
Երբ գրողը կը մեռնի, կը վերածուի գիրքերու, ինչը, ի վերջոյ, այնքան ալ գէշ վերածնունդ չէ։
Խ. Լ. Պորխէս
Փայտի փորագրութեան հնարքի ստեղծման օրէն մինչեւ թուային տպագրութեան ժամանակակից թեքնոլոժի, տպագրութեան պատմութիւնը կը քալէ քաղաքակրթութեան պատմութեան զուգընթաց։
Տպագրութեան մեզի յայտնի ամէնէն հին ձեւը փայտատիպերով տպագրութիւնն է, որ առաջին անգամ իրականացուած է Չինաստան, շուրջ 200 թուականին։ Ինչպէս կը յուշէ անունը, խօսքը նախշ մը կամ տառերը փայտէ հարթութեան վրայ փորագրելու մասին է։
Հետաքրքրական է, որ տպագրութեան յեղափոխական գիւտը Եւրոպա հասաւ Չինաստանէն շուրջ 1200 տարի ետք։ Միայն ԺԵ. դարու կէսերուն՝ 1455-ին էր, որ Եոհան Կիւթենպերկ տպեց իր առաջին մեծածաւալ գիրքը՝ «Կիւթենպերկեան Աստուածաշունչը»։
Հսկայական եղաւ առաջին տպագրական մեքենային նշանակութիւնը։ Տպագիր խօսքը հասանելի դարձաւ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, երբ մինչ այդ, հիմնականին մէջ մենաշնորհն էր հարուստ դասակարգին։
Անգլիոյ մէջ, օրինակ, կտրուկ բարելաւուեցաւ համեստ խաւին կենսակերպը, քանի որ տպագիր խօսքը ընդարձակեց գրագիտութեան սահմանները եւ սովորական մարդը ընթերցանութեան միջոցով սկսաւ կրթուիլ։
Անգլիացի վաճառական, դիւանագէտ եւ գրող Ուիլիըմ Քեքսթըն առաջինը եղաւ, որ 1476-ին տպագրական մեքենայ ներմուծեց Անգլիա, նաեւ դառնալով տպագիր գիրքերու առաջին մանրածախ վաճառորդը։
Տպագրութիւնը արագ տարածուեցաւ, հասնելով Իտալիա՝ Սուպիաքօ, 1465-ին, ապա Ֆրանսա՝ Փարիզ, 1470-ին։
Ոչ շատ ուշ, հինգ տասնամեակ ետք՝ 1512-ին, Յակոբ Մեղապարտ Վենետիկի մէջ պիտի հիմնէր առաջին հայկական տպարանը եւ պիտի տպէր «Ուրբաթագիրքը»՝ հոգեւոր, բարոյական եւ բժշկական բովանդակութեամբ միջնադարեան հատոր մը, դառնալով հայկական տպագրութեան ծննդոցը, որուն զգալի մասը տեսակ մը յուռութք էր, որ կը միտէր գիրքին տէրը պաշտպանելու չար աչքերէ, ոգիներէ կամ կախարդանքներէ։
Նկատենք, որ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնները նշանաւորեցին նաեւ իւրաքանչիւր ազգի մշակութային եւ լեզուական ինքնութիւնը։
Հայկական Աստուածաշունչը թարգմանուեցաւ Ե. դարուն սկիզբը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի եւ անոնց աշակերտներուն (Եզնիկ Կողբացի, Յովսէփ Պաղնացի, Կորիւն, Ղեւոնդ…) կողմէ, դառնալով ոչ միայն կրօնական, այլեւ մեր ազգային ու լեզուական հիմքը։ Հայկական թարգմանութիւնը եզակի է, քանի որ կատարուած է անմիջականօրէն յունարէն եւ ասորերէն բնագրերէն, աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը դառնալէ ընդամէնը դար մը ետք, մինչդեռ եւրոպական թարգմանութիւնները լոյսին եկան անհամեմատ ուշ։
Իտալիոյ մէջ քրիստոնէութիւնը ճանչցուեցաւ 313-ին, պետական կրօն դարձաւ 380-ին, իսկ առաջին իտալերէն Աստուածաշունչին ծնունդը եղաւ 1471-ին, շնորհիւ Նիքոլօ Մալերմիի։
Անգլիան քրիստոնէութիւնը ընդունուեց Զ. դարուն, մինչ Աստուածաշունչի առաջին թարգմանութիւնը Հենրի Ը. թագաւորը հաստատեց 1537-ին։
Լոնտոնի հինգ շէնքերու համալիր հանդիսացող Պոտլէեան հին գրադարանը ոչ միայն Անգլիոյ, այլեւ Եւրոպայի ամէնէն հին գրադարաններէն է (թիւով 28 գրադարաններու շղթայով), հիւրընկալած ըլլալով 13 միլիոնէ աւելի տպագիր եւ 1 միլիոնէ աւելի ձեռագիր ու հազուագիւտ գիրքեր։ Նշանաւոր Բրիտանական գրադարանին մէջ իրենց ապահով տեղը գրաւած են Ուիքլիֆի եւ Թինտէյլի (Աստուածաշունչի անգլերէնի հիմնական թարգմանիչները) Աստուածաշունչերը, ինչպէս նաեւ Կիւթենպերկեան օրինակը։
Ֆրանսա, Քլովիս Ա. թագաւոր քրիստոնեայ մկրտուեցաւ 496-ին, մինչդեռ ֆրանսերէն առաջին Աստուածաշունչը յայտնուեցաւ 1530-ին, շնորհիւ Ժագ Լըֆեւր տ’Էթափլի։
Գերմանիա, ուր քրիստոնէութիւնը տարածում գտաւ Դ. դարուն, Մարթին Լիւթերի գերմաներէն Աստուածաշունչը (Նոր Կտակարանը՝ 1522-ին, ամբողջութիւնը՝ 1534-ին) լեզուական եւ մշակութային շրջադարձ մը եղաւ, միաժամանակ հիմնելով բարենորոգչական շարժումը եւ ձեւաւորելով արդի գերմաներէնը։
Յիշեալ մշակութային յուշարձանները բոլորն ալ հանգրուանած են եւ կը պահպանուին աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում վայելող նշանաւոր կենդրոններու մէջ։
Հայաստանի մէջ Մատենադարանն է, ուր իրենց վերջին կայանը գտած են աւելի քան 23.000 ձեռագիր (գայլի երախից ձեռքերով խլուած… Պ.Ս.) ներառեալ հին հայկական Աստուածաշունչի որոշ մասեր եւ Յակոբ Մեղապարտի «Ուրբաթագիրքը»։
Գերմանիոյ մէջ Մայնցի Կիւթենպերկի թանգարանն է, ուր կը պահպանուին երկու բնօրինակ Կիւթենպերկեան Աստուածաշունչէն, մինչ Միւնխէնի եւ Պերլինի պետական գրադարաններուն մէջ կարելի է հանդիպիլ վաղ գերմանական բազմաթիւ տպագրութիւններու։
Իտալիա՝ Վատիկանի գրադարանը, եւ Վենետիկի Մարքիանայի գրադարանը իրենց դարաններուն մէջ կը պահպանեն վաղ շրջանի իտալերէն Աստուածաշունչեր, այլ հրատարակութիւններ, ինչպէս նաեւ հայկական տպագրութեան նմոյշներ։
Ֆրանսա՝ Փարիզի Ազգային գրադարանը, հարուստ է հազարաւոր ինքունապուլաներով (խանձարուրային գիրքեր, տպագրուած մինչեւ 1501)։
Հայկական ձեռագրերու պահպանութեան մենաշնորհը միշտ պատկանած է ժողովուրդին եւ կրօնական հաստատութիւններուն։ Անցած բոլոր դարերու ընթացքին հայը շատ յաճախ իր ձեռագրերը փրկելու-պահպանելու համար վտանգած է սեփական կեանքը, զանոնք սերունդներուն փոխանցելու գիտակցութեամբ, որպէս հաւատքի ու ինքնութեան վկայութիւն։
Իտալիոյ մէջ հին ձեռագրերու հաւաքումը մարդկայնութեան եւ Վերածնունդի դարաշրջանի առանձնայատկութիւն էր. Փեթրարքի, Պոքաչչոյի, Քոզիմօ Մետիչիի պէս մարդիկ հաւաքեցին հին յունարէն եւ լատիներէն ձեռագրեր՝ ստեղծելով Մարքեան եւ Լորենցեան գրադարանները։ «Դեկամերոն»-ի նշանաւոր հեղինակը (Պոքաչչօ, ԺԴ. դար) յայտնի էր նաեւ գիրքեր հաւաքելու մոլուցքի հասնող իր հետաքրքրութեամբ։ Ան ապրեցաւ այն ժամանակաշրջանին, երբ անձնական գրադարանները համեմատաբար հազուագիւտ էին։ Պոքաչչօ խորապէս նուիրուած էր դասական գործերու վերածնունդին եւ ուսումնասիրութեան։
Այս երկու հռչակաւոր իտալացիները՝ Պոքաչչօ եւ Փեթրարք, իրենց ժամանակին կարեւոր մասը նուիրած էին հին ձեռագրերու եւ գիրքերու հաւաքագրութեան, եւ յաճախ ստիպուած էին ժամանակ տրամադրել եւ ընդօրինակել հին գիրքերը, քանի որ խստիւ արգիլուած էր ատոնց դուրսբերումը վանքերէն կամ մենաստաններէն։
Փաստօրէն, մարդկութիւնը յիշեալ երկուքին եւ անոնց պէս ուրիշ նուիրեալներու ջանքերուն կը պարտի բազմաթիւ դասական ստեղծագործութիւններու գոյութիւնը։
Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ մէջ ձեռագրերուն մեծ մասը նախ կը պահուէր մենաստաններու, աւելի ուշ նաեւ թագաւորական եւ անձնական հաւաքածոներու մէջ, մինչ Գերմանիոյ մէջ մեծ ուշադրութիւն կը դարձուէր ուսումնական եւ եկեղեցական հաւաքածոներու դասակարգումին եւ ուսումնասիրութեան։
ԺԹ. եւ Ի. դարերուն, արժէքաւոր ձեռագրեր հաւաքագրեց նաեւ Նիւ Եորքի Morgan Library & Museum-ը, ուր կան նաեւ հայկական ձեռագրերու օրինակներ։
Վերոյիշեալ բոլոր փաստերը կու գան ապացուցելու, որ մշակութային ժառանգութիւնը կը գոյատեւէ ոչ միայն զանոնք արարողի, այլեւ պահպանող մարդոց ու համայնքներու շնորհիւ, որոնք հեռատեսօրէն պահապանը դարձած են գրաւոր կամ տպագիր լեզուի եւ գրականութեան, յաղթահարելով իրենց դարաշրջանի բազում փորձութիւնները։
Այսօր, սակայն, մենք մաս կը կազմենք նոր դարագլուխի մը, որ թուային գրականութիւնը եւ ընդհանրապէս գիրի աշխարհը ընդլայնելով զայն կը տեղափոխէ բազմաշերտ հարթութիւն։
Արդեօք մարդկութեան ստեղծած ժառանգութիւնը՝ հնագոյն գրական յուշարձանները, փորձ պիտի ընե՞ն փոխարինել թուային գրականութեամբ, թէ՞ երկու տեսակները պիտի գոյակցին քով-քովի՝ իւրաքանչիւրը իր իւրօրինակ արժէքով ու նշանակութեամբ։
Այս հարցը բոլորս կը հրաւիրէ խորհելու, թէ ինչպէ՞ս պահպանենք անցեալի հարստութիւնը, միաժամանակ ընդունելով ճարտարագիտութեան նոր առաջարկները, առանց վտանգելու լեզուին եւ մշակոյթին գանձերը։
Անի Թորանեան







Մեկնաբանէ