Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին (World Economic Forum) (22 Մայիս 2025) հրապարակած եւ 3 Յունիսին վերաթարմացուած մէկ յօդուածին մէջ, Education 4.0 ծրագրի ղեկավար Թանիա Միլպըրկ կ’ընդգծէ, որ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) գրագիտութիւնը այլեւս մասնագիտական երկրորդական հմտութիւն մը չէ, այլ՝ կրթական առաջնահերթութիւններէն մէկը։ «Ինչո՞ւ ԱԲ գրագիտութիւնը այլեւս հիմնական պահանջ մըն է կրթութեան մէջ» խորագրեալ յօդուածը ուղղակի արձագանգ մըն է այն խոր փոփոխութիւններուն, որոնք ԱԲ-ն կը բերէ աշխատանքի շուկային, կրթութեան եւ ընդհանրապէս մեր առօրեայ կեանքին մէջ։

Յօդուածը կը հիմնուի Համաժողովին՝ «Աշխատանքի Ապագան – 2025» տեղեկագրին վրայ, ըստ որուն, ԱԲ-ն մօտիկ ապագային պիտի փոխէ գրեթէ բոլոր ոլորտները եւ պիտի փոխակերպէ այն մեթոտները, որով մարդիկ գիտելիք ձեռք կը բերեն, կը մշակեն ու կը գործածեն։ Միլպըրկ կը զգուշացնէ, որ մինչ արհեստագիտութիւնները շատ արագ կը զարգանան, կրթական համակարգերը ետ կը մնան, եւ այս խզումը լուրջ վտանգներ կրնայ ստեղծել նոր սերունդներուն համար։

Այս մտահոգութիւնը կը հաստատուի նաեւ վիճակագրութիւններով։ 2024-ին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ Զ սերունդին (Generation Z – «թուայնացած աշխարհի քաղաքացիներ», «համացանցի եւ խելախօսներու բարեկամներ») շուրջ կէսը դժուարութիւն ունի քննականօրէն գնահատելու ԱԲ-ի արդիւնքները, ներառեալ՝ անոր հնարամտութիւնը, կեղծ տեղեկութիւն ստեղծելու կարողութիւնը եւ կողմնակալութիւնը։ Այս պայմաններուն մէջ, Միլպըրկ կը շեշտէ, որ ԱԲ-ի պատասխանատու գործածութիւնը պէտք է դասաւանդուի դպրոցական տարիքին, ոչ թէ օգտատիրոջ ձգուի «փորձելու եւ սխալելու» փորձարկումը։

Յօդուածին առանցքը կը հանդիսանայ նորաստեղծ «ԱԲ գրագիտութեան շրջագիծը»՝ ուղղեցոյց մը նախակրթարանէն մինչեւ 12-րդ դասարանի համար (AI Literacy Framework – AILit), որ մշակուած է Եւրոպական Յանձնաժողովին եւ Տնտեսական Համագործակցութեան եւ Զարգացման Կազմակերպութեան (OECD) կողմէ՝ Code.org-ի եւ միջազգային փորձագէտներու աջակցութեամբ։ Այս շրջագիծը կը սահմանէ ԱԲ գրագիտութիւնը ոչ միայն իբրեւ գիտելիք, այլ նաեւ՝ հմտութիւններու եւ արժէքային մօտեցումներու ամբողջութիւն մը, որ պիտի օգնէ աշակերտներուն կողմնորոշուիլու ԱԲ-ով ձեւաւորուած աշխարհին մէջ։

AILit-ը կը կառուցուի չորս գործնական ոլորտներու շուրջ․

  1. ԱԲ-ով ներգործել եւ անոր արդիւնքները գնահատել քննականօրէն,
  2. ԱԲ- ով ստեղծագործել,
  3. ԱԲ-ին գործեր վստահիլ գուշօրէն եւ վերահսկել անոր գործողութիւնները,
  4. ԱԲ համակարգեր ծրագրել կամ զանոնք յարմարեցնել առօրեայ խնդիրներ լուծելու։

Այս չորս ոլորտները կը պահանջեն 23 գործնական հմտութիւններ եւ դասարանի համար պատրաստուած ուսումնական ուղեցոյցեր, որոնք այս շրջագիծը (AILit) ոչ միայն կը դարձնեն տեսական փաստաթուղթ մը, այլ նաեւ կենդանի ուսուցման միջոց մը:

«AILit»-ը նաեւ կը համապատասխանէ Եւրոպական Միութեան ԱԲ-ի Օրէնքի 4-րդ յօդուածին, որ ԱԲ գործածող կառոյցներուն  կը պարտադրէ օգտատէրերու համապատասխան գրագիտութիւնը ապահովել։ Ան կը լրացնէ նաեւ Թուային Կրթութեան Գործողութիւններու Ծրագիրը (2021–2027) եւ կը հաստատէ, որ ԱԲ գրագիտութիւնը այլեւս միայն կրթական ընտրութիւն մը չէ, այլ քաղաքական եւ հասարակական պարտաւորութիւն։

Միլպըրկ կը շեշտէ, որ ապագայ աշխատուժը ոչ միայն կարիքը պիտի ունենայ ալկորիթմական մտածողութեան եւ ԱԲ համակարգերու հետ գործակցելու հմտութիւններու, այեւ մարդկային կարողութիւններու, զորս ԱԲ-ն ի վիճակի չէ փոխարինելու՝ բարոյական նորմերու գիտակցութիւն, կարեկցանք, անձնական դատողութիւն, համագործակցութիւն եւ քննական մտածողութիւն։ Համաժողովի տուեալներով՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն աշխարհի աշխատուժէն պահանջուած հմտութիւններուն մօտ 40 տոկոսը պիտի փոխուի, եւ այս փոփոխութիւնը կրթական համակարգերուն համար կենսական ազդանշան մըն է։

Ի վերջոյ, Թանիա Միլպըրկ կ’ըսէ, որ AILit-ը այլեւս ընտրութեան հարց չէ։ AILit-ը կու տայ անհրաժեշտ միջոցները, որ դպրոցները, կրթական եւ քաղաքական պատասխանատուները անցնին գործի։ Իսկ մնացեալը, ինչպէս ան կը շեշտէ, տեսլականը դասարանային գործնական կիրարկութեան վերածելու ծանր աշխատանքն է:


Վարուժ Թէնպէլեան
Տարբերակ 21

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ