Լիբանանի պատմութեան մէջ առանցքային օր մըն է 22 նոյեմբերը: Օր մը, երբ ժողովուրդ մը իր ձայնը բարձրացուց ֆրանսական գաղութատիրութեան դէմ` ստիպելով, որ աշխարհը յարգէ լիբանանցիներուն ինքնիշխան ըլլալու կամքը:

Աշխարհագրական փոքր տարածք մը ըլլալով հանդերձ, անկախ Լիբանանը դարձաւ տարբեր լեզուներու, կրօններու, մշակոյթներու եւ ինքնութիւններու խաչմերուկը:

Անկախութիւնը, սակայն, միայն պատմական յաղթանակ մը չէ: Անիկա իւրաքանչիւր սերունդի համար հայրենիքը պաշտպանելու, անոր ծառայելու ուխտը վերանորոգելու օրն է:

Լիբանանի բոլոր համայնքներուն համար 22 նոյեմբերը ունի յատուկ հնչեղութիւն: Լիբանանահայութիւնը իր արմատներով, աշխատանքով, դպրոցներով, մշակութային, մարզական ու հոգեւոր կառոյցներով դարձաւ անկախ լիբանանեան տան լիիրաւ անդամը` երկիրը շէնցնող եւ զայն միջազգային մշակութային քարտէսի վրայ հաստատող ուժերէն մէկը: Անկախութիւնը, հետեւաբար իր դերակատարութիւնը շարունակելու մարտահրաւէր մըն է հայութեան համար` արժէքներու պահպանութեամբ, համայնքներու միջեւ երկխօսութիւնը զարգացնելու, համակեցութիւնը ամրապնդելու իմաստով:

Համայնքային բազմազանութեան իրողութիւնը, անոնց միջեւ օրինակելի համակեցութիւնը, անկէ բխող խաղաղութիւնը միջինարեւելեան կարեւորագոյն ոստաններէն մէկը դարձուց Լիբանանը: Տնտեսական բարգաւաճում, զբօսաշրջութիւն, դրամատնային կեդրոն, մտաւորական ու մշակութային ազատութիւն-այս բոլորը Լիբանանը եւ լիբանանցին յատկանշող հոմանիշեր էին:

Օտարներու գնահատանքով` «Միջին Արեւելքի Զուիցերիա»-ն դարձած էր Լիբանանը:

Համակեցութեան տիպար Լիբանանը այսօր նստած է համայնքային անհանդուրժողութեան պայթունավտանգ տակառին վրայ:

Այսօր, միեւնոյն օտարներէն, Լիբանանի մասին լսելի կը դառնան` «Միջին Արեւելքի աղբանոց» կամ այսօրինակ վիրաւորական արտայայտութիւններ: Ի՞նչ է արդեօք այս գահավէժին պատճառը: Ժողովո՞ւրդը` ոչ: Պատճառները այլ տեղ են: Փոխուած է պետական եւ քաղաքական հոսանքներու մտածողութիւնը, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ քաղաքական բարոյականութիւնը: Լիբանան այսօր կքած է փտածութեան, արտաքին միջամտութիւններու, ընկերային անարդարութեան եւ անպատասխանատու կառավարման բեռերուն տակ:

Փտածութիւնը դարձած է այսօրուան Լիբանանի մեծագոյն աղէտը: Անիկա պարպեց երկրին գանձը, քանդեց տնտեսութիւնը, արժեզրկեց դրամանիշը, սպառեց քաղաքական կողմերու միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը եւ արտագաղթի մղեց երիտասարդ սերունդը:

Լիբանանը դարձած է միջազգային հակադրութիւններու բեմ` այս կամ այն երկրին ծառայող միջնորդական հրապարակ:

Անկախութիւնը չի կրնար գոյատեւել այսօրինակ պայմաններու մէջ, ուր անպատժելիութիւնը անհամեմատ արագութեամբ տարածուած է ամէնուրեք: Պետական պաշտօնները վերածուած են անձնական շահարկումի միջոցի:

Անկախութեան օրը միայն պատմական յիշատակ չէ: Անիկա նոր սերունդին համար հրաւէր մըն է` վերականգնելու այն քաղաքական բարոյականութիւնը, որուն շնորհիւ Լիբանանը կրցաւ բարձրանալ գաղութատիրական տիրապետութենէն:

Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է վերականգնել այդ համակեցութեան ոգին, որուն խարիսխը անկասկած պիտի ըլլայ փոխադարձ վստահութեան վերականգնումը եւ ընկերային արդարութեան վրայ յենած բաժնեկցութիւնը:

Կարծէք անհրաժեշտ է վերանորոգել Անկախութեան ուխտը: Նոր ուխտը կրնայ թռիչք ստանալ խորքային քաղաքական, հասարակական եւ բարոյական վերարժեւորումով եւ ոչ` կարգախօսներով կամ պատահական խոստումներով:

Անկախութիւնը անցեալի յաղթանակ մը չէ միայն, այլ կեանքի շարունակական շունչ, որ կ՛ենթադրէ միասնական կամք, պետական մտածողութիւն: Լիբանանցիին մէջ կը բացակայի այս մէկը:

Լիբանանի ապագան կը պահանջէ պատասխանատու ղեկավարութիւն, թափանցիկ կառավարման համակարգ եւ ազգային ոգի, որպէսզի վերականգնի երկրին հեղինակութիւնը եւ քաղաքացիին արժանապատուութիւնը:

Անկախութեան տօնը այսօր պէտք է դառնայ ազգային նոր ուխտի օր, ուր ժողովուրդը եւ ղեկավարները`

– Մերժեն փտածութիւնը,

– պաշտպանեն ազգային շահը, ոչ` օտարներու շահերը,

– վերականգնեն արդար բաժնեկցութիւնը իշխանութեան մէջ,

– Լիբանանը հասցնել այն մակարդակին, ուր «Միջին Արեւելքի Զուիցերիա» կը կոչուէր երէկ…:

22 նոյեմբերը պէտք չէ դառնայ անցեալի յիշատակ, այլ` ապագայի վճռական մեկնարկ:

Ահարոն Շխրտըմեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ