
Յառաջիկայ Յունիսին տեղի ունենալիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ի շարս այլ հարցերու, Ռուսաստան-Պելարռուսիա միութենական պետութեան կազմին մէջ մտնելու հարցը պիտի ըլլայ օրակարգի վրայ ու քուէարկութեան մասնակցողները ընտրութիւն պիտի կատարեն այդ հարցին շուրջ եւս։
Միութենական պետութեան մաս կազմելու հարցը հրատապ դարձաւ, երբ Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաք՝ Կիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան վերջերս յայտնեց, որ պէտք է միանալ այդ կառոյցին, քանի որ այդ պարագային Հայաստան պիտի վայելէ Ռուսաստանի պաշտպանութիւնը։ Ընդդիմադիր քաղաքապետին խօսքով՝ «Հայաստանը որեւէ բան չի ներկայացներ, որ կարենայ առանց միութեան մէջ մտնելու գոյատեւել»:
Վարդան Ղուկասեանի կողմէ նման յայտարարութեան համար պատասխանատու են նաեւ միւս ընդդիմադիր ուժերը, որոնք օժանդակեցին, որպէսզի ընտրողներու միայն տասը տոկոսին ձայները ստացած թեկնածուն դառնայ քաղաքապետ։ Յստակ է, որ ընդդիմադիր դաշտի վրայ գործող հիմնական ուժերը, բոլորն ալ կը բաժնեն Ղուկասեանի կարծիքը ու պատրաստ են զոհելու Հայաստանի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը՝ Քրեմլինին հաւատարմութիւն յայտնելու եւ այդպիսով յառաջիկայ ընտրութիւններուն անոր աջակցութիւնը վայելելու համար։
Վարդան Ղուկասեանը առաջինը չէր, որ նման տեսակէտ կը պաշտպանէր։ Իրմէ առաջ Միութենական պետութեան մաս կազմելու մասին ակնարկած էր Ռոպերթ Քոչարեանը։ Սերժ Սարգսեանը, որ տակաւին հրապարակաւ չէ արտայայտուած այդ նիւթին մասին, ինք եւս պարտաւոր է դիրք ճշդելու։ Ինչ կը վերաբերի կալանքի տակ գտնուող ռուսաստանաբնակ մեծահարուստ Սամուէլ Կարապետեանի շուրջ ձեւաւորուող քաղաքական ուժին, այդ եւս չի կրնար տարբեր կարծիք ունենալ եւ իշխանութեան գալու պարագային ստիպուած պիտի վազէ դէպի Միութենական պետութիւն։
Կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս մասին արձագանգելով՝ ըսաւ. «Ես կարծում եմ, որ ՀՀ ինքնիշխանութեան դէմ յայտարարութիւններ անողներին մենք պէտք է ուղղակի դուրս շպրտենք քաղաքական եւ հանրային դաշտից՝ քաղաքական բոլոր այն մեթոտներով, որոնք կիրառելի են ժողովրդավարական երկրում»։
Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանի պաշտպանութիւնը վայելելու մասին խօսակցութիւններուն, մօտ անցեալի փորձը վստահութիւն չի ներշնչեր հասարակութեան մօտ։ Հակառակ, որ Հայաստան մաս կը կազմէ Ռուսաստանի ղեկավարած՝ Հաւաքական սնվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան, որ կը հանդիսանայ նախկին Խորհրդային միութեան շարք մը երկիրները ընդգրկող ռազմական դաշինք, Մոսկուա օգնութիւն չցուցաբերեց իր դաշնակիցին, ո՛չ 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ, եւ ո՛չ ալ անկէ ետք, որպէս արցախահայութեան ապահովութեան երաշխաւորութիւնը ստանձնած կողմ։
Այսպիսով, քաղաքական դաշտը կը բաժնուի երկու մասի։ Անոնք, որոնք կողմ են Մոսկուայէն ղեկավարուող միութեան, եւ անոնք՝ որոնց համար Հայաստանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը գերագոյն արժէքներ են։
Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը պիտի պաշտպանէ իր երկրին անկախութիւնը, միաժամանակ պահելով իր բարեկամական, փոխշահաւէտ յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ, առանց մտնելու անոր ենթակայութեան տակ։
Հետեւաբար, յառաջիկայ ընտրութիւններուն քուէաթերթիկի վրայ պիտի ըլլան ոչ միայն քաղաքական ուժերու անունները, այլեւ Հայաստանի ապագան, որպէս անկախ, ինքնիշխան, ու ժողովրդավարական երկիր։
Գրիգոր Խոտանեան
Արարառ
11 Հոկտեմբեր 2025







Մեկնաբանէ