
Երէկ. Կիրակի 19 Հոկտեմբեր 2025ին, Վատիկանի Ս. Պօղոս տաճարին մէջ եւ հրապարակին վրայ, Իգնատիոս արք. Մալոյեանը` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակը եւ վեց երանելիներ սրբադասուեցան։
Լեւոն ԺԴ. քահանայապետին կողքին համապատարագեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը։
Սրբադասման արարողութեան պաշտօնական հիւրերուն շարքին էին Լիբանանի նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն, ինչպէս նաեւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի ներկայացուցիչ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, Ասորի կաթողիկէներու պատրիարք Իգնատիոս Յովսէփ Գ. Եունան, Վատիկանի գրասենեակներու եւ ժողովներու պատասխանատու ծիրանաւորներ ու բարձրաստիճան հոգեւորականները, նաեւ մեծաթիւ կրօնականներ:
Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին զանգերը աւետեցին եօթը երանելիներուն սրբադասումը:







Մեկնաբանէ