
Մէկ տարի առաջ այս օրը դիմատետրի (Ֆէյսպուք) վրայ անխափանօրէն սկսաւ գործել Անկախ Պլոկը։ Նախապէս երկու էջեր փորձարկուած էին, սակայն անոնք փակուած էին մեզի անհասկնալի պատճառներով։
Մէկ տարի շարունակ, ամէնօրեայ կարճ եւ կարեւոր լուրերով, բովանդակալից յօդուածներով, դիմատետրի վրայ եղած նշանակալի գրառումներով եւ այլազան նիւթերով եւ տեսաերիզներով թարմացուցինք մեր էջը, հաղորդ պահելով մեր հետեւորդները հայ կեանքի կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն եւ անոնց մասին կատարուած սթափ վերլուծումներուն, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն, որոնք անպայմանօրէն իրենց անդրադարձը կ՛ունենան մեր հայրենիքին եւ սփիւռքեան գաղութներուն կեանքին վրայ։
Ինչպէս մեր մեկնարկի առաջին խօսքին մէջ ըսած էինք, ճամբայ կ՛ելլենք նպատակ ունենալով Հայասռանի թէ սփիւռքի հայութեան մարտահրաւէրները լուսարձակի տակ բերելու, քննարկումներ առիթ տալու, հակադիր տեսակէտներ մէկտեղելու եւ լուծումներ որոնելու հայութեան հետ առընչուող բոլոր տեսակի խնդիրներուն։
Այս իմաստով ալ մեր էջը կը յատկանշուի բազմակարծութեամբ, նոյնիսկ իրար հակադրուող կամ հակասող մտքերով եւ տեսակէտներով։ Որովհետեւ կը հաւատանք որ հայ հասարակութիւնը իր խնդիրներուն լուծումներ բերելու համար պէտք է առաջին հերթին լսէ ուրիշին տեսակէտը, քննարկէ հարցը իր ամբողջական պարունակին մէջ եւ միայն այդ պարագային կրնայ արդիւնաւէտ եզրայանգումներ կատարել։ Հանդուրժողականութիւնը հիմքն է մեր բարօր ապագային։ Միշտ տեղ տուինք դրականին, ազգայինին եւ շինիչ գաղափարներուն, հեռու մեր առօրեան պղտորող հայհոյախառն բառամթերքէն։
Նոյն ոգիով եւ նոյն սկզբունքով պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը, ի սպաս աւելի կազմակերպ եւ ուժական սփիւռքի եւ հզօր եւ բարգաւաճ Հայաստանի։







Մեկնաբանէ