
Ինտոնեզիոյ կառավարութիւնը պիտի ջնջէ հանքարդիւնաբերութեան արտօնութիւնները, եթէ յստականայ որ այդ գործունէութիւնը իրականացնող ընկերութիւնները խախտած են կանոնները Սումաթրա կղզիին վրայ, որ մեծ վնասներ կրած է ջրհեղեղի հետևանքով։
Հեղեղումներու պատճառով սկսած է նաեւ քննարկուիլ անտառահատման հարցերը։ Շատեր կը նշեն որ անտառահատումներն են պատճառը, որ տեղատարափ անձրեւները այսքան աղէտալի հետեւանքներ ունեցած են։
Իսկ հեղեղումներու եւ հողային սողանքների հետևանքով զոհերուն թիւը հասեր է 800-ի, 564 մարդ անհետ կորած է։
Սողանքներու հետեւանքով վնասուած են ելեկտրակայաններ, փակուած են մայրուղիներ, որու պատճառով փրկարարներու աշխատանքը աւելի կը դժուարանայ։







Մեկնաբանէ