
Մոլտովիայի նախագահ Մայա Սանտուի «Գործողութիւն Եւ համերաշխութիւն» կուսակցությունը կրնայ պահել խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւնը Սեպտեմբեր 28ի ընտրութիւններու լոյսին տակ, կը վկայեն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախնական տուեալները՝ ձայներու 99.52%-ի հաշուարկէն ետք։
Սանտուի կուսակցութիւնը աւելի շատ ձայներ հաւաքած է արտասահմանեան ընտրատեղամասերուն մէջ։
Իսկ ընտրութիւններէն առաջ կազմուած «Սոցիալիստներու, համայնավարներու եւ Մոլտովիայի ապագան» դաշինքը կոչ ըրած է բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն բողոքի հաւաք կազմակերպել խորհրդարանի շէնքին առջեւ։







Մեկնաբանէ