«World Economic Forum»-ը եռամսեայ դրութեամբ կը հրապարակէ տեղեկագիր մը` Chief Economists’ Outlook, որ կը ներկայացնէ միջազգային տնտեսութեան ընթացիկ իրավիճակը։ Եռամսեայ այս տեղեկագիրը կը ներառէ քաղաքական-տնտեսական ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ ֆորումի մը հարցախոյզի արդիւնքները, որ ընդհանրապէս կատարուած կ’ըլլայ պետական եւ սեփական մարզի առաջնորդող տնտեսագէտներու մասնակցութեամբ։

Chief Economists’ Outlook պարբերականի Սեպտեմբեր 2025-ի համարը կը ներկայացնէ աշխարհի ներկայ տնտեսութեան ահազանգող բայց միաժամանակ խորաթափանց վերլուծում մը, որուն առանցքը կը կազմեն առեւտրական պատերազմերը, դրամագլուխի հոսքի, տոկոսներու եւ ելելմտական քաղաքականութեան փոփոխական պայմանները, աշխարհաքաղաքական տագնապները, արհեստագիտութեան յեղափոխական ալիքները եւ կենսոլորտային սպառնալիքները։ Սակայն տեղեկագիրը այս բոլոր ցնցումները կը դիտարկէ նաեւ որպէս առիթներ՝ նոր հնարաւորութիւններու։

Տեղեկագրին հիմքը կը հանդիսանայ հակասութիւն մը։ Թէեւ համաշխարհային տնտեսութիւնը տոկունութիւն ցոյց տուած է մանաւանդ Եւրոպայի մէջ՝ աշխատավարձքերու շուկային կայունացմամբ եւ Ասիոյ ու Ափրիկէի որոշ շրջաններու մէջ շարունակուող աճով, այսուհանդերձ անոր ընթացքը կը մնայ փխրուն։ Հարցապնդուած գլխաւոր տնտեսագէտներուն 70 տոկոսէն աւելին կը նախատեսէ, որ համաշխարհային պայմանները յառաջիկայ տարուան ընթացքին պիտի թուլնան՝ ընդգծելով, թէ գոյութիւն ունեցող կայունութիւնը ինքնին խաբուսիկ է։

Տեղեկագիրը մասնաւորաբար լուսարձակի տակ կ’առնէ աշխարհատնտեսական բաժանումը։ Միացեալ Նահանգներու սահմանած լայնածաւալ մաքսատուրքերը, Չինաստանի եւ Մեքսիքոյի նման մեծ տնտեսութիւններու հակադարձող քայլերը, ինչպէս նաեւ մատակարարման շղթաներու վերաձեւաւորումը, որուն հետեւանքով ընկերութիւնները կը փոխեն իրենց մատակարարումներու աղբիւրները եւ կը տեղափոխեն արտադրութիւնը դէպի տարբեր երկիրներ, կը մատնանշեն այնպիսի վերադասաւորման ընթացք մը, որ նմանը չունէր քսաներորդ դարու կէսերէն ի վեր։ Ըստ տնտեսագէտներուն, բացուած այս ճեղքը ժամանակաւոր չէ․ անոր հետեւանքները պիտի ըլլան երկարատեւ եւ, ի վերջոյ, պիտի յանգին համաշխարհային տնտեսական նոր համակարգի մը ձեւաւորման։

Հետեւանքները կը տարածուին առեւտրական մարզէն շատ աւելի անդին։ Ելեւմտական շուկաներու ելեւէջներէն մինչեւ բնական պաշարներու սակաւութիւնը՝ տեղեկագիրը կը բացայայտէ, թէ ինչպէս մաքսատուրքային պատերազմներն ու մատակարարման շղթաներու խախտումները կ’ազդեն տարբեր ոլորտներու վրայ՝ խոցելիութիւն ի յայտ բերելով նաեւ նոյնիսկ այնպիսի մարզերու մէջ, ինչպէս առօրեայ սպառումը, որոնք արտաքնապէս կայուն կը թուին։

Արհեստական բանականութիւնը կը ներկայանայ որպէս այս նոր կարգը սահմանող հիմնական փոփոխականը։ Տնտեսագէտներու մեծ մասը այժմ կը կարծէ, որ արհեստական բանականութիւնը մէկ տարուան ընթացքին պիտի յառաջացնէ որոշ խանգարումներ առեւտրական ոլորտին մէջ, բայց միաժամանակ պիտի վերածուի «նոր գաղափարներ ու գիւտեր ստեղծելու գլխաւոր միջոցի»։ Սակայն այս յոյսը զերծ չէ կասկածէ ու զգուշաւորութենէ․ մինչ արհեստական բանականութիւնը յառաջիկայ տասը տարիներուն կրնայ զարգացած երկիրներու արտադրողականութիւնը տարեկան բարձրացնել մօտաւորապէս 1.3 տոկոսով, տնտեսագէտները խորապէս տարակարծիք են անոր ազդեցութեան շուրջ՝ թէ՛ աշխատատեղիներու, թէ՛ ընդհանրապէս աշխատանքի շուկային վրայ։

Արհեստական բանականութիւնը կը մարմնաւորէ միաժամանակ թէ՛ յոյս, եւ թէ՛ վտանգ․ անոր հետեւանքները կրնան ընդգրկել տարբեր ոլորտներ՝ սկսեալ ուժանիւթի սպառումէն մինչեւ որակաւորուած աշխատուժի ձեռքբերման մրցակցութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական գերակայութեան համար մղուող պայքարը։

Տեղեկագրին ամենէն ուշագրաւ դիտարկումներէն մէկը այն է, որ տարբեր տնտեսութիւններ կը շարժին աճի տարբեր ուղիներով։ Զարգացած երկիրները կը թուին աւելի ու աւելի ապաւինել արհեստագիտութիւններու եւ մարդկային ներուժին, մինչ զարգացող երկիրները տակաւին հիմնականօրէն կախեալ կը մնան արտաքին ներդրումներէ եւ իրենց բնական հարստութիւններէն։ Այս անհաւասարակշռութիւնը կը սրի քաղաքական անկայունութեան, տկար հաստատութիւններու եւ բարգաւաճման տրամադրուող օժանդակութեանց կրճատման պատճառով, որոնք բոլորն ալ կը խորացնեն ընկերային անհաւասարութիւնը եւ խոչընդոտեն մերձեցման ու հաւասար աճի հեռանկարները: Տեղեկագիրը կը զգուշացնէ, որ եթէ այս տարբերութիւնները չլուծուին, աշխարհը կրնայ գտնուիլ «երկու արագութեամբ» գործող միջազգային տնտեսութեան մը մէջ, ուր կարգ մը շրջաններ, ինչպէս ենթասահարական Ափրիկէն եւ Հարաւային Ասիան, պիտի չկարենան լիարժէքօրէն օգտուիլ իրենց աճի ներուժէն։

Համաշխարհային տնտեսական կառոյցներու տկարացումը կը ներկայացնէ տեղեկագրին այլ հիմնական թեմաներէն մէկը։ Քանի որ Համաշխարհային Առեւտուրի Կազմակերպութիւնը (WTO) լուսանցքայնացուած է, ՄԱԿ-ը կ’ենթարկուի խորքային փոփոխութիւններու, իսկ բազմակողմանի ֆինանսաւորման նկատմամբ թերահաւատութիւն կը զարգանայ, հաստատութենական խոցելիութիւնը ինքզինք կը դրսեւորէ որպէս վտանգները բազմապատկող գործօն։ Ստեղծուած այս պարապին մէջ, հարաւային երկիրներու համագործակցութիւնը եւ տարածաշրջանային նախաձեռնութիւնները կրնան աւելի մեծ դեր ստանալ, բայց համաշխարհային արդիւնաւէտ կառավարման բացակայութիւնը կը սպառնայ աւելի խորացնելու անկայունութիւնը։

Տեղեկագիրը ի վերջոյ կը ներկայացնէ տնտեսութիւն մը, որ կանգնած է ճակատագրական խաչմերուկի վրայ։ Ցնցումները այլեւս պարագայական դէպքեր չեն, այլ կառուցուածքային իրողութիւններ։ Բայց նոյն այս վիճակին մէջ առկայ են նաեւ վերանորոգման հնարաւորութիւններ. եթէ քաղաքականութիւն մշակողներն ու գործարարները ընդունին նորարարութիւնը եւ յանձնառու դառնան ներդրում կատարելու գիտութեան, մարդկային ներուժի եւ միջազգային գործակցութեան մէջ, ապա ներկայ բաժանումները կրնան վերածուիլ վերածնունդի։

Chief Economists’ Outlook մեզի կը յիշեցնէ, որ տոկունութիւնը նոյնը չէ ինչ որ ապաքինումը։ Այսօրուան կայունութիւնը ժամանակաւոր է․ եթէ կառուցուածքային խնդիրները չլուծուին, վաղուան ճգնաժամերը կրնան աւելի խոր ու կործանարար ըլլալ։

Վարուժ Թենպէլեան
Տարբերակ 21

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ