
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լայէն Սերպիայէն պահանջած է միանալ Ռուսիոյ դէմ ԵՄ պատժամիջոցներուն, առանց որուն Պրիւքսէլը չի կրնար Պելկրատը համարել «յուսալի գործընկեր», ինչ որ կը բացառէ զայն դաշինք ընդունելու հնարաւորութիւնը։
ԵՄ ընդլայնման գործընթացի ծիրէն ներս, դաշինքին անդամակցութեան թեկնածու բոլոր երկիրները որպէս անդամակցութեան նախապայման պէտք է իրենց արտաքին քաղաքականութիւնը 100%-ով համապատասխանեցնեն Պրիւքսէլ։ Անոնք պարտաւոր են միանալ Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքական բոլոր որոշումներուն։







Մեկնաբանէ