
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լայէն ողջունած է ԱՄՆ նախագահ Թրամփի խաղաղութեան առաջարկը, Կազայի մէջ երկու տարի շարունակուող պատերազմը դադրեցնելու գծով։
Լայէնի խօսքով՝ ԵՄը պատրաստ է իր մասնակցութիւնը բերել այդ հարցով։
Երկու պետութիւններու սկզբունքով կարգաւորումը կը մնայ Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան միակ կենսունակ ուղին, ուր իսրայէլցի եւ պաղեստինցի ժողովուրդները կ՛ապրին կողք կողքի, խաղաղութեան եւ ապահովութեան մէջ, զերծ բռնութենէ եւ ահաբեկչութենէ, նշած է ան։
Սպիտակ տան կողմից ներկայացուած ծրագիրը կը նախատեսէ Կազայի մէջ ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցում եւ ՀԱՄԱՍի կողմէ պահուող պատանդների ազատ արձակում 72 ժամուայ ընթացքին: Կազայի հատուածն անցումային շրջանի համար կը ղեկավարուի արհեստավարժներու կոմիտէի կողմէ մինչեւ պաղեստինեան կառավարութեան կողմէ բարեփոխումներու իրականացումը։ Այնտեղ կը տեղակայուին միջազգային ուժեր եւ կը սկսի մարդասիրական օգնութեան մատակարարումներ։ Կը նշուի նաեւ որ Կազայէն բռնի տեղահանութիւն պիտի չիրականացուի։







Մեկնաբանէ