Հայերէնի թարգմանուեր է Քարլ Ֆլէշի կոթողական գործը՝ «Ջութակ Նուագելու Արուեստը»։ Այս աշխատութիւնը ջութակահարներուն կրթութեան վերաբերող հիմնարար դասագիրք է, որ կը պատասխանէ գործիքին տիրապետելու բոլոր հարցումներուն։ 

Գիրքը առաջին անգամ հրատարակուած է 1923ին եւ կը կիրառուի ամբողջ աշխարհի երաժշտական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ։

Հայերէն հրատարակութիւնը իրականացած է Պերլինի Ries & Erler հրատարակչութեան հետ կնքուած պայմանագիրով։ Նախագիծը իրականացած է Primavera Foundation of Armenia բարեգործական հիմնադրամի կողմէ Հայաստանի  ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի  հետ համատեղ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ