
Անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ, քոնկրեսական Տերըլ Այսա ներկայացուց այսպէս կոչուած «Խաղաղութեան Օրէնք» (PEACE Act)՝ օրինագիծը, որ ներկայացուեցաւ իբրեւ համարձակ նախաձեռնութիւն՝ զսպելու Ատրպէյճանի յետագայ նախայարձակումը Հայաստանի դէմ։
Հակառակ այն պնդումներուն, թէ օրինագիծը պիտի կիրառէ «աննախադէպ պատժամիջոցներ» Ատրպէյճանի նկատմամբ, իրականութեան մէջ այն թուղթէ վագր մըն է՝ նախատեսուած կարծես կոշտ երեւալու, բայց գործնականօրէն՝ անպէտք, անիրագործելի եւ սահմանափակ շրջանակով։ Պատժամիջոցները պիտի գործադրուին միայն Հայաստանի նկատմամբ «նոր նախայարձակման» պարագային, անտեսելով Ատրպէյճանի կողմէ ինքնիշխան Հայաստանի հողերուն շարունակուող գրաւումը, հայ գերիներ պահելն ու չարաշահումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ ունեցուածքի ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ Արցախի հայութեան ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը։
Որպէս արդիւնք, օրինագիծը չափազանց ցած չափանիշ կը սահմանէ Ատրպէյճանի պատասխանատուութեան համար՝ կանխելով միայն «նոր նախայարձակումը», բայց արդարացնելով եւ բնականոնացնելով անոր շարունակուող ոտնձգութիւններն ու մարդու իրաւունքներու խախտումները։ Հայաստանի համար՝ այս աժան մխիթարութիւն մըն է, որ կը փակէ իրական արդարութեան եւ պատասխանատուութեան դռները։
ԻՆՉՈ՞Ւ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔ»Ը ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԷ
– ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ՝ ԱՌԱՆՑ ԿԻՐԱՐԿՈՒՄԻ
Թէեւ Քոնկրեսը կրնայ արտօնել պատժամիջոցներ, անոնց գործադրութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ կը մնայ նախագահին հայեցողութեան։ Նոյնիսկ եթէ որեւէ անձ կամ երկիր համապատասխանէ պատժամիջոցներու չափանիշներուն, նախագահը պարտաւոր չէ զանոնք կիրառել։ Բացի այդ, պատժամիջոցներու մեծ մասը (ներառեալ այս օրինագիծը) նախագահին կը շնորհեն լայն հայեցողական լիազօրութիւն՝ շրջանցելու պատժամիջոցները, եթէ ան եզրակացնէ, թէ այդ շրջանցումը կը ծառայէ Միացեալ Նահանգներու «ազգային ապահովութեան շահերուն»։ Այս բացատրութիւնը վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին օգտագործուած է անընդմէջ՝ տարբեր վարչակազմերու կողմէ, ներառեալ Թրամփի վարչակազմին, շրջանցելու Ատրպէյճանին ռազմական օժանդակութեան օրինական սահմանափակումները։
– ՇԵՂՈՒՄ՝ ԱՐԴԷՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐԷՆ
Նախագահը արդէն ունի լիազօրութիւն՝ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ատրպէյճանի դէմ։ «Կլոպըլ Մակնիցքի» պատժամիջոցները անոր հնարաւորութիւն կու տան սառեցնելու գումարներ եւ արգիլել Ամերիկա մուտքը այն պաշտօնատարներուն, որոնք մեղաւոր են մարդու իրաւունքներու խախտումներ կատարելու յանցանքով։ Եւրոպական Միութիւնը, Մեծ Բրիտանիան, Գանատան եւ Աւստրալիան ունին նմանատիպ օրէնսդրութիւն, այսինքն՝ ամերիկեան կիրարկումը կրնայ խթանել միջազգային մակարդակի պատասխանատուութիւն։ Բացի այդ, գոյութիւն ունին այլ գործիքներ եւս՝ որոնք կրնան կիրարկուիլ Ատրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտին դէմ, մանաւանդ՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ անոր կապերուն պատճառով։ Ուաշինկթընի մերժումը՝ օգտագործելու առկայ այս գործիքակազմը, կասկածի տակ կը դնէ, թէ նոյնիսկ եթէ «Խաղաղութեան Օրէնք»ը ընդունուի, արդեօ՞ք անիկա երբեւէ պիտի գործադրուի։
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՈՒՄԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ
Ուաշինկթընի ներգրաւուածութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին հիմնականին մէջ կը բխի իր տարածաշրջանային ուժանիւթի շահերէն։ Ատոր վկայութիւնն են՝ Թրամփի նախաձեռնած «Միջազգային Խաղաղութեան Ուղին» (TRIPP), որ Միացեալ Նահանգներուն կը շնորհէ բացառիկ իրաւունք՝ Սիւնիքով Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ կապող «անխոչընդոտ հաղորդակցութեան» զարգացումին եւ շահագործման մէջ։ Նաեւ առկայ են Ամերիկա-Ատրպէյճան փոխըմբռնման յուշագիրը՝ պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու, ինչպէս նաեւ ExxonMobil եւ SOCAR ընկերութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը՝ ընդլայնելու ամերիկեան ներդրումները Ատրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ։
Անհաւատալի է կարծել, թէ վարչակազմը պիտի պատժէ այն նոյն ուժանիւթի ոլորտը, ուր ինք կը շարունակէ ընդլայնել իր ներդրումները։ Նման ակնկալութիւն՝ լաւագոյն պարագային միամիտ է, իսկ վատագոյն պարագային՝ դիտաւորեալ մոլորեցնող։
– ԿԵՆՏՐՈՆԱՑՈՒՄԸ «ՆՈՐ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄ»Ի ՎՐԱՅ՝ ԱՆՏԵՍԵԼՈՎ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ
Օրինագիծը կը փորձէ կանխել միայն «նոր նախայարձակում» մը, բայց անով կը շրջանցէ շարունակուող այն մարդու իրաւունքներու եւ ապահովական խնդիրները, որոնք անլուծելի մնացած են խաղաղութեան գործընթացին մէջ։ Իսկ այդ խնդիրներն են, որոնք կը սպառնան Հայաստանի ապահովութեան եւ արդար խաղաղութեան հեռանկարներուն։
Այս հարցերը անտեսելով՝ օրինագիծը փաստօրէն կը բնականոնացնէ ու կը վարձատրէ Ատրպէյճանի ցարդ կիրարկուող յարձակողական քաղաքականութիւնը։ «Ներկայ» եւ «նոր» նախայարձակում բառերուն միջեւ կամայական գիծ մը քաշելով՝ Ատրպէյճանը կրնայ խուսափիլ նոր սրացումէ, բայց շարունակել գերիներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը եւ ամրապնդել իր բռնագրաւումը՝ առանց պատժամիջոցներու գործարկման։
ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ
Թէեւ Հայաստանի կառավարութեան մօտ կանգնած շրջանակները ողջունած են «Խաղաղութեան Օրէնք»ը, անոնք չեն կրնար բացատրել, թէ ինչո՞ւ պատժամիջոցները պէտք է սահմանափակուին միայն «նոր նախայարձակում»ով եւ չեն վերաբերին Հայաստանի բռնագրաւուած հողերուն կամ հայ գերիներու հարցերուն: Անոնք նաեւ չեն կրնար բացատրել, թէ ի՞նչպէս այս օրինագիծը կրնայ վստահելի կերպով զսպել ապագայ նախայարձակումը՝ երբ անիկա կ՛արդարացնէ ներկայի խախտումները:
Առկայ են պատժամիջոցներ եւ պատասխանատուութեան գործիքներ, որոնք կրնան թիրախաւորել Ատրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտը, կանխել ռազմական նախայարձակումը եւ ապահովել մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար արդարութիւն, եւ անոնք Քոնկրեսին մէջ կը վայելեն երկկուսակցական ուժեղ աջակցութիւն: Հետեւաբար, ինչո՞ւ խոչընդոտել այս առկայ պատժամիջոցներու կիրարկման ջանքերը՝ առաջ բերելով անպէտք եւ անիրագործելի օրինագիծ մը, որ կ՛իջեցնէ Ատրպէյճանի պատասխանատուութեան չափանիշը՝ բնականոնացնելով անոր կողմէ շարունակուող մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ յարձակողական քաղաքականութիւնը:
Ուաշինկթընի մեծցող ներդրումները Ատրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ լուրջ կասկած կը յառաջացնեն, թէ Թրամփի վարչակազմը երբեւէ կրնայ կիրառել պատժամիջոցներ այդ ճիւղին նկատմամբ: Ինչո՞ւ վարչակազմը պիտի կիրառէ ուժանիւթի ոլորտի պատժամիջոցներ, երբ գործօն կերպով կ՛ընդլայնէ համագործակցութիւնը այդ երկրին հետ՝ եւ հաշուի առնելով անոր հրաժարումը անդրադառնալու Ատրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտի դերակատարութեան՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ պատժամիջոցները շրջանցելու հարցին մէջ:
Ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ անոր ներկայացուցիչները խոչընդոտած են ջանքերը՝ ապահովելու հայ գերիներու ազատ արձակումը, հայկական ժառանգութեան եւ ունեցուածքի պաշտպանութիւնը եւ բռնի ուժով տեղահանուած հայերու իրաւունքը՝ վերադառնալու Արցախ, յատկապէս երբ ամերիկեան վարչակազմը արդէն յայտարարած է իր աջակցութիւնը այս հարցերուն: Ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութիւնը չէ օգտագործած Ուաշինկթընի դերը՝ պատժամիջոցներ գործադրելու Ատրպէյճանի վրայ, ճնշում բանեցնելու համար, որ ազատ արձակուին հայ գերիները եւ ետ քաշուին զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան հողերէն:
Անպատասխան այս հարցերը միայն կ՛ընդգծեն, որ «Խաղաղութեան Օրէնք»ը երբեք նախատեսուած չէ իրական գործադրութեան համար՝ եւ նախատեսուած է միայն որպէս խորհրդանշական նկատողութիւն Ատրպէյճանի համար՝ առանց նշանակալի հետեւանքներու: Օրինագիծը կը ծառայէ Հայաստանի կառավարութեան եւ անոր մերձաւորներուն՝ մեղմելու մտահոգութիւնները խաղաղութեան գործընթացին մէջ Հայաստանի ապահովութեան առարկայական երաշխիքներու բացակայութեան մասին, միաժամանակ շեղելով ջանքերը՝ պատասխանատուութիւն եւ արդարութիւն ապահովելու համար Ատրպէյճանի մարդու իրաւունքների խախտումներուն եւ շարունակուող յարձակողական քաղաքականութեան նկատմամբ:
Միացեալ Նահանգները կրնայ վճռորոշ դեր ունենալ մարդու իրաւունքներու եւ ապահովական հարցերու լուծման մէջ, որոնք դուրս մնացած են նախաստորագրուած երկկողմ խաղաղութեան համաձայնագրէն։ Արտաքին ճնշումը անհրաժեշտ է, քանի որ համաձայնագիրը կը նախատեսէ, որ Հայաստանը հրաժարի իր միջազգային դատական հայցերէն Ատրպէյճանի դէմ՝ փակելով իրաւական ուղիները արդարութեան հասնելու համար։
Արդէն հրաժարելով իրաւական ճամբաներէն, Հայաստանի կառավարութիւնը եւ իր մերձաւոր շրջանակը այժմ կը փորձեն խոչընդոտել նաեւ քաղաքական ուղիները՝ յառաջ մղելով անպէտք եւ անիրագործելի օրինագիծ մը, որ կը բնականոնացնէ Ատրպէյճանի նախայարձակումը եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները՝ խորհրդանշական նկատողութեան ձեւաչափով։
ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՊԻՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՅ ԻՐԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
Քոնկրեսը պէտք է իր ջանքերը կեդրոնացնէ պատասխանատուութեան առկայ գործիքակազմները կիրառելուն վրայ՝ ապահովելու համար իսկական հետեւանքներ Ատրպէյճանի նախայարձակ քաղաքականութեան համար, ներառեալ՝
– «Ազատութեան Աջակցութեան Օրէնքի» (FREEDOM Support Act) 907րդ յօդուածի ամրապնդում։ Քոնկրեսը պէտք է խստացնէ Ատրպէյճանի նկատմամբ ամերիկեան ռազմական օգնութեան սահմանափակումները, զանոնք շրջանցելու նախագահին իրաւասութիւնը սահմանափակելով, մինչեւ որ Ատրպէյճանը՝
Ա․ Ազատ արձակէ բոլոր հայ գերիները,
Բ․ Ապահովէ հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ ունեցուածքի պաշտպանութիւնը,
Գ․ Ամբողջութեամբ ետ քաշէ իր զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան հողերէն։
– «Կլոպըլ Մակնիցքի» պատժամիջոցներու կիրարկում։ Քոնկրեսը պէտք է պարտադրէ վարչակազմին կիրարկել նշեալ պատժամիջոցները այն ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու դէմ, որոնք պատասխանատու են պատերազմական ոճիրներու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար՝ ընդունելով «Ատրպէյճանի Պատժամիջոցներու Վերանայման Օրէնքը» (Azerbaijan Sanctions Review Act of 2025) եւ գործածելով իր վերահսկողական լիազօրութիւնները։
– Երկրորդային պատժամիջոցներ՝ շրջանցումներու դէմ։ Քոնկրեսը պէտք է պարտադրէ վարչակազմին կիրառել երկրորդային պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի դէմ, որովհետեւ Պաքու կը շրջանցէ Ռուսիոյ եւ Իրանի ուժանիւթի ու ապահովական ոլորտներուն դէմ հաստատուած պատժամիջոցները։ Այս միջոցը աւելի իրատեսական եւ ազդեցիկ է՝ նկատի ունենալով վարչակազմի վերջին պայքարը պատժամիջոցներու շրջանցման դէմ։
– Քոնկրեսի վերահսկողական գործիքներ։ Քոնկրեսը կրնայ գործածել իր վերահսկողական գործառոյթը՝ պահանջելով վերանայիլ եւ կասեցնել Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին՝ «Արտաքին Օժանդակութեան Օրէնքի» (Foreign Assistance Act) 502B(c) յօդուածի հիման վրայ։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Կեդրոնանալով միայն «նոր նախայարձակման» վրայ եւ անտեսելով Ատրպէյճանի շարունակուող մարդու իրաւունքներու խախտումները ու Հայաստանի ինքնիշխան հողերու բռնագրաւումը՝ «Խաղաղութեան Օրէնք»ը վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծէ՝ բնականոնացնելով Ատրպէյճանի վարքագիծը եւ տկարացնելով ջանքերը՝ ուղղուած իրական արդարութեան հաստատման։
Քանի որ խաղաղութեան համաձայնագիրը չի ներառեր որեւէ դրոյթ՝ ապահովելու հայ գերիներու ազատ արձակումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը, «Խաղաղութեան Օրէնք»ը հեռու է այն վճռական քայլերէն, որոնք անհրաժեշտ են՝ ապահովելու արդար, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն։
Խաղաղութիւնը անկարելի է առանց արդարութեան, իսկ նախայարձակումը չի կրնար կանխուիլ, երբ զայն կը բնականոնացնեն եւ կը պարգեւատրեն։
ԱԼԷՔՍ ԿԱԼԻՑՔԻ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքականութեան հարցերու տնօրէն
Ասպարէզ
15 Հոկտեմբեր 2025







Մեկնաբանէ