Իրանի եւ Աֆղանիստանի պաշտօնեաները քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ անվտանգութեան ծիրէն ներս համագործակցութիւնը սահմանի երկայնքով անվտանգութիւնն ապահովելու ուղիները, կը յայտնէ իրանական Mehr գործակալութիւնը։

Երկու կողմերը մանրամասն խորհրդակցութիւններ ունեցած են թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի եւ ընդհանուր սահմանի երկայնքով համակարգման բարելաւման համատեղ ջանքերու վերաբերեալ։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ