
ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ պատրաստակամութիւն յայտնած է առանց նախապայմաններու բանակցիլ Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Չեն Ընի հետ, յայտնած է Yonhap գործակալութիւնը։
Նախագահութեան իր առաջին նստաշրջանին, Թրամփ երեք անգամ հանդիպած է Հիւսիսային Քորեայի նախագահին հետ, որ նպաստած է Քորէական թերակղզիի իրավիճակի կայունացման։
Հարաւքորէական լրատուամիջոցները հաւանական կը համարեն որ Թրամփ կրկին հանդիպի Քիմ Չեն Ընի հետ, երկու քորէաներու սահմանին վրայ, ինչպէս եղած էր 2019ին։







Մեկնաբանէ