Հայաստանը «Մանկական Եւրատեսիլ 2025» երգի միջազգային մրցոյթին կը ներկայացնէ 12ամեայ Ալպէրթ Արմենակեանը:

Հայաստանի այս տարուայ ներկայացուցիչը ընտրուած է Հանրային հեռուստաընկերութեան նախապէս յայտարարած մրցոյթի արդիւնքներով, որուն մասնակցած էին աւելի քան 80 թեկնածուներ։

Ալպէրթ երգարուեստի իր առաջին քայլերը կատարած է վեց տարեկանին։ Վերջին երեք տարիներուն, մասնակցելով հայաստանեան նախընտրական փուլերուն, փորձած է իրականութիւն դարձնել իր երազանքը։

Հայաստանեան պատուիրակի երգը եւ տեսահոլովակը շուտով կը հրապարակուին: Մրցույթը տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիսի մէջ Դեկտեմբեր 13ին։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ