
Քաղաքաշինութեան կոմիտէի ենթակայութեամբ գործող Ալեքսանդր Թամանյանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկը կը նշէ հիմնադրութեան 35ամեակը։
Այս առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին թանգարանի աշխատակիցներուն շնորհաւորած է Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Եղիազար Վարդանեան։
Յոբելեանականի ծիրէն ներս բացուած է «Նմուշներ Հայաստանի ճարտարապետութեան գանձարանից» խորագիրը կրող ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են թանգարան-հիմնարկի պահոցներուն մէջ գտնուող հայ ճարտարապետութեան ժառանգութեան նմուշները։







Մեկնաբանէ