
Քամպոտիոյ սահմանամերձ Օտտարմեանտիէի նահանգէն 11 հազար մարդ ստիպուած եղած է հեռանալ իր տունէն, Թայլանտի հետ պատերազմին հետեւանքով, կը հաղորդէ Fresh News։
Նախապէս հաղորդուած էր որ ռմբակոծումներու պատճառով, Քամպոտիոյ քանի մը նահանգներէն տարհանուած էր 1150 ընտանիք։
Թայլանտի եւ Քամպոտիոյ սահմանային շրջաններուն մէջ զինուորական գործողութիւններու սրացումը տեղի ունեցած է հանգստյեան օրերուն։ Կողմերը միմիանց մեղադրած են զինադուլը խախտելու մէջ, իսկ Թայլանտ օդանաւերով ռմբակոծած է Քամպոտիոյ տարբեր շրջաններ։







Մեկնաբանէ