Վերապատրաստման ծրագիրներու ծիրէն ներս Հայկական ակնաբուժութեան նախագիծի հետ համագործակցաբար կապ կը պահուի Լոս Անճէլըսի մանկական հիւանդանոցի եւ Հայաստանի մանկաբուժներուն միջեւ, ըսած է Լոս Անճէլըսի մանկական հիւանդանոցի Տեսողութեան կեդրոնի տնօրէն Թոմաս Լին, որ Հայաստան կը գտնուի Հայկական ակնաբուժութեան նախագիծի 65-րդ բժշկական առաքելութեան գծով։

Անոր խօսքով, 2010-2011 թուականներուն իրականացուած այդ ծրագիրը աննախադէպ էր աշխարհի մէջ։ 

Ըստ Լիի՝ Լոս Անճէլըսի մանկական հիւանդանոցը Միացեալ Նահանգներու ամէնամեծ մանկական հիւանդանոցներէն է, ուր աւելի քան 500 բժիշկ  կ՛աշխատի։

Ան յայտնած է նաեւ որ այդ համագործակցութեամբ ստեղծուած է վերապատրաստման Մանկաբուժական առցանց կրթական հարթակ (OPEN), որ ինքնակրթութեան եզակի հնարաւորութիւն է աշխարհի տարբեր անկիւններէն, որոնց կարգին Հայաստանէն հարթակին միացած բժիշկներուն եւ առողջապահութեան ոլորտի այլ մասնագէտներուն համար: 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ