Տարիներէ ի վեր քալած ճամբուս վրան էի, երբ յանկարծ դէմս կանգ առաւ անծանօթ երիտասարդ մը, որ ծանօթի մը պէս, այնքան համարձակ երեսս ի վեր նայելով՝

 – Դո՛ւն քանի՞ տարեկան ես, հարցուց:

Լսածիս ու տեսածիս դիմաց անակնկալի եկած պահ մը շուարեցայ, բայց անմիջապէս՝

 – Մազերուս ճերմակ գոյնը քեզի համար ցուցանիշ մը չէ արդեօ՞ք, ժպտալով պատասխանեցի:

 – Այո՛, գիտեմ, մօրս տարիքով պէտք է ըլլաս, բայց ինծի պէս ամէն օր այս հանրային պարտէզէն տակաւին այնքան ամուր քայլերով կը քալես, մինչ մայրս տան մէկ սենեակէն միւսը երթալու համար դժուարութիւն ունի:

 – Մաղթեմ, որ մայրդ ալ օր մը ուզածիդ պէս կը քալէ, ըսի ու յաջորդ օր, վստահաբար ծանօթներու պէս զիրար տեսնելու յոյսով իրարմէ բաժնուեցանք։

Բայց այդ մէկը չիրականացաւ ու պիտի չիրականանայ կարծես․ վերադարձիս՝ տան փողոցի մայթին վրայ ինկած էի, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ես ալ չեմ գիտեր, բայց շատ լաւ գիտեմ, որ երկու հարեւաններուս օգնութեամբ մտայ տուն, ուր անմիջապէս հեռաձայնս հնչեց՝ տան կողքին զետեղուած տեսախցիկէն Յակոբ եղբայրս ամէն ինչ տեսնելով՝

 – Թեւդ մտած այդ երկու այր մարդիկը որո՞նք էին, հարցուց։

Կատակելու տրամադրութիւն չունէի, այլապէս՝

 – Երկու «պոյֆրենտներ»ս են, չճանչցա՞ր, պիտի պատասխանէի, բայց փոխարէնը՝ շնչասպառ կարճ ու կտրուկ բացատրութիւնս անգամ ընդմիջած՝

 – Ես ճամբայ ելայ, կէս ժամէն քովդ կ՛ըլլամ, ըսաւ:

 – Մի՛ մտահոգուիր, տունն եմ արդէն, պատասխանեցի, բայց ինծի մտիկ ընողը ո՞վ է…

Շատ չանցած, քրոջս ու քեռայրիս հետ միասին, երեքով ներս մտան ու իմ փոխարէն որոշում առած՝ շտապ օգնութեան ինքնաշարժով զիս փոխադրեցին հիւանդանոց, ուր նախնական քննութիւններէն բացայայտուեցաւ, որ կրնայ ըլլալ որ կոնքի ոսկորի կոտրուածք կամ ճեղքուածք կրնայ ըլլալ, իսկ յստակացման ուղղութեամբ երբ բժիշկին հարցուցի․

 – Երկուքն ալ նոյնն են, պատասխանեց, կոտրուածքը՝ ժողովրդական, իսկ միւսը՝ բժշկական ըսելաձեւն է միայն, ուրիշ ոչինչ, բայց հիմնականը՝ եղածը աչքովս տեսնելն է, որպէսզի ընելիքս գիտնամ, շարունակեց՝

 – Կամ կէս ժամէն ամէն ինչ կը վերջանայ, կամ ալ ժամանակը երկարաձգելով, կը շարունակեմ, ու ամբողջ ոսկորդ մետաղեայ արուեստականով մը կը փոխարինեմ, աւելցուց:

 Հոս երեսս թթուեցուցած միւս կողմ դարձուցի, ու «արդեօ՞ք առաջուան պէս պիտի քալեմ»ի հարցականը մտքիս մէջ, աչքերս վեր բարձրացուցած՝ Աստուծոյ վստահելով՝ առանց երկրորդ հարցում մըն ալ հարցնելու՝

 – Ըրէ՛ք, այն ինչ որ ճիշդ կը դատէք, ըսի ու մտայ վիրահատութեան սենեակ, ուր ինծի վիճակուածը առաջին տարբերակը եղաւ, որուն համար ինքզինքս բախտաւոր զգալով՝ երկա՜ր շունչ մը քաշած՝ «Փառք քեզ Տէր» ըսի:

Դիւրին վիրահատութեամբ ամէն ինչ աւարտած չէր, վերջն էր անտանելին, երբ տասը օրուան համար ինծի քալել վարժեցնելու նպատակով զիս փոխադրեցին վերականգնողական կեդրոն, ուր 80 կամ աւելի թէ նուազ տարիք ունեցող ծեր-ծերուհիներու հանդիպած՝ մինչեւ օրս չտեսածս տեսայ․ այդ մէկը բարեբախտութի՞ւն նկատեմ, թէ դժբախտութիւն, չեմ գիտեր, բայց հաստատ գիտեմ, որ դիտողի մը համար, իւրաքանչիւր հիւանդ ինքնին գիրք մը գրելու նիւթ կրնայ դառնալ…:

Բթացած զգայարանքներու հետ գրեթէ բանականութիւնն անգամ կորսնցուցած՝ կ՛ուտե՞ն թէ չեն ուտեր, դիմացինը կը ճանչնա՞ն թէ չեն ճանչնար, միեւնոյնն է, իրենց դէմքին վրան գծագրուած ժպիտն անգամ հաւաքելու անկարող, ամէն ինչէ դժգոհ, խօսելու փոխարէն կը ճչան, իսկ ուրիշներ պապանձած՝ միայն չորս կողմ նայելով՝ առ յաւէտ լռած էին կարծես: Այս պատկերին դիմաց տակն ու վրայ եղած՝ յիշողութեանս ծալքերէն անմիջապէս դուրս եկաւ աշակերտական սեղաններուն վրան սորված՝ արաբ մեծ բանաստեղծ՝ Զուհէյր Ըպն Ապի Սուլմայի մէկ տողը, որուն իմաստը թարգմանաբար ու մօտաւորապէս հետեւեալն է.

«Զզուեցայ կեանքի պարտաւորութիւններէն, իսկ այն, որ 80 տարի ապրած է իր կեանքէն, կամքէ անկախ՝ կը զզուի»:

Իրենց հաշւոյն յուզուած՝ անմիջապէս հիւանդապահուհիէն խնդրեցի վերադառնալ սենեակս, ուր հազիւ հասած՝ պատուհանս բացի ու արեւի տաքուկ ճառագայթներուն տակ նստած՝ դուրս դիտելով՝ տեսայ երթեւեկը ինքնաշարժներուն, տեսայ անոնցմէ վար իջնող ու անոնց մէջ նստող, գործի երթալու համար կեանքով լեցուն շարանը վազվզողներուն…:

Չէ՞ որ ես ալ իրենց պէս էի… ու յիշատակներովս հոն վերադարձած՝ պահ մը ուրախացայ, մանաւանդ այն ատեն, երբ աչքիս առջեւ մէկիկ-մէկիկ պատկերացան բոլոր անոնք, որոնք իրենց 90 կամ նոյնիսկ աւելի տարիքին, տակաւին կը ստեղծագործեն, իրենց կեանքի փորձառութեամբ ճիշդ կարծիք կը յայտնեն, ամէն ինչ ու ամէն բան լաւագոյն ձեւով կը չափեն, կը կշռեն, կը դատեն ու կը քննադատեն, ու զանոնք քանի մը սենեակ անդին հանդիպած տարեցներուն հետ բաղդատած՝ այս երկու ծայրայեղութիւններուն դէմ, լաւատեսութեան հեռանկարով մը, իմ շատ սիրելի բանաստեղծ Զուհէյր Ըպն Ապի Սուլմային հետեւեալը կ՛ըսեմ,

«Գրած ամէն մէկ բառդ յարգելով հանդերձ, վաղը՝ չեմ գիտեր, բայց այսօր հետդ համաձայն չեմ»:

Մատլէն Մարտիրոսեան
Ասպարէզ


 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ