
Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան աջակցութեամբ իրականացուող «Սիմֆոնիք ԴասA» ծրագիրին 2025ին մասնակցած է Երեւանի եւ մարզերու շուրջ 9900 աշակերտ, որոնք հնարաւորութիւն ունեցած ներկայ ըլլալու Սիմֆոնիք նուագախումբի 16 համերգի։
Մշակութային շարունակական կրթութեան ապահովման նպատակով ծրագիրի ընկերային հարթակի էջերուն վրայ պատանիները քննարկումներ կը կատարեն եւ մշտական կապի մէջ են կազմակերպիչներուն հետ, հետագայ համերգներու համար տոմսեր կ՛ապահովեն եւ կ՛արժանան խրախոուսական նուէրներու։
Կրթական այս ծրագիրը կ՛իրականացուի 2018էն ի վեր։ Անիկա Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի մտայղացումն է։







Մեկնաբանէ