Կազայի մարդասիրական հիմնադրամը (GHF), որ աջակցութիւն կը ստանայ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կառավարութիւններէն, պիտի դադրեցնէ իր գործունէութիւնը, կը հաղորդէ հիմնադրամի մամլոյ ծառայութիւնը։

Մարտէն մինչեւ Յուլիսի վերջ Իսրայէլի իշխանութիւնները խոչընդոտած են միջազգային մարդասիրական օգնութիւններու առաքումը Կազայի հատուած, փակելով բոլոր անցակէտերը:

Պաղեստինցիները օգնութեան բաշխման կէտերը կը կոչէին մահուան թակարդներ։ Անոնք օգնութիւն ստանալու համար ստիպուած էին տասնեակ քիլոմեթրներ քալել, ենթարկուելով իսրայէլեան ռմբակոծումներու։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ