
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ կոչ ըրած է Գերմանիոյ մէջ զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը վերականգնել։
Պունտըսթակը Գերմանիոյ մէջ զինուորական ծառայութեան մասին օրինագիծի քննարկում պիտի կատարէ յաջորդ շաբաթ։ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ծրագրէ ծառայողներուն թիըը հասցնել 260 հազարի, իսկ պահեստազօրինը՝ 200 հազարի։
Գերմանիոյ մէջ պարտադիր զօրակոչը վերացուած էր 2011ի Յուլիսին եւ անցում կատարուած արհեստավարժ բանակի:







Մեկնաբանէ