
Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ազիզ Նասիրզատէ ժամաներ է Տուպայ հանդիպում ունենալու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտօնեաներու հետ եւ մասնակցելու Dubai Airshow 2025 միջազգային ցուցահանդէսին, կը հաղորդէ «Իրնա» գործակալութիւնը։
Այցելութեան ընթացքին, կը նախատեսուի որ իրանցի նախարարը հանդիպումներ ունենայ այլ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Պիտի քննարկուին տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան եւ արհեստագիտութեան փոխանակման հարցեր։







Մեկնաբանէ