Հոլանտայի կառավարութիւնը յառաջիկայ տարուայ առաջին եռամսեակին Ուքրանիոյ պիտի տրամադրէ յաւելեալ 700 միլիոն եուրօ, կը յայտնէ Dutchnews։

500 միլիոն եուրօ պիտի յատկացուի Պաշտպանութեան նախարարութեան պիւտճէէն, իսկ 200 միլիոն՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան։ 

Վարչապետ Տիք Շուֆը յայտնած է որ որոշումը պէտք է փոխանցել յաջորդ կառավարութեան, սակայն խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմող կուսակցութիւնները յայտարարած են որ պատրաստ են Դեկտեմբեր 9ին աջակցիլ առաջարկին։

Հոլանտայի կառավարութիւնը Ուքրանիոյ կը տրամադրէ տարեկան 3.5 միլիառ եուրօ, սակայն 2026ի պիւտճէէն 2 միլիոն եուրօ արդէն իսկ տրուած է այս տարի: 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ