
Քրեմլինը բովանդակալից եւ անկեղծ որակած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփի հեռախօսազրոյցը, որ տեւած է մօտաւորապէս երկուսուկէս ժամ։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին շեշտուած է ուքրանական ճգնաժամի հետ կապուած հարցերը։
Ռուաիոյ նախագահը նշած է որ Ռուսիոյ զօրքերը ամբողջական վերահսկողութիւն ունին ռազմավարական նախաձեռնութեան նկատմամբ։
Թրամփ բազմիցս ընդգծած է խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը։ Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յիշատակած է իր յաջողութիւնները հակամարտութիւններու լուծման գծով։
Արծարծուած է նաեւ Ուքրանիոյ Tomahawk թեւաւոր հրթիռներու հնարաւոր մատակարարման հարցը։ Փութին կրկնած է իր թէզը, որ Tomahawk-ները չեն փոխեր պատերազմի դաշտին վրայ իրավիճակը, բայց զգալի վնաս կը հասցնեն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն։







Մեկնաբանէ