Լոռիի Լեռնահովիտ համայնքի կազատար խողովակներու փոխարինման աշխատանքներու ընթացքին, քրիստոնէական քանդակազարդ կոթող յայտնաբերուած է։

Շինարարները տեղեկացուցած են համայնքային ոստիկանին, որ իր հերթին կապ պահած է «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարանների եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ին հետ։  

Պահպանութեան ծառայութեան մարզային աշխատակիցները գործուղուեր են Լեռնահովիտ՝ ուսումնասիրելու եւ մանրամասներ ճշդելու։ Քրիստոնէական պատկերագրութեամբ կոթողը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը վերաբերի վաղ միջնադարին։

Գրեթէ ամբողջական մէկ կոթողէն զատ, յայտնաբերուած են նաեւ առանձին կտորներ։ Շրջանի բնակիչներուն վկայութեամբ, առաջին դեպքը չէ, նախապէս խեցեղէնի կտորներ գտնուած գիւղի տարբեր շրջաններուն մէջ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ