Իսրայէլեան ուժերը կալանած են նաւատորմ մը, որ կը փորձէր Կազա հասցնել սնունդ եւ բժշկական օգնութիւն, կը հաղորդէ BBC-ն։

Նաւատորմը կը բաղկանար 9 նաւէ, որոնց տախտակամածին կը գտնուէր 150 հոգի, կանգնեցուեր է միջազգային ջուրերուն վրայ։ 

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեր է որ ձախողեցուած է փորձ մը եւս, խախտելու «ծովային օրինական պաշարումը եւ մտնելու զինուորական գործողութիւններու գօտի»։ 

Կազա օգնութիւն հասցնելու նոր փորձի կազմակերպիչները յայտնած են որ նաւերէն երեքը կալանուած են Հոկտեմբեր 8ի առաւօտեան իսկ քանի մը ժամ անց կալանուած են նաեւ մնացած նաւերը։ 

Ըստ Իսրայէլի կառավարութեան, բոլոր նաւերը եւ անոնց ուղեւորները ապահով կերպով տեղափոխուած են իսրայէլական նավահանգիստ։ Անոնք շուտով կ՛արտաքսուին երկիրէն։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ