Մշակոյթը մարդուն հոգեմտաւոր կառուցուածքի եւ կենցաղի արտայայտութիւնն է։ Ան այն դաշտն է, ուր ժողովուրդ մը կը ձեւաւորէ իր մտածողութիւնը, բարոյական արժէքները, աւանդութիւնները, լեզուն, արուեստը եւ հասարակական վարքագիծը։ Մշակոյթը միայն արուեստ չէ, այլեւ ապրելու ոճ, որ անցեալը կը կապէ ներկային, ներկան՝ ապագային։

Մշակոյթը մարդ անհատը ինքն է, իր արարչական ուժին մէջ։

Ան ձայնն է, որ կը հնչէ երաժշտութեան մէջ, գիծն է, որ կը վերածուի նկարի, բառն է, որ կը դառնայ բանաստեղծութիւն։ Մշակոյթը կեանքի ոճ մըն է, որ կը սորվեցնէ ապրիլ, յարգանք ցուցաբերել, սիրել եւ վկայել գեղեցիկը աշխարհի մէջ։

Մշակոյթը կեանքին բարոյական խիղճն է։ Ան կը սորվեցնէ մարդուն նայիլ ոչ միայն աչքերով, այլ սրտով, լսել ոչ միայն ականջներով, այլ հոգիով։ Եթէ ժողովուրդ մը կորսնցնէ իր մշակոյթը, կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը։Առանց մշակոյթի՝ մարդը կը դառնայ առանց արմատի ծառ, իսկ ժողովուրդը՝ առանց յիշողութեան հող։

Երէկուան մշակոյթը աւելի ինքնամփոփ ձեւաորուած եւ բնականոն էր։ Ան կը սնուէր աւանդութենէն: Ժողովուրդները իրենց մշակոյթը կը նկատէին գոյատեւման բերդ մը՝ իրենց լեզուին, կրօնին, երգին, տօնին եւ բարոյական կեանքին շուրջ։ Մշակոյթը կը կազմէր ինքնութեան պատնէշը։

Մշակոյթը չէր արտադրուեր շուկայի պահանջով, այլ կը փոխանցուէր հոգիով, մայրերէն՝ զաւակ, վարդապետերէն՝ աշակերտ, երգահանէն՝ աշուղ։ Յարգանք կար ստեղծագործութեան նկատմամբ, որովհետեւ իւրաքանչիւր արարում կ’ընկալուէր իբրեւ աստուածատուր շնորհք, ոչ՝ առեւտրական արտադրանք։

Այսօրուան մշակոյթը այլ իրականութեան մէջ է։ Արհեստագիտութիւնը համաշխարհայնացումը եւ ընկերային ցանցերը, լրատուական հարթակները փոխած են մշակոյթին բնոյթը։ Այժմ աշխարհը կարծէք չունի սահմաններ։ Ժամանակը սեղմուած է, ամէն բան տեղի կ’ունենայ միաժամանակ։ Տեղեկութիւնները անվերջ կը հոսին: Գրեթէ անհնար է զայն կասեցնելը կամ հակակշիռի տակ պահել: Մշակոյթը դարձած է բազմաշերտ ու երբեմն ալ հակասական՝ յաճախ ազատագրուած աւանդական սահմաններէն, կորսնցուցած իր խորութիւնը։

Անոր մէջ կայ անհատապաշտութիւն, ինքնարտայայտման ծարաւ, բայց նաեւ մեկուսացում. մարդիկ աւելի շատ կը խօսին, բայց աւելի քիչ կը լսեն։

Երէկի մշակոյթը աւելի արմատաւորուած էր աւանդութեան մէջ՝ հողի, կրօնի, խոհունութեան եւ ընտանեկան շղթայի մէջ։ Ան բնորոշուած էր ինքնութեան պահպանման մտահոգութեամբ։

Այսօրուան մշակոյթը սակայն աւելի բաց է, արագ, բազմազան ու յաճախ ալ անճանաչելի՝ համաշխարհայնացման, զանգուածային հաղորդակցութեան եւ արհեստագիտութեան ազդեցութեամբ։

Ան կը շարժի ոչ միայն ժառանգութեան պահպանման, այլեւ նոր ինքնութիւններու որոնման եւ ստեղծման ուղղութեամբ։

Եթէ երէկ մշակոյթը կը փոխանցուէր սերունդէ-սերունդ, այսօր ան արտադրող ապրանքի մը վերածուած է։ Եթէ երէկ արժէքը խորութեամբ կը չափուէր, այսօր՝ արագ տարածումով։

Եթէ երէկ մշակոյթը ժողովուրդը իր արմատներուն շուրջ կը միաւորէր, այսօր յաճախ կ’անջատէ ՝ բազմաձայնութեան եւ ինքնութեան փնտռտուքին մէջ։

Բայց այս բոլոր փուլերը միեւնոյն շղթայի օղակներն են։ Ժամանակը կը փոխէ ձեւերը, բայց ո՛չ էութիւնը։ Մշակոյթը միշտ ալ կը մնայ մարդու հոգեկան ինքնարտայայտութիւնը՝ իր ժամանակին մէջ։

Բայց ի վերջոյ մշակոյթը նոյնինքն մարդն է։

Մարդն է, որ կը կերտէ եւ կը վերանորոգէ իր աշխարհը։ Ուստի երէկուան, այսօրուան եւ վաղուան մշակոյթները միեւնոյն շղթայի օղակներն են՝ տարբեր ձեւերով, բայց նոյն հոգեւոր ծագումով։

Երէկ, մշակոյթը կը կերտուէր հողի եւ հաւատքի շուրջ: Այսօր ան կը դառնայ յաճախ բեմ, արտադրանք կամ խճողում: Վաղը ան պիտի փնտռէ նոր հաւասարակշռութիւն՝ համատեղելով մարդկային հոգին եւ արհեստագիտական ուժը:

Վաղուան մշակոյթը պիտի ըլլայ հոգեւոր ճշմարտութեան եւ գիտական հաւասարակշռութեան համադրումը։ Արհեստագիտական զարգացումները կրնան հարստացնել մարդուն արտայայտութիւնը, բայց չեն կրնար փոխարինել անոր հոգին։

Այդ մշակոյթը պիտի պահանջէ աւելի գիտակից մասնակցութիւն, աւելի խորքային կրթութիւն եւ ճշմարիտ պատասխանատուութիւն։ Որովհետեւ մշակոյթը չի բաւեր միայն սպառել, պէտք է արարել, պահել եւ փոխանցել։

Մշակոյթը ժողովուրդի հոգին է՝ իր լեզուով, երաժշտութեամբ, գրականութեամբ, կենցաղով եւ բարոյական արժէքներով։ Ան ոչ միայն անցեալի յիշատակ է, այլ կենդանի ներկայութիւն մը, որ կը շարունակէ շնչել ու զարգանալ ազգի ստեղծագործ ոգիին մէջ։

Մշակոյթ մը, որ կը մոռնայ իր արմատները, կը դադրի մշակոյթ ըլլալէ։ Սակայն նոյնքան վտանգաւոր է ան, երբ կը սահմանափակուի միայն անցեալի մէջ՝ առանց լսելու ժամանակի հնչողութիւնը։

Մշակոյթի պահպանումը եւ բարգաւաճումը պէտք է ընթանան կողք կողքի՝ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն։

Պահպանել ազգային մշակոյթը կը նշանակէ՝ յիշել, վկայել եւ շարունակել։

Ան կը պահանջէ գիտակցութիւն, ոչ թէ միայն զգացական նուիրում։

Մեր մշակոյթը՝ հայկականը, յառաջացած է հազարաւոր տարիներու ընթացքին՝ հողի, հաւատքի, տառի եւ ստեղծագործութեան համադրութեամբ։ Արդիականացում չի նշանակեր հրաժարիլ, այլ նոր շունչ տալ ժառանգութեան։

Մշակոյթը ազգի հոգեւոր ինքնութեան շունչն է, անոր գոյատեւման հիմնաքարը եւ ստեղծագործական ոգիին դրսեւորումը։ Երբ ազգ մը կորսնցնէ իր մշակոյթը, կը կորսնցնէ իր գոյութեան տրամաբանութիւնը. ինչո՞ւ, որուն համար եւ ինչպէ՛ս շարունակէ գոյութիւնը։ Այդ պատճառով մշակոյթի պահպանումը երբեք անցեալին կառչելու մեքենական ձեւ մը չէ․ ան ազգային հոգեւոր շարունակութեան ապահովումն է՝ ժամանակի եւ փոփոխութեան մէջ։

Պահպանել մշակոյթը՝ կը նշանակէ ընկալել այն ժառանգութիւնը, որ դարերու ընթացքին մեր նախնիներ կերտեցին՝ երգով, գիրով, բանաստեղծութեամբ, ճարտարապետութեամբ ու սովորութիւններով, եւ զայն վերարտադրել համապատասխան պայմաններուն:

Վերարտադրում առանց շեղելու արմատներէն, խորացնել, տալով նոր ոգի եւ ոճ։ Մշակոյթը պէտք է ըլլայ այն մեծ ծառին նոր ընձիւղը, որ սնունդ կը ստանայ հին արմատներէն։

Մշակոյթի պահպանումն ու արդիականացումը այսպէս կը միանան՝ կերտելով կենդանի ժառանգութիւն մը, որ պէտք է սերունդներուն փոխանցել ոչ իբրեւ յիշատակ, այլ ուժի աղբիւր։

Ահարոն Շխրտըմեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ