
Գիւմրի մէջ ազդարարուեցաւ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու մեկնարկը: Ձեռնարկները Վարպետի յուշատուն-թանգարանին եւ քաղաքի մշակութային տարբեր վայրերու մէջ։
Հոկտեմբեր 30ին, Իսահակեանի ծննդեան օրը, Թատերական հրապարակին վրայ, Վարպետի արձանի մօտ, տեղի կ՛ունենայ ծաղիկներու խոնարհման արարողութիւն։ Իսկ «Կումայրի» արգելոց-թանգարանի ցուցասրահին մէջ պիտի բացուի յատուկ ցուցադրութիւն, «Իսահակեանը արուեստի մէջ» խորագիրով։ Տիկնիկային թատրոնին մէջ պիտի ներկայացուի «Քաղաքի խելօքները» ներկայացումը։







Մեկնաբանէ