
Գիւմրիի համայնքապետ Վարդան Ղուկասեանի եւ եօթ այլ անձերու նկատմամբ կայացուած են հանրային քրէական հետապնդումներ յարուցելու եւ ձերբակալելու մասին որոշումներ։ Այս մասին յայտնած է Հակակոռուպցիոն կոմիտէն։
Պարզուեր է որ Գիւմրի համայնքի ղեկավարը եւ գլխաւոր ճարտարապետը, տեղեկանալով որ քաղաքացիին կողմէ Գիւմրի համայնքի Գարեգին Նժդեհ փողոցի 1/9 հասցէին վրայ կառուցուած է շուրջ 1500 քմ մակերեսով ինքնակամ շինութիւն, քաղաքացիին հետ մտած են «կոռուպցիոն» գործարքի մէջ՝ խոստանալով կառուցուած ինքնակամ շինութիւնը չքանդել եւ անոր դիմաց պահանջած են չորս միլիոն ՀՀ դրամ կաշառք։







Մեկնաբանէ