
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան զեկուցումինի համաձայն՝ աշխարհի մէջ ծխելու մակարդակը 15 տարուայ ընթացքին նուազած է 27 առ հարիւրով, սակայն իւրաքանչիւր հինգերորդ չափահաս կը շարունակէ կախուածութիւն ունենալ ծխախոտէն։
ԱՀԿ գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրեյեսուսը նշած է որ նշանակալի առաջընթացին ի պատասխան ծխախոտային արդիւնաբերութիւնը կը հակադարձէ, թողարկելով նիքոթին պարունակող նոր արտադրանք, որ ուղղուած է երիտասարդութեան:
ԱՀԿ-ն կոչ ըրած է բոլոր պետութիւններուն ուժեղացնել ծխախոտի դէմ պայքարի ջանքերը։







Մեկնաբանէ