
Երբ պետական մամլոյ հաղորդագրութիւնը գործիքի կը վերածուի ՝ հոգեւոր իրողութիւնները քաղաքականացնելու նպատակով, այնտեղ ո՛չ թէ պատահական շեղում մը կը յայտնուի, այլ՝ վտանգաւոր մօտեցում։
Հինգշաբթի օր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանի մատենադարանապետ, Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Մաշտոցեան Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի հետ այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Սրբազան հայրը պարոն վարչապետին փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 30 ամեակին նուիրուած յատուկ քաթալոկը։ Հանդիպման ընթացքին Շահան սրբազան, յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ կացութեան գծով եւ շեշտեց եկեղեցի-պետութիւն գործակցութեան կարեւորութիւնը։ Միաժամանակ ան արծարծեց հոգեւորականներու ձերբակալութեան հարցը եւ այդ գծով անհրաժեշտ լուծումներ որոնելու հրամայականը։
Նշենք, որ Շահան արքեպիսկոպոս Երեւանի մէջ մշակութային ծրագիրով կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ եւ Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան ու գահակալութեան նուիրուած յատուկ նկարազարդ քաթալոկը յանձնեց Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարին ու Խորհրդարանի նախագահին (անոնց քարտուղարութեանց ճամբով), ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն պիտի փոխանցէ՝ երկրի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին եւ նախկին նախագահներ Ռոպեր Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգիսեանին։
Սակայն վարչապետին մամլոյ ծառայութիւնը սոյն եղելութիւնը ամբողջովին այլ գծով ներկայացուց՝ անտեսելով այն հաւասարակշռուած, բայց խորը մտահոգութիւնը, զոր Վեհափառը փոխանցած էր։ Այդ կեղծ լուսարձակումը ոչ միայն խեղաթիւրեց այցին բուն ոգին, այլեւ փորձեց քաղաքական բնոյթ տալ հոգեւոր առաքելութեան մը, զոր երբեք պէտք չէ շահագործել ո՛չ իշխանութեան, ո՛չ ընդդիմութեան կողմէ։
Արամ Վեհափառ, միշտ մնացած է անբեկանելի ձայն մը՝ մարդու արժանապատուութեան եւ ազատութեան պաշտպանութեան դաշտին մէջ։ Ան՝ երէկ, այսօր եւ վաղը դատապարտած է, ու կը դատապարտէ «քաղաքական նպատակ հետապնդող բանտարկութիւնները»՝ մատնանշելով այն վտանգը, երբ քաղաքական կամայականութեամբ կը փոխարինուի արդարութիւնը:
Այսօրուան Հայաստանը կը պահանջէ պետական ղեկավարութիւն մը, որ լսէ հոգեւոր զգայնութիւնը՝ ոչ թէ օգտագործէ զայն։ Եկեղեցւոյ դերը ո՛չ քաղաքական է, ո՛չ իշխանական․ ան բարոյական բեկումն է, այն ուժը կամ մարմինը, որ կը հսկէ եւ կը պաշտպանէ մարդու կամ հասարակութեան խիղճը եւ առանց վախի կը բարձրացնէ ճշմարտութեան ձայնը։ Իսկ երբ պետութիւնը կը փորձէ այդ ձայնը ճզմել կամ լռեցնել, այնտեղ կը սկսի բարոյական անկումը։
Այդ իսկ պատճառով՝ անհրաժեշտ է յստակացնել. պետութիւն–եկեղեցի գործակցութիւնը չի նշանակեր ենթակայութիւն։ Ան համահունչ աշխատանք մըն է՝ յանուն հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային ամբողջութեան։ Իսկ քաղաքական շահագործումը, որքան ալ ճարպիկ ձեւով մատուցուի, ի վերջոյ կը բացայայտէ իր իսկական դիմագիծը՝ անպարկեշտութիւն եւ շղարշի ներքոյ գործող քարոզչութիւն։
Հայ ժողովուրդը, դարեր շարունակ իր գոյութիւնը պահած է հաւատքով եւ եկեղեցական արժէքներով, լաւ գիտէ տարբերել՝ ո՛վ կը ծառայի ճշմարտութեան, եւ ո՛վ կը շահագործէ զայն։ Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր, առանց խոնարհելու քաղաքական շահերու առջեւ, աւելի քան երբեք պէտք է կենանք մեր հոգեւոր եւ բարոյական հիմքերուն վրայ։
Ահարոն Շխրտըմեան







Մեկնաբանէ