
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քլեմլինի մէջ ընդունած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը, կը տեղեկացնէ «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը:
Ռուսական կողմէն բանակցութիւններուն կը մասնակցին նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով, փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաք եւ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով։
Հունգարիոյ վարչապետը նշած է այս այցի կարեւորութիւնը ձմրան շեմին, իր երկրի համար ուժանիւթի անվտանգութեան եւ ելեկտրականութեան մատչելի գիներու ապահովման անհրաժեշտութիւնը հաշուի առնելով։







Մեկնաբանէ