
Միջազգային քաղաքականութիւնը իբրեւ հարթակ եւ միջազգային ընտանիքը իբրեւ իտէալական հաստատում, կը ձգտին ստեղծել այնպիսի տպաւորութիւն մը, որուն հիման վրայ՝ շուրջ 200 երկիրներ մաս կը կազմեն նոյն մեծ հաւաքականութեան եւ միասնաբար կը ձգտին երկրաքունդի զարգացման, բարելաւման, եւ խաղաղութեան ապահովման: Սակայն, իրապաշտ քաղաքական (Realpolitik) մտածողութիւնը յստակօրէն կը հաստատէ, որ միջազգային ընտանիքը իրականութեան մէջ անտառ մըն է, որուն մէջ հզօրագոյն պետութիւններն են, որոնք կը պայքարին ապահովելու իրենց շահերը եւ ուղղակի կամ անուղղակի կը տիրապետեն իրենց ենթակայ կամ իրենցմէ կախեալ պետութիւններուն վրայ: Միաժամանակ, միջազգային ընտանիքի գաղափարախօսութեան հաստատումը եւ Մ․Ա․Կ․-ի նման միջազգային կազմակերպութիւններու ստեղծումը առիթ ընծայեց, որ որոշ պետութիւններ, մեկնած իրենց մշակութային, կրթական, գաղափարական, կրօնական, քաղաքական եւ ընկերատնտեսական մօտեցումներէն կամ շահերէն միասնաբար մշակեն բարեկամական յարաբերութիւններ:
Այստեղ, կառուցողական (constructivist) քաղաքական մտածողութեան դպրոցը կու գայ ամբողջացնելու իրապաշտներու թեզը, այսպէս տալով աւելի յստակ բնութագրում միջազգային ընտանիք անունը կրող միջավայրին, իբրեւ զուտ շահերէ եւ միաժամանակ մշակութաքաղաքական ու գաղափարական միտքերու վրայ հիմնուած հաւաքականութիւն: Թուրքիան իբրեւ շրջանային գերտէրութիւն ունի զանազան տեսակի յարաբերութիւններ ու բազմաթիւ կարգավիճակներ ունեցող դաշնակիցներ: Այս պարագային Փաքիստանը կը հանդիսանայ այն պարագան, ուր քաղաքական եւ տնտեսական շահերուն կողքին կու գայ նաեւ աւելնալու կրօնական, մշակութային եւ գաղափարական մտածողութիւններու համադրումը ու համարկումը: Հետեւաբար, ինչո՞ւ Փաքիստանը եւ ոչ Հնդկաստանը, ինչպէ՞ս հաստատուեցան այս յարաբերութիւնները եւ ի՞նչ է այս գործակցութեան ներկայ կարգավիճակը:
Առաջին հերթին պէտք է գիտակցիլ, որ նախքան յարաբերութիւններ հաստատուին պետական մակարդակով, երկու երկիրներու ժողովուրդները ունէին որոշ կրօնաքաղաքական կապուածութիւն, նկատի ունենալով, որ 16-րդ դարէն սկսեալ Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ Հնդկաստանի ու Փաքիստանի ներկայ տարածքներուն վրայ իշխող Մուկհալներու կայսրութիւնը ունէին բարեկամական սերտ յարաբերութիւններ եւ դաշնակից էին Սէֆեան Իրանի դէմ: Աւելին, Մուկհալները կը ճանչնային Օսմանեան Կայսրութիւնը իբրեւ խալիֆայութիւն: Հնդկաստանի վրայ անգլիացիներու գերիշխանութեան ժամանակ, Լոնտոն շատ անգամ վախցած է խալիֆայութեան կողմէ մղուած իսլամ տարրերու հաւանական կամ ոչ-հաւանական ապստամբութիւններէ: Պաշտօնապէս, դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուեցան 1947-ին, երբ Փաքիստան հռչակեց իր անկախութիւնը եւ Թուրքիան դարձաւ պաշտօնական Իսլամապատը ճանչցող առաջին պետութիւններէն մէկը:
Անկախ Փաքիստանի առաջին ղեկավար Մուհամմէտ Ալի Ժինահ, արդէն իսկ այդ օրերուն բազմիցս արտայայտուած էր Մուսթաֆա Քեմալի ղեկավարական ձիրքերուն եւ արժէքներուն մասին: Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կայ իր անունը կրող մայրուղի մը: Մուսթաֆա Քեմալի մասին նոյնքան հմայքով խօսած է նաեւ Փասքիտանի նախկին նախագահ Փերվէզ Մուշարրաֆ (2001-2008): Կարեւոր է նաեւ նշել, որ այս երկու երկիրներուն պատմական եւ կրօնաքաղաքական գործակցութիւնը ամրացած է, նկատի ունենալով, որ անոնց բնակչութեան աւելի քան 90 առ հարիւրը սիւննի իսլամներ են: 2009-ին, երկկողմանի յարաբերութիւններուն մակարդակը բարձրացնելու նպատակով հաստատուեցան երկու երկիրները համախմբումով Բարձր Մակարդակի Համագործակցութեան Խորհուրդը, որ յետագային ստացաւ խորհրդանշական փոփոխութիւն վերանուանուելով Բարձր Մակարդակի Ռազմավարական Համագործակցութեան Խորհուրդ:
78 տարեկան պաշտօնական այս յարաբերութիւնները ունին զանազան բնոյթներ: Պատմականօրէն ծանօթ է նաեւ Քաշմիրի շրջանին գծով Փաքիստան-Հնդկաստան թշնամութիւնը, որուն հետեւանքով մղուած են բազմաթիւ պատերազմներ: Անգարան տեւաբար, նոյնիսկ Մ․Ա․Կ․-ի ընդհանուր ժողովներու առիթով արտայայտուած է այս նիւթին մասին, իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով Իսլամապատին եւ դատապարտելով Նոր Տելհին: Թուրքիոյ համար երկու երկիրները կարեւոր են, սակայն Փաքիստանի կարեւորութիւնը կը կայանայ արեւմտեան, Միացեալ Նահանգներու կողմէ ղեկավարուած ռազմավարական պլոքէն դուրս ըլլալու մէջ, ինչ որ Հնդկաստանի պարագան չէ: Հետեւաբար, Անգարա, Փաքիստանի հետ իր յարաբերութիւնները կը դիտէ նաեւ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութենէն դուրս այլ տարածաշրջանի մէջ ռազմավարական դաշնակից ունենալու անհրաժեշտութեամբ:
Տնտեսական իմաստով, Փետրուար 2025-ին, Թուրքիոյ նախագահը աշխատանքային այցելութիւն մը կատարելով Իսլամապատ, Փաքիստանի վարչապետին հետ ստորագրեց տնտեսական, ռազմական, քաղաքական եւ մշակութային 24 համաձայնագիրներ: Օգոստոս 2025-ին, Թուրքիա եւ Փաքիստան յայտարարեցին Փաքիստանի մեծագոյն քաղաք Քարաչիի մէջ, թուրք գործարարներու համար հաստատուելիք տնտեսական յատուկ շրջանի մը մասին:
Ներկայիս, Փաքիստանի մէջ Թուրքիոյ տնտեսական գործունէութեան արժէքը կը կազմէ երկու միլիառ տոլար եւ արդէն իսկ իրականացուած են աւելի քան երեք միլիառ տոլար արժողութեամբ ծրագիրներ: Առեւտրական իմաստով, երկկողմանի հասոյթը կը կազմէ մէկ միլիառ տոլար, որուն մինչեւ հինգ միլիառ տոլարի բարձրացման մասին արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացած է: Այստեղ հարկ է նշել, որ 240 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Փաքիստանը, թրքական արտադրութիւններուն համար հսկայական շուկայ կը կազմէ: Միաժամանակ, Թուրքիան կը գիտակցի Հնդկաստանի կարեւորութիւնը, որոնք ռազմաքաղաքական պայմաններու պատճառով շատ անգամ կը հակադրուին, հակառակ անոր, որ կը պահպանեն տնտեսական լայն գործակցութիւն՝ յատկանշուած Հնդկաստանի կողմէ 2.7 միլիառ տոլար արժողութեամբ թրքական արտադրութիւններու ներածմամբ եւ դէպի Թուրքիա 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ հնդկական արտադրութիւններու արտածմամբ: Թուային պատկերները կրնան հակառակ պատկեր տալ, սակայն կարեւոր է նշել, որ առեւտրական այս գործակցութիւնը հիմնուած է որոշ նիւթերու գծով փոխ-կախեալ ըլլալէն եւ ոչ պարզապէս տնտեսական բարեկամութեան եւ գործակցութեան վրայ:
Ռազմական իմաստով, Մայիս 2025-ին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարեց, որ Փաքիստանի հետ գործակցութիւնը նաեւ կը ներառէ հետախուզական մարզը: Միաժամանակ, Էրտողան յայտնեց, որ Փաքիստան պատրաստակամութիւն յայտնած է ներածել թրքական մարտանաւեր եւ ուղղաթիռներ: Ընդհանուր գիծերու մէջ, Թուրքիան, Չինաստանէն ետք կը գրաւէ դէպի Փաքիստան զէնք ու զինամթերք արտածող երկրորդ դիրքը, մատակարարելով Իսլամապատի տարեկան ռազմական կարիքներու 11 առ հարիւրը:
Սակայն, Փաքիստանի հետ այս գործակցութիւնը պատճառ դարձած է այլ տարածաշրջաններու մէջ Թուրքիա-Հնդկաստան սուր հակադրութեան: Օրինակի համար, Փաքիստան բազմիցս իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան: Միւս կողմէ, Հնդկաստան բարձրացուցած է Եւրոպական Միութեան հետ իր գործակցութիւնը եւ վարչապետի մակարդակով այցելութիւն կատարելով Կիպրոսի հանրապետութիւն, իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են հակամարտող այդ կողմին: Նաեւ կայ այն տպարութիւնը, որ Հնդկաստան կը ձգտի Յունաստանի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի, այսինքն Անգարայի հետ հակադրուած ուժերու հետ, հաստատել բարեկամական եւ ռազմական յարաբերութիւններ, դէմ դնելու համար թրքական գործօնին: Փաքիստան, իր կարգին, տեւաբար զօրակցած է ատրպէյճանաթրքական դաշինքին նոյնիսկ մերժելով ճանչնալ ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ՝ նոյնինքն ներկայ Հայաստանի հանրապետութեան գոյութիւնը: Սեպտեմբեր 2025-ին, շրջանառութեան մէջ սկսաւ դրուիլ Փաքիստանի կողմէ Հայաստանի հաւանական ճանաչում նկատի ունենալով, որ Արցախի հարցը ատրպէյճանաթրքական դաշինքին եւ անոնց բարեկամներուն համար փակուած կը նկատուի: Հարկ է նշել, որ դիւանագիտական աւելի լայն իմաստով, Թուրքիա եւ Փաքիստան նոյնիսկ գրեթէ ամբողջութեամբ համակարգած եւ համադրած են իրենց կեցուածքները Սուրիոյ, Եմէնի, Լիպիոյ, Արցախի, Պաղեստինի եւ Քաշմիրի հակամարտութիւններուն գծով:
Հետեւաբար, յստակ է, որ Թուրքիա իր ռազմական, հետախուզական, տնտեսական եւ մշակութային ներկայութիւնը ունի Փաքիստանի մէջ, հիմնուած պատմական եւ ներկայ պայմաններու եւ զարգացումներու հիման վրայ: Տակաւին 13 Հոկտեմբերին, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ, խօսելով Թուրքիա-Ատրպէյճան-Փաքիստան յարաբերութիւններուն մասին, յայտարարեց․- «Երեք պետութիւններ, մէկ ազգ» եզրոյթին մասին, ինչ որ հսկայական նշանակութիւն ունեցող հաստատում է: Երկաթեայ այս եղբայրութիւնը ունի զանազան մակարդակներ եւ տարբեր բնոյթներ: Սակայն, անոր տկարացումը հաւանական չէ, որովհետեւ գրեթէ ամէն պայման զանոնք կը միացնէ եւ շատ ջնջին գործօններ կրնան զանոնք բաժնել: Թուրքիան՝ Օսմանեան կայսրութեան հաստատած ամուր արմատներով, մուտք գործած է հարաւային Ասիա:
Գէորգ Եագուպեան
Հայրենիք
20 Հոկտեմբեր 2025







Մեկնաբանէ