզրակացնէր, թէ ճիշդ է որ այս բարենորոգումները չէին ընդգրկեր հայաբնակ Կիլիկիան, սակայն հետագային կրնային տարածուիլ նաեւ հայկական Կիլիկիոյ վրայ:

Ժողովը, առ ի պատրաստութիւն յուսալից այդ օրերուն, կը յառաջադրէ մասնագիտութեամբ գիւղատնտես, եգիպտաբնակ Ղազար Բօլատը (1861-1927)՝ ուղարկել Կիլիկիա, որ շրջի Չորք Մարզպան (ու հոն հաստատուած Քելէկեան որբանոցը, որ հիմնուած էր 1909-ի Կիլիկիոյ աղէտին հետեւանքով յառաջացած որբեր խնամելու համար), Մարաշ, Զէյթուն եւ հուսկ՝ Հաճըն ու շրջակայքը, քննէ եւ ուսումնասիրէ տեղի հայութեան ընկերային-տնտեսական եւ կրթական վիճակը, քննարկէ անոնց երկրագործական միջոցները, հողամշակման գիտելիքները, այդ բնագաւառներուն բարելաւման համար անհրաժեշտ կարիքները եւ իրատեսական առաջարկներ ներկայացնէ ՀԲԸՄ Վարչական ժողովին: Ժողովը կը յանձնարարէր նաեւ Բօլատը տեղեկագրելու ՀԲԸՄ Կիլիկիոյ մասնաճիւղերու վիճակին մասին եւ առաջարկներ ներկայացնելու անոնց զօրացման ու ՀԲԸ Միութեան եւ իր որդեգրած սկզբունքներուն տարածման համար:

Պատահական անձ մը չէր Բօլատ: Ան 1881-ին շրջանաւարտ եղած էր Ֆրանսայի երկրագործական վարժարանէն, պաշտօնավարած էր օսմանեան երկրագործական արհեստից պետական վարժարանը, բանտարկուած էր 1893-ին եւ 1896-ին, մեղադրուելով ռումբ շինելու յանցանքով, 1898-ին կարճատեւ շրջան մը հրատարակած էր երկրագործական խնդիրներ լուսաբանող «Հանրագիտակ» պարբերականը: Բօլատ շրջան մը ստանձնած էր Պոլսոյ հայ եւ թուրք կալուածատէրերու ագարակներու տնօրինումը եւ 1905-ին անցած՝ Եգիպտոս, ուր աշխատակցած էր ՀԲԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Միութիւն»ին՝ երկրագործական բնոյթի ուսումնասիրութիւններով:

Բօլատ իր պաշտօնակոչման նամակը կը ստանայ 30 Ապրիլ 1914-ին: 10 Մայիսին Գահիրէէն կ’ուղղուի Կիլիկիա, եւ Չորք Մարզպան կը հասնի 14 Մայիսին, որմէ երկու օր առաջ, 12 Մայիսին, Օսմանեան կայսրութիւնը յայտարարեր էր պարտադիր զինուորագրութիւն: Հոն կը մնայ 40 օր: 24 Յունիսին կ’անցնի Մարաշ, ուր կը մնայ միչեւ Յուլիսի կէսը, շուրջ 3 շաբաթ: Կը հասնի Զէյթուն, անցնելով շրջակայ հայկական գիւղերէն ու Ֆռնուզէն, մինչ 2 Օգոստոսին, Օսմանեան կայսրութիւնը գաղտնի համաձայնագիր կը կնքէր Գերմանիոյ հետ, որով անոնք դարձեր էին դաշնակիցներ: Բօլատ Հաճըն կը հասնի 3 Օգոստոսէն առաջ: Իսկ 3 Օգոստոսին յայտարարուած ընդհանուր զօարահաւաքի օրէնքին հիմամբ… ան կը ձերբակալուի, կը տարուի Սիս ու կը բանտարկուի, ապա կը ղրկուի Ատանա, ուր կարճատեւ բանտարկութենէ ետք, Սահակ Խապայեան  կաթողիկոսին միջամտութեամբ ազատ կ’արձակուի, կ’անցնի Մերսին, 19 Օգոստոսին կը հասնի Գահիրէ եւ 15 Հոկտեմբեր 1914-ին ՀԲԸՄ Կեդրոնական Վարչական ժողովին կը յանձնէ իր եռամսեայ ուսումնասիրութեան տեղեկագիրը:

7 տետրերու մէջ ամփոփուած 384 էջանի տեղեկագիրը պատրաստուած է բացառիկ բարեխղճութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ: Անոր 5-59 էջերը կը վերաբերին Չորք Մարզպանին, 60-83 էջերը՝ Քելէկեան որբանոցին, 80-104 էջերը՝ շրջակայ գիւղերուն, 105-180 էջերը՝ Մարաշին, 181-220 էջերը՝ վերջինիս շրջակայ հայկական գիւղերուն, 221-306 եւ մինչեւ 316-րդ էջը՝ Զէյթունին, Ֆռնուզին եւ մօտակայ հայկական քանի մը գիւղերուն, 317-344 էջերը՝ Հաճընին եւ շրջակայ գիւղերուն, իսկ 344-352 էջերը՝ կը ներկայացնեն ՀԲԸՄիութեան Կիլիկիոյ մասնաճիւղերուն համապատկերը: Տեղեկագիրին 7-րդ տետրը կ’ամփոփէ այս բոլորը՝ 32 էջերու մէջ:

Այստեղ, մեր նպատակը չէ ներկայացնել Բօլատի տեղեկագիրը[1], այլ լուսարձակի տակ առնել տեղեկագրին որոշ հատուածները եւ ամբողջ տեղեկագրին մէջէն կարմիր գիծի պէս անցնող Բօլատի կարգ մը կրկնուող ընդգծումները, որոնք կը հանդիսանան այս յօդուածին վերնագրային խորհուրդը:

Շուրջ 75 էջ գրելէ ետք Չորք Մարզպանի ու Քելէկեան որբանոցին առաւելութիւններուն, հնարաւորութիւններուն, թերութիւններուն եւ բարեկարգման կարելիութիւններուն մասին, Բօլատ, այս հատուածը կ’ամփոփէ հետեւեալ պարբերութեամբ. «Ապահովութիւն, եւ կրկին …ապահովութիւն: Միակ բաղձալի բանը, ամէն տեսակէտով ամէնէն կարեւորը, ամէն բանէ աւելի հարկեցուցիչ, ստիպողական եւ անհրաժեշտ պէտքն է որ կը պակսի այս երկրին մէջ, դժբախտաբար…»:

Անդրադառնալով Չորք Մարզպանի մերձակայ հայաբնակ Նաճարլը գիւղին, Բօլատ կը գրէ. «…գիւղը Ատանայի դէպքէն առաջ 100 տուն բնակչութիւն ունէր, ամբողջովին հայ: Այժմ հազիւ 40 տուն վերահաստատուած են, մեծ մասամաբ աղքատ …Վերադարձող տնուորները կը բնակին… աւերակներու մէջ:… Համիտեան շրջանին իրենց լաւագոյն հողերուն կարեւոր մէկ մասը բռնի կերպով գրաւուած է եւ Նաճարլըի կողքին թուրք գաղթականներու գիւղ մը հիմնած են»:

Բօլատ աւելի ետք կը գրէ. «Այս երկիրը՝ Կիլիկիան, հակառակ իր այնչափ այլազան ու արգասաբեր հողերուն, ընդարձակ տարածութիւններուն, ճոխ ու բազմազան բուսականութեան յարմարութիւններուն, շատ քիչ բնակչութիւն ունի. կարծես թէ երկիրը ամայի է. աշխատող ձեռքեր կը պակսին, որուն գլխաւոր պատճառը պէտք է վերագրել երկրին մէջ տիրող անապահովութեան…»:

Անդրադառնալով Մարաշին, Բօլատ կը գրէ. «Մարաշ երկար ատեններ կատաղի ոգորումներու, վայրագ փողոտումներու եւ արիւնահեղութեանց թատր դարձած է 17-րդ դարուն մէջերը: Երկու թշնամի ցեղերու միջեւ, որոնց մին՝ Զիւլքատրիյէ, որ ձորին արեւելեան կողմը կը տիրէր, իսկ միւսը՝ Պայազիտլի՝ արեւմտեան կողմը: Երկու կողմէն ալ սակայն միշտ տուժողները հայերը եղած են…: Դաշտերուն մէջ հայ գիւղեր չկան այժմ: 909-ի եւ մանաւանդ 96-ի կոտորածներէն առաջ տակաւին բաւական հայ գիւղեր կը տեսնուէին դաշտավայրերը: Բայց այժմ ամէնն ալ ջարդուած եւ իրենց հողերը բռնագրաւուած  ըլլալով, գոյութիւն չունին:- Տեղեկագրողը՝ երկար նկարագրութիւններէ ետք կ’եզրակացնէ.- Եւ այսպէս, տեղական սովորութիւնները, պետական օրէնքները, երկրին քաղաքական կացութիւնը, դրամատէրերու եւ հողատէրերու ծայրայեղ ընչաքաղցութիւնը եւ շահադիտութիւնը, գիւղացուն ալ տգիտութիւնը վրան բարդելով, ամէնքը միացած տզրուկի պէս գիւղացուն արիւնը կը ծծեն, երկիրը կը սնանկացնեն…- Բօլատ կը մեկնաբանէ,- տեղւոյն թուրք տարրը դժբախտաբար խաւար տգիտութեան մէջ է, մոլեռանդ, անհրապոյր, անարգական ու բռնապետական վերաբերում մը ունի հայերուն հանդէպ: Իսկ հայ տարրը գլխուն զարնուածի պէս շլմորուն, ահաբեկ եւ զգուշաւոր երեւոյթ ունի: Հին ռեժիմի սարսափի ուրուականը կարծես տակաւին կը յածի այս մթնոլորտին մէջ…խորացած վէրքեր, անհանդուրժելի ըլլալու աստիճան զրկանքներ, անապահովութիւն, վիճակի անստուգութիւն, բռնապետական ճնշումներ, ահաբեկումներ, հողային բռնագրաւումներ….այս ժողովուրդը (հայերը – Ա.Տ.) կ’ապրի յուսալքուած, ինքնավստահութեան ոգին թմրած, աչքերը յառած դէպ իր դիմացը բարձրացող մռայլ լեռները, անակնկալներէն նպաստաւորուելու երազներով եւ տրամադրութիւններով»:

Բօլատ կը նկարագրէ 300 հայ տնուոր հաշուող Ֆնտըճաք գիւղը եւ մշակը. «Թէեւ ժրաջան մշակ, բայց հող չունի, արտ չունի …-ու կը բացատրէ.- 1896-ի հայկական ընդհանուր կոտորածէն առաջ ֆնտըճաքցիները հողագործութեամբ կը պարապէին, Քզըլ Էնիշի կողմը տարածուած հովիտին մէջ… այս հովիտը թափուով իրենց կը պատկանէր…այն թուականէն իվեր (նկատի ունի 1896-ը – Ա.Տ.) հովիտը բռնագրաւուած է թուրքերէն...»:

Բօլատ կ’անցնի ապա Տերէ Քէօյ. «1909-ի դէպքին այս գիւղացիները իրենց գիւղի դիրքին անապահովութեան պատճառաւ Ֆնտըճաք ապաստանած են, եւ խուժանը իրենց տուները թալանած ու հրդեհած է:… Բոլորովին հողազուրկ գիւղ մը,- ու կը յաջորդէ Բօլատի բացատրութիւնը,- իր առջեւը կը տարածուի գեղեցիկ ձորահովիտ մը, որ դիմացի եզերքը բնակող թուրք գիւղացիներու կը պատկանի: Գիւղին կռնակը բաւական ընդարձակ լեռնամիջային դաշտագետին մը կայ ջրարբի, նոյնպէս թուրքերէն գրաւուած: Վերջապէս աջ ու ձախ, որ կողմ որ նայիս, քիչ շատ հերկելի եւ հողագործութեան յարմար հողեր թուրքերուն ձեռքը անցած է: Հետեւաբար յաւիտենական զրկուած են, այս գիւղացիները կ’ապրին բանուորութեամբ»:

Կարդացէք ի՛նչ կը գրէ Բօլատ, հայաբնակ Քեշիֆլի գիւղին մասին. …«909-ի ջարդին ժամանակ …խուժանը հազարաւոր անձերէ բաղկացած …տուները կը կողոպտեն,…կ’այրեն ու կը քանդեն ամէն ինչ որ կը գտնեն ու կը քշեն կը տանին գիւղին տաւարն ու եզները: Այս գիւղը այժմ կը բաղկանայ 70 տուներէ, կիսափուլ վիճակի մէջ շատերը: Չորս կողմը շրջապատուած են ջարդերու խուժանը կազմող թուրք գիւղերէ… (ընդգծումը ինձմէ – Ա.Տ.)»:

Գալով Զէյթունին, Բօլատ իմիջիայլոց կը գրէ. «Կ’ըսուի թէ հին ատենները Զէյթունի շուրջ բազմաթիւ մշակուած հնադարեան ձիթենիներ կան եղեր, բայց 1780-ին, Մարաշի կառավարիչ Էօմէր փաշա 7 ամիս Զէյթունը պաշարման վիճակի ենթարկելէ վերջ, երբ կը տեսնէ թէ տակաւին անկարելի կ’ըլլայ գրաւել զայն, իր բոլոր մաղձն ու կատաղութիւնը կը թափէ այդ ձիթենիներուն վրայ, զանոնք ջարդ ու փշուր ընել տալով իր զօրքերուն, ուրիշ շատ մը ծառերու եւ այգիներու հետ»: Աւելի ետք, Բօլատ կ’աւելցնէ որ զէյթունցիք «իրենց տարեկան սպառումին 100-ի 80-90-ը կը ներածեն…»:

Կատարենք վերջին դրուագի մը մէջբերումը՝ ամփոփելու համար դրուագներէն՝ մեզի փոխանցուած խորհուրդը: Թաշ Օլուքի մէջ, Հաճըն չհասած՝ «ցնցոտիներ հագած, բայց գեղեցկադէմ եւ դեղին մազերով 10-ամեայ տղեկ մը ցոյց տուին ինձ, որուն հայրը՝ Կարապետ, Ատանայի կոտորածին սպաննուած է: Իսկ մայրը այդ միջոցին իր երեք պզտիկները շալակը եւ թեւերուն տակ առած փախցուցած ատեն, վերոյիշեալ տղեկին աղիքները կը թափին, եւ հիմա փոշտանկութենէ (hernie) կը տառապի: Արդէն մայրերնին ալ վախէն մեռած ըլլալով, այդ երեք որբերը այժմ ամենաթշուառ վիճակի մէջ իրենց աղքատիկ մօրաքրոջ քով կը մնան:

Կարապետ իր ողջութեան, Թաշ Օլուքի կռնակը եւ անկէ 2 ժամ հեռի Եողուն Օլուք կոչուած տեղը 3000 արտավարէն աւելի անտառապատ գեղեցիկ արօտավայր մը ունէր կ’ըսեն, որ թափուով իրեն կը պատկանէր: Դէպքէն վերջը չերքէզները իսկոյն կը բռնագրաւեն արօտավայրը եւ այն կողմերը բնակող քիւրտերու կը ծախեն 100 ոսկիի: Բայց կառավարութիւնը գիտնալով խնդրոյն էութիւնը, քիւրտերուն ձեռքէն ետ առնել կը սպառնայ, իբրեւ կառավարութեան պատկանող անտէր գետին…: Քիւրտերը նեղը մնացած, կը պարտաւորուին կառավարութեան ալ 100 ոսկի վճարել…Այժմ արօտավայրը կը շահագործեն քիւրտերը իբրեւ իրենց կալուածը, մինչդեռ կալուածատուրքը (էմլաք վերկիսի) կ’արձանագրուի թշուառ եւ դժբախտ որբերուն վրայ:…»:

Վերոյիշեալ մէջբերումները նմոյշներու փոքր փունջ մըն են Առաջին Համաշխարհայինի նախօրեակին, հայ մշակին, չորքմարզպանցիին, մարաշցիին, ֆնտըճաքցիին, զէյթունցիին ու հաճընցիին հետ անոնց հողին վրայ իսկ անոնց հետ շփուած նախանձախնդիր, ականատես մտաւորական Բօլատին վկայութենէն կիլիկիահայոց կացութեան մասին[2]:

Բօլատ կ’ընդգծէ ապահովութեան, հողախլումի, ընչազրկումի, տգիտութեան, վախի ու սարսափի եւ հայուն յուսալքուածութեան, ինքնավստահութեան ոգիին թմրածութեան, դիմացը բարձրացող մռայլ լեռներէն եւ անակնկալներէն նպաստաւորուելու երազներու տրամադրութեան խնդիրները:

Դարձեալ կարդանք իր կատարած ընդգծելի գաղափարները, որոնցմէ է՛ն շատ կը շեշտուին անապահովութեան եւ հողազրկումի պարագաները:

Այսօր եւս հայ իրականութեան ներկայ գերազանց խառնիճաղանջութեան ու մեծաւմասամբ հայաստեղծ քաոսին մէջ վերոյիշեալ երկու պարագաները դարձեալ գլուխ կը ցցեն, կը ծառանան մեր առջեւ:

Հայութիւնը Ղազար Բօլատի ականատեսի վկայութենէն մինչեւ այսօր, 110 տարիէ իվեր կը դիմագրաւէ նո՛յն գերագոյն խնդիրները:

Կրնա՞նք եզրակացնել որ հայութիւնը ցարդ չէ յաջողած լուծել այս երկու խնդիրները: Թերի եզրակացութիւն է ասիկա, որովհետեւ մարդու կեանքին մէջ – առաւել եւս ազգերու կեանքին մէջ – ամէն ինչ յարաբերական է ու յարափոփոխ: Մնայուն, հաստատուն ու վերջնական ոչինչ կայ ու կը մնայ: (Բացառութիւն են թերեւս տեսլականները, որոնք կրնան բազմերես եւ բազմակողմանի մեկնութիւններու եւ սահմանումներու ենթարկուիլ՝ մի՛շտ պահպանելով, կորիզը, էութիւնը տեսլականին:)

Կրնանք ըսել, սակայն, հաւանաբար, որ անցնող 110 տարիներուն եղան ժամանակներ, երբ այս անապովութեան եւ հողազրկումի մարտահրաւէրները մասամբ յաղթահարուած էին:

Թերեւս այդ մասնակի յաղթահարումին պատճառներէն էին մեր յստակատեսութիւնը, օրակարգերու ռազմավարական առաջնայնութեան, առաջնահերթութեան մեր գիտակցումը, զգօնութիւնը՝ չշեղելու եւ չշեղեցնելու մենք զմեզ՝ մեր գոյաբանական խնդիրներու առերեսումէն, դիմագրաւումէն: Թերեւս նաեւ մեր իրատես մօտեցումը, որ բանաձեւուած է պատմահայր Խորենացիի կողմէ, թէ՝ «Թէեւ փոքր ածու ենք … յաճախ ալ բազմիցս գրաւուած օտարներէ, սակայն բազում գործք քաջութեան գործուած են նաեւ մեզ մօտ, որոնք արժանի են յիշատակուելու…» եւ մեզ այս վտանգաւոր խարխափումէն դուրս բերելու:

Նոր տարուան այս օրերուն բարեմաղթանքս է որ մենք Բօլատի նշած հայկական տգիտութիւնը վանենք, թօթափենք մեզմէ, զգօն ըլլանք եւ յստակատեսութեամբ ընտրելէ ետք մեր ազգային օրակարգերը, ըստ առաջնահերթութեան, չշեղինք ու չշեղենք մենք զմեզ այդ սրբազան օրակարգերէն:

[1] Այդ նահանգներուն մէջ տարբեր համեմատութիւններով կային մեծաթիւ հայեր եւ յոյներ ու ասորի, քաղդէացի եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններ:

[2] Խմբ.- Կը կարծենք որ էական անհրաժեշտութիւն է հրատարակել ցարդ անծանօթ այս տեղեկագիրը թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ անգլերէն: Այնտեղ ուսանելի շատ բան կայ առաջին համաշխարհայինի վաղորդայնին կիլիկիահայութեան ընկերատնտեսական, կրթական եւ հոգեբանական վիճակին մասին եւ կարելի է շատ դասեր քաղել անկէ:

[3] Արդար ըլլալու համար ըսենք, որ Բօլատ ցաւագին տրամադրութեամբ կը նկարագրէ նաեւ այլ վատթար իրավիճակներ: Զանոնք այստեղ չենք մէջբերեր առաւել չծանրաբեռնելու համար գրութիւնը:


Անդրանիկ Տագէսեան
Արարատ

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ