Սուրիոյ մէջ, 1970-ականներէն սկսեալ, աւելի քան կէս դար, երկրին նոր շրջաններու պատմութիւնը գրի առնուեցաւ անսակարկելի, անվիճելի ու խստօրէն անհակաճառելի հայեացքով մը, որ կը միտէր ներբողել, օրհնաբանել, գրեթէ աստուածացնել իշխող վեհապետը, զուգահեռաբար տարածելով անոր ղեկավարած քաղաքական հոսանքին,– ընկերվարական կուսակցութիւն մը ,– գաղափարախօսութիւնը` իբրեւ ՄԻԱ՛Կ ընդունելի դաւանանք…։

Դո՛ւք հաշուեցէք, թէ երկրի տարածքին սփռուած հազարաւոր դպրոցներու, բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկներու եւ համալսարաններու մէջ, այլեւ` պատկերասփիւռներու, ձայնասփիւռներու եւ գրաւոր մամուլի ճամբով (բոլորն ալ` պետական բացարձակ վերահսկողութեան տակ) տասնամեակներ շարունակ քանի՞ սերունդ հասակ առաւ, ուռճացաւ, «թրծուեցաւ» այդ պարտադիր հայեացքներով, ինքզինք վարժեցուց տեսնելու միագոյն հորիզոն մը, «Պատմութիւն»-ը կարդաց իրեն հրամցուած կաղապարատիպ տեսակէտներու հետեւելով, առանց զայն վիճարկելու, առանց քննարկելու, առանց ունենալու այլընտրանքի մը կարելիութիւնն իսկ…։

Այս` այսպէս էր, 1970-էն սկսեալ մինչեւ 8 Դեկտեմբեր 2024, երբ երկրին քաղաքական կրանիթեայ համակարգը յանկարծ փուլ եկաւ ու իրականացաւ իշխանափոխութիւն մը` անհաւատալի եւ արագասոյր եղափոխութիւններով…։

Հիմա կայ նոր իշխանութիւն մը, անցումային փուլի աւագանի մը, որ աղերս չունի հինին հետ։ Հին գաղափարախօսութիւնը թաղուած է։ Փոխուած են ու պիտի փոխուին երկրին արտաքին յարաբերութիւնները, ներքին կարգուսարքը։ Հին դաշինքները պիտի փոխարինուին նորերով։ Ունեցանք նոր դրօշակ ու գերբ, շուտով կ`ունենանք նոր քայլերգ, նոր դրամանիշ, նոր օրէնքներ, տնտեսական նոր համակարգ…։ Ու այս բոլորին համընթաց` վերաշարադրեալ նո՛ր «Պատմութիւն»։

Արդարեւ, ընթացիկ 2024-2025 կրթական տարեշրջանէն սկսեալ արդէն Սուրիոյ բոլոր դպրոցներուն մէջ կիրարկութեան դրուած են պատմութեան («Թարիխ») արաբերէն նոր դասագիրքեր, պատրաստուած` Կրթական նախարարութեան կողմէ, ուր յատկապէս վերաշարադրուած, այլեւ ՀԻՄՆՈՎԻՆ փոխուած են Սուրիոյ ժամանակակից շրջաններու պատմութեան երբեմնի ծանօթ տեսակէտները, հաստատումները, արժեչափերն ու հասկացութիւնները։ Գլխիվայր դարձած է այն ինչ որ սորվեցուցած էին մեզի մեր մանկութեան օրերէն ցայսօր` իբրեւ «անբեկանելի ճշմարտութիւն»։ Հաստ գիծ մը քաշուած է 50 տարիէ իվեր հետեւողականօրէն շեփորուած երեւոյթներու վրայ` որպէս ճշմարտազանցութիւններու, ու պատմութիւնը արձանագրուած է նորովի շարադրանքով, ճշմարտասացութեա՛մբ։

Ահա՛ իմ տրամադրութեան տակ է միջնակարգի Թ. դասարանի (պրէովէ) «Թարիխ»-ի նոր դասագիրքը։

Տեսնենք, թէ ի՞նչ գրուած է 8 Մարտ 1963-ի Սուրիոյ զինուորական յեղաշրջումին մասին, որ անկեալ նախկին վարչակարգին կողմէ կը ներկայացուէր իբրեւ «յեղափոխութիւն» եւ պետական արձակուրդի օր էր երկրին մէջ` հերթական պարտադիր տողանցքներով եւ շռնդալից լոզունգներով…։

— «Եգիպտոս֊Սուրիա միութեան խափանումէն ետք (Ինֆիսալ), ՊԱԱՍ կուսակցութեան անդամ խումբ մը սպաներ կարեւոր դիրքերու տիրացան բանակին մէջ ու իրագործեցին 8 Մարտ 1963֊ի զինուորական յեղաշրջումը։ Անոնք վերջ տուին սահմանադրական կարգերուն եւ արտակարգ իրավիճակ յայտարարեցին երկրին մէջ։ Ամլացաւ քաղաքական կեանքը, տնտեսութիւնը նահանջեց, Պաաս կուսակցութիւնը իշխանութիւնը ձեռք առաւ»։

Քանի մը տող վար` կը շարունակենք կարդալ.

— «16 Նոյեմբեր 1970-ին Հաֆէզ Ասատ զինուորական յեղաշրջում մը գլխաւորեց` օժանդակ ունենալով իր սպայ ընկերները։ Շուտով սակայն դաւեց անոնց, ձերբակալեց ու բանտ նետեց բոլորը` առանձինն տիրանալու համար իշխանութեան։ Ան Սուրիան կառավարեց շուրջ 30 տարի` բռնապետական ու ամբողջատիրական կերպով»։

Դասագիրքը նկատել կու տայ տակաւին, որ 1973-ի արաբ-իսրայէլեան հոկտեմբերեան պատերազմը զուտ «ցուցադրական» էր ու հրահրուեցաւ Ասատի կողմէ (համախոհաբար Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթի)` օրինականութիւն շահեցնելու համար իր իշխանութեան ու ամրացնելու համար զայն։ Կ`ընդգծուի, թէ այդ պատերազմին յաղթանակները «երեւակայական» էին…։ (Իդէպ, այս նոյն դիտանկիւնէն մեկնած, բոլորովին վերջերս, նախագահական պաշտօնագրով մը երբեմնի «6 Հոկտեմբերի ազատագրական պատերազմ»-ի տօնը ջնջուեցաւ Սուրիոյ պետական-ազգային տօներու ցուցակէն)։

Հիմա եկէ՛ք կարդանք նախագահ Հաֆէզ Ասատի երեսնամեայ իշխանութեան պատմութեան ամփոփագիրը.

– «Ասատ հաշուեյարդարի ենթարկեց իր քաղաքական ընդդիմադիրները, անոնց դէմ ի գործ դրաւ զազրելի ոճիրներ, ինչպէս` Ճսըր Շուղուրի, Հալէպի եւ Թատմորի սպանդները։ Այս շարքին մէջ ամենասարսափելին Համայի կոտորածն էր, 1982֊ին, որուն զոհ գացին շուրջ 40.000 քաղաքացիներ։ Տասնեակ հազարաւորներ ալ անհետ կորսուեցան կամ գնդակահարուեցան բանտերու մէջ, նոյնքան թիւով մարդիկ ալ (գիտական միտք եւ աշխատող բազուկ) աքսորուեցան երկրէն։ Ասատ ծանրացուց ապահովական թաթը սուրիացի ժողովուրդին վրայ ու ճամբայ հարթեց տնտեսական հեղձուցիչ տագնապներու, որովհետեւ երկրին հարստութիւնները կողոպտուեցան իշխող խաւին կողմէ։ Իսկ արտաքին ճակատի վրայ` Ասատ զինուորապէս մուտք գործեց Լիբանան, ուր կոտորածներ սարքեց  պաղեստինցիներուն նկատմամբ (Թէլ Զաաթարի սպանդը), բայց նաեւ նեցուկ կանգնեցաւ թշնամի Իրանին` եղբայրական Իրաքի դէմ անոր շղթայազերծած պատերազմի ընթացքին»։

Պատմութեան նոր դասագրքին մէջ ծանր ամբաստանութեան տակ ինկած է նաեւ որդի Ասատը։ Կը նշուի, թէ հօր մահէն ետք (10 Յունիս 2000), Սուրիոյ սահմանադրութիւնը փոխուեցաւ, որպէսզի որդին ժառանգէ հօր իշխանութիւնը։ Գամիշլիի քրտական ըմբոստութիւնը ճնշուեցաւ (2004), տեղի ունեցաւ Սէյտնայայի բանտին սպանդը (2008), արտայայտութեան ու խօսքի ազատութեան վրայ կաշկանդիչ գրաքննութիւն բերուեցաւ եւ այլն, եւ այլն։

Այս բոլորը, կը գրէ դասագիրքը, ճամբայ հարթեցին դէպի Մարտ 2011-ի յեղափոխութիւնը, որուն առաջին կայծերը արձակուեցան հարաւային Տարաա քաղաքէն ու վարակեցին բովանդակ երկիրը։ «Սուրիական Յեղափոխութիւնը ինքնաբուխ, ժողովրդային ու խաղաղ շարժում մըն էր, որ կը պահանջէր ազատութիւն, արժանապատուութիւն եւ իշխող վարչակարգի անկում», կը հաւաստիացնէ նորատիպ դասագիրքը, աւելցնելով որ իշխանութիւնը փամփուշտո՛վ դիմադարձեց ցոյցերուն, միլիոնաւոր մարդիկ աքսորեց, քարուքանդ ըրաւ երկրին բոլոր քաղաքները, հազարաւորներ սպաննեց տանջալից միջոցներով, գործածեց քիմիական զէնքեր…։ Յեղափոխութիւնը, սակայն, ի վերջոյ յաղթանակեց եւ յիսնամեայ վարչակարգը տապալեցաւ։

*

Այսքանը գիտէինք։ Ապրած ենք այդ օրերը, տեսած` ինչե՜ր եւ ինչե՜ր, հետեւած` դէպքերու ողբերգական գնացքին…։

Մե՛նք եւս կը տենչանք ճշմարտասացութիւնը եւ կը խորշինք ճշմարտազանցութենէ…։ Եւ «Թարիխ»-ի այս նոր դասագիրքը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ լափալիսեան ճշմարտութիւն մը, թէ չկան «յաւերժական» արժէքներ` երբ անոնք կու գան պարտադրանքով, կ`ընդհանրացուին ստիպողաբար, կը քարոզուին անազատ մթնոլորտի մէջ։ Այդպէս չպատահեցա՞ւ Հայաստանի մէջ ալ, յետխորհրդային շրջանին։ Լենինի, Կոմունիստական կուսակցութեան եւ առհասարակ սովետական գաղափարախօսութեան առնչակից ամէն գովք ու գնահատանք չմարեցա՞ւ, չանէացա՞ւ…։ Հո՛ն ալ պատմութեան դասագիրքերը գրուեցան վերստին, արձաններ տապալեցան, ուրիշ արձաններ կանգնեցուեցան…։

*

Պատմութիւն շարադրելը պատմիչին կամ պատմագիրին գործն է։ Ու պատմութիւնը հաւաստի կ`ըլլայ, եթէ պատմագիրը զայն գրի առնէ անկողմնապահութեամբ, համակողմանի սերտողութեամբ, խղճմտութեամբ եւ արդարամտութեամբ։ 

Պատմագիրը եթէ տուրք պիտի տայ քաղաքական ինչ-ինչ ազդեցութիւններու եւ դէպքերը նկարագրէ ու մեկնաբանէ ա՛յդ պրիսմակէն, կամ եթէ զանոնք իր անձնական նախասիրութիւններուն կամ տեսակէտներուն պիտի հպատակեցնէ ամբողջովին` չարաշահելով մեկնաբանելու եւ վերլուծելու իրաւունքն ու ազատութիւնը, այդ պարագային` շարադրանքը կը դառնայ անվստահելի, անհամոզիչ։

Դա՛րձեալ օրինակ մը պիտի մէջբերեմ Սուրիոյ մէջ տպուած «Թարիխ»-ի նոր դասագիրքերէն։

Այս անգամ միջնակարգի Ը. դասարանի գիրքին մէկ հատուածն է խնդրոյ առարկան։ Եւ այս նիւթին շուրջ բաւական աղմուկ բարձրացած է վերջերս ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու վրայ։ Շատ-շատեր արտայայտած են իրենց ընդվզումն ու հիասթափութիւնը։

Խնդրոյ առարկայ հատուածը կ`առնչուի Սուրիոյ վրայ օսմանեան տիրապետութեան շրջանին, ճշգրտօրէն` Ա. Աշխարհամարտի օրերուն։

Գիտենք, որ այդ ժամանակ արաբ ազգայնական հոսանքին պատկանող մտաւորականներու կամ գործիչներու փաղանգ մը կախաղան բարձրացուեցաւ Դամասկոսի ու Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ (Մարժէ եւ Պուրժ), շրջանի թուրք իթթահատական կառավարիչ Ճեմալ փաշայի հրահանգով (1916 Մայիս), պարզապէս որովհետեւ այդ արաբ մտաւորականները կ`ուզէին թօթափել օսմանեան ծանր լուծը։

Ճեմալ փաշա արաբ գրականութեան մէջ մի՛շտ ու տեւաբար ճանչցուած ու յիշատակուած է «սաֆֆահ» մակդիրով, որ կը նշանակէ «արիւնռուշտ», «արիւնարբու»։ Յիշեցնենք նաեւ, որ նոյն Ճեմալ փաշան 1922 Յուլիսին Թիֆլիսի մէջ դիտապաստ ահաբեկուած էր երկու հայորդիներու արձակած փամփուշտներով, որպէս մէկը 1915-ի Մեծ Եղեռնի գլխաւոր պատասխանատուներէն։

Սուրիա-Լիբանանի մէջ Մայիս 6-ը, տասնամեակներէ իվեր, պետական տօնացոյցին վրայ կը յիշատակուէր իբրեւ «Նահատակաց տօն»։ Դպրոցներ ու պետական հաստատութիւններ փակ կը մնային այդ օրը։

Հիմա սակայն Լիբանան առանձին պիտի մնայ իր այս ոգեկոչումին մէջ, որովհետեւ Սուրիա «Նահատակաց օր»-ը վերջերս ջնջեց իր տօնացոյցէն…։ Ատոր զուգահեռ` այդ շրջանի պատմութեան էջերն ալ «բարեփոխուեցան»։ Հարիւր հազարաւոր սուրիացի պարման-պարմանուհիներու ափին մէջ հիմա կայ նորատիպ դասագիրք մը, ուր իթթիհատական թուրք փաշային անունին առջեւէն նրբօրէն վերցուած է անոր կարմրագոյն մակդիրը եւ,– ինչ որ ամէնէն գայթակղեցուցիչն է,– անոր հրահանգով կախաղան բարձրացուած արաբ ազգային մտաւորականներն ու հայրենանուէր գործիչները բնութագրուած են իբրեւ «անգլիացիներու եւ ֆրանսացիներու գործակալներ»…։ Այլ խօսքով` դասագիրքը կարծէք արդարացուցած է անոնց կախաղան բարձրացումը, այն տպաւորութիւնը թողլով, թէ անոնք դաւադիրներ էին…։

Դասագիրքը ժխտական մերձեցումով ներկայացուցած է նաեւ Մէքքէի Շէրիֆ Հիւսէյնին գլխաւորութեամբ 1916-ին Հիճազի մէջ ծայր տուած Արաբական Մեծ Յեղափոխութիւնը, որ ուղղուած էր օսմանեան տիրապետութեան դէմ։ Համաարաբական ազատագրական այդ մեծ շարժումը կոչուած է «ըմբոստութիւն»։

Ի՜նչ ըսել։

Գիտենք, որ այս գրառումներուն ետին շո՛ւքը կայ հիւսիսի մեծ դրացիին։ Գիտենք,– ու բնաւ զարմանալի չէ,– որ այդ մեծ դրացին իր քաղաքական, զինուորական ու տնտեսական ազդեցութեանց կողքին` հետամուտ է նաեւ իր մշակութային ու կրթական ազդեցութեանց ընդլայնումին…։

Նոյն այդ դրացի երկիրը եթէ պարարտ հող գտաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իսկ ու յաջողեցաւ Մասիս լեռան ուրուագիծը ջնջել տալ հայկական անցագրերու էջերուն դրոշմուող պետական սահմանահատման կնիքէն, ապա ինչո՞ւ ճիգ չթափէ «մաքուրի հանելու» Ճեմալ փաշան եւ անոր նմանները` սուրիական դասագիրքերու էջերուն…։

«Յաղթանակը զօրաւորի՛նն է», կ`ըսէ առածը։ Մեր պապերն ալ ատենօք շեշտած էին. «Սահման քաջաց` զէնն իւրեանց» (քաջերուն սահմանը իրենց զէնքն է)։

Հիմա Հայաստանի ու Սուրիոյ նման երկիրներ կ`ապրին իրենց պատմութեան ամենատկար, թշուառ, երփեղկեալ մէկ շրջանը` ներքին ինչ-ինչ դժուարութիւններով ու հակադրութիւններով։ Հետեւաբար, բնական են այն միջամտութիւնները, որոնք կը կատարուին դուրսէն` զեղծելու համար ժողովուրդներու ամէնէն վսեմ ու անխախտ խորհրդանիշերը, բթացնելու փոքր ազգերու հաւաքական յիշողութիւնը…։

Մասիսը լուռ կ`արտասուէ եւ զգաստութեան կը հրաւիրէ մեզ` հայերս, իսկ Մարժէի եւ Պուրժի կախաղաններէն ճօճուող արաբ նահատակներուն ուրուականը կը վրդովէ շա՜տ հոգիներ…։

Ճշմարտասացութիւն եւ ճշմարտազանցութիւն։ Կողք-կողքի կրնա՞ն ապրիլ այս երկուքը…

Արարառ Օրաթդրթ

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ