Ամէն տարի կը կատարուի կնոջ նկատմամբ գործուած բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւ մը, որ կը սկսի 25 նոյեմբերին եւ կ՛աւարտի 10 դեկտեմբերին: Այդ մէկը կը զուգադիպի ՄԱԿ-ի ճշդած Մարդկային իրաւունքներու օրուան: Այս թուականները ընտրուած են, որովհետեւ կնոջ նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարը կը բխի մարդկային իրաւունքները յարգելու սկզբունքէն:

Արշաւը սկսած է 1991-ին ՄԱԿ-ի անդամ տարբեր երկիրներու մէջ` պետական եւ ոչ պետական շրջանակներու կողմէ, նաեւ` համալսարաններու մէջ: Իւրաքանչիւր տարի տարբեր բնաբանի մը շուրջ լուսարձակի տակ կը բերուի նոր բռնութիւն մը` նախորդ բնաբանները վերարծարծելով:

Պատմական այս արշաւը սկսած է, երբ Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ բռնատէր Ռաֆայէլ Թրուճիլլօ բռնաբարեց, չարչարեց եւ սպաննեց Միրապել ընտանիքէն երեք քոյրեր, որոնք ըմբոստացած էին տիրող քաղաքական անհաճոյ պայմաններուն դէմ:

Այս դէպքը սարսափ եւ զարհուրանք պատճառած էր մարդկութեան:

Այս մասին 1994-ին տպագրուած էր գիրք մը, իսկ 2001-ին պատրաստուած էր ժապաւէն մը` «Թայմ աֆ տը պաթըրֆլայզ» խորագիրով, որուն մէջ հերոսներու դերեր ստանձնած էին լիբանանեան ծագում ունեցող հանրածանօթ դերասանուհի Սալմա Հայեք եւ դերասան Մարք Անթընի:

Այս տարուան համար ընտրուած բնաբանն է` «Միանանք բոլորս կիներու եւ աղջիկներու նկատմամբ թուային բռնութեան դէմ» (Unite to end  Digital violence against all women and girls):

ՄԱԿ-ի` Փեքինի Միջազգային ժողովի 30-ամեակին առիթով այս տարի կազմակերպուեցաւ «Unite 2025» խորագիրով արշաւ մը, որուն գլխաւոր նպատակն է դադրեցնել թուային բռնութիւնը կիներու եւ աղջիկներու նկատմամբ, որովհետեւ այս մէկը աշխարհը ոտնձգութիւններու եւ բռնութիւններու ականապատ դաշտի վերածած է:

«Unite 2025»-ին կարգախօսն է` «Առցանց բռնութեան համար արդարացոմ չկայ»: ՄԱԿ-ի վիճակագրութեան համաձայն, աշխարհի մէջ միլիոնաւոր կիներ (իւրաքանչիւր երեքէն մէկը) ենթարկուած է նման բռնութեան:


Բջիջային հեռաձայններու կամ համակարգիչներու փոքր պաստառներուն հաղորդագրութիւնները կամ մեկնաբանութիւնները շատ յաճախ կը վերածուին սպառնալիքներու եւ բռնութեան անհաճոյ արտայայտութիւններու: Սուտ խօսքերը կը տարածուին երկվայրկեաններու մէջ` մեծ աւերներ գործելով:

Ի՞նչ են թուային բռնութիւնները.

– Անհաճոյ եւ անձնական նկարներու ցուցադրութիւն` փոխվրէժի համար,
– Սայպըր բռնածաղր եւ առցանց սպառնալիքներ,
– Առցանց սեռային ոտնձգութիւններ,
– Արհեստական բանականութեամբ պատրաստուած սուտ տիպարներ, որոնք սեռային անպարկեշտ եւ անբարոյական պատկերներ են,
– Ատելութեան խօսքեր ընկերային ցանցերու վրայ,
– Հետեւիլ ու հալածել անհատի գործերը` դարձեալ ընկերային ցանցերու վրայ եւ այլն:

Թէեւ այս բոլորին վնասը կրնայ ըլլալ առցանց, սակայն անոնց ցաւալի հետեւանքները կը կրէ անձը: Թափանցելով տուներէ եւ աշխատավայրերէ ներս` կը տարածուին տգեղ երեւոյթներ, անհատական հիւանդագին պատկերներ կը ստեղծուին, նաեւ ատելութեան դրսեւորումներ կը կատարուին տղամարդոց կողմէ կիներու դէմ:

Միւս կողմէ` թուային աշխարհը կը քանդէ ընտանեկան սրբութիւնները, եւ ընկերային ցանցերը կը դառնան manosphere, այսինքն` այր մարդու աշխարհ, ուր ան շատ յաճախ իր վտանգաւոր խորհուրդներով եւ առնական ազդեցութեամբ կը խաբէ անմեղ աղջիկներ եւ զանոնք կը վերածէ անմեղ զոհերու` ցոյց տալով, որ սեռային հաւասարութիւնը այրերը իրաւունքներէ կը զրկէ, ուստի պայքարելու եւ վրէժխնդրութեան ձեւեր կ՛որդեգրէ:

ՄԱԿ-ի վիճակագրութեան համաձայն`

–  Կիներու 1/3-ը իրենց կեանքին մէջ ենթարկուած են սեռային բռնութեան:
– Կիներու եւ աղջիկներու 16-58 առ հարիւրը (երկրին համեմատ) ենթարկուած է թուային բռնութեան:
–  Կիներու եւ աղջիկներու 90-95 առ հարիւրը ենթարկուած է կիներու սեռային պատկերներու հետապնդումներու` բռնի ուժով:

Այս իրականութենէն մեկնելով` ՄԱԿ ներկայիս մօտէն կը հետեւի թուային ապահովութեան հարցին: Դեկտեմբեր 2024-ին հրապարակեց բանաձեւ մը այս հարցին վերաբերող` ստիպելով պետութիւնները արագ եւ գործնական որոշումներ տալու այս ուղղութեամբ:

«Unite 2025» արշաւը այս առիթով կոչ կ՛ուղղէ բոլոր պետութիւններուն` քրէականացնելու թուային բռնութեան յանցագործները, պաշտպանելու կիներուն եւ աղջիկներուն իրաւունքները, նաեւ կոչ կ՛ուղղէ արհեստագիտական ընկերութիւններուն` աւելի ապահով հարթակներ պատրաստելու` թափանցիկ եւ յստակ հաշուետուութեան համար:

Յիշենք նաեւ, որ համալսարանները եւ դպրոցները դերակատար են եւ պարտին իրենց աշակերտները ուղղել` արդար եւ ճիշդ տեղեկատուութիւններ տալով առցանց եւ թուային գործածութեան վերաբերեալ:

Մէկ խօսքով, այս նիւթին առնչութեամբ ընդհանուր արթնութիւնը հրամայական է ընկերային շրջանակներէ եւ համալսարաններէ ներս, նաեւ կարեւոր է մղել երիտասարդ աղջիկներն ու կիները` անոնց դէմ պաշտպանուելու միջոցներ որդեգրելու:

Ի՞նչ պէտք է իմանայ իւրաքանչիւրը:

Այս տեսակի թուային բռնութիւններէ պէտք է հեռանալ, պէտք է զգուշանալ այդ հարթակներէն, որովհետեւ այդ բոլորը կիներուն առողջութեան կ՛ազդեն, կը կործանեն հոգեկան բարեկեցութիւնը: Վտանգներու պարագային պէտք չէ վախնալ, տատամսիլ, այլ պէտք է խօսիլ ազատօրէն եւ արտայայտել միտքերը:

ՄԱԿ-ը կը զգուշացնէ, որ կիներու նկատմամբ այս բռնութիւնը շատ արագ կը տարածուի, ուրեմն զայն կասեցնելը հրատապ է, ինչպէս նաեւ բռնութեան յանցագործները, թուային բռնութիւն թոյլատրողները, զանոնք ծանուցողները եւ անոնցմէ շահ ստացողներ հարթակները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին:

Արդ, գիտենք, որ 2030 թուականը ՄԱԿ-ի կողմէ ճշդուած կիներու եւ այրերու միջեւ հաւասարութեան տարի: Արդէն իսկ մօտ թուական մըն է, ուստի պետութիւնները պարտին քաղաքական յատուկ ծրագիրներ մշակել այս տեսակի բռնութիւններու դէմ:

Արաբական պետութիւններու պարագային, Լիբանանը ներառեալ, կիներու պետական մարմինը եւ Արաբական լիկային կնոջական մարմինը արդէն իսկ այս հարցին վերաբերող խորհրդաժողովներ կը կազմակերպեն, այս հարցին վերաբերող բանաձեւեր կը մշակուին կասեցնելու համար այս երեւոյթը զանազան շրջանակներու մէջ, գլխաւորաբար` համալսարաններու եւ երկսեռ աշխատավայրերու մէջ առաջնահերթութիւն նկատելով:

Այս բանաձեւերը պիտի օգնեն ընկերութիւններու մէջ մարդոց հասկացողութիւնը փոխելու, որպէսզի հաւասարութիւնը այր ու կնոջ միջեւ դառնայ ընկերային արդարութեան անհրաժեշտութիւն: Հետեւաբար խիստ կարեւոր է, որ ընկերութիւններու մէջ` դպրոցներ, համալսարաններ, մօտէն հետեւին պարմանուհիներուն` զգուշացնելով զանոնք թուային բռնութեան հետեւանքներէն:

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Միջարաբական երկիրներու կիներու խորհուրդի անդամ

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ