Եւրոպական միութիւնը սկսած է հակառուսական պատժամիջոցներու 20-րդ փաթեթի պատրաստութեան աշխատանքներուն, որ կը վերաբերի Ռուսիոյ ուժանիւթի մեծ ընկերութիւններուն, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներու ընկերութիւններու։

Միջոցներ ձեռք պիտի առնուին նաեւ այն երկիրներուն դէմ, որոնք կ՛օգնեն Ռուսիոյ շրջանցելու պատժամիջոցները: Հոկտեմբեր 23ին ԵՄ-ն ընդունած էր հակառուսական պատժամիջոցներու 19-րդ փաթեթը:

Եւրոպական խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, պատժամիջոցները կը թիրախաւորեն Ռուսիոյ ուժանիւթի, ֆինանսական եւ ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտները: Պատժամիջոցներու ցուցակին աւելցած է ստուերային նաւատորմի եւս 117 նաւ, ընդհանուր թիւը հասցնելով է 557ի: 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ