
Քսաներորդ դարը ծնեց ականաւոր առաջնորդներ՝ Չըրչիլ, տը Կոլ, Ռուզվելթ, Կանտի, Մանտելա. գործիչներ, որոնց խօսքերն ու գործողութիւնները ձեւաւորեցին ոչ միայն իրենց ազգերը, այլեւ աշխարհը։ Մեծ եղաւ անոնց ազդեցութիւնը համաշխարհային պատերազմներու, ապագաղութացման, գաղափարախօսական հակամարտութիւններու եւ Պաղ պատերազմի պատճառով. աշխարհը պէտք ունէր զօրեղ անհատականութիւններու։
21-րդ դարու համաշխարհային քաղաքականութիւնը, սակայն, նուազ կը սեւեռուի բացառիկ ձգողականութեան տէր դէմքերու վրայ, առաւելաբար կեդրոնանալով հաստատութիւններու եւ համակարգերու վրայ։ Առաջնորդներ, անշուշտ, կան, բայց ոչ մէկը, կարծես, նոյնքան երկար կը գրաւէ մարդկութեան ուշադրութիւնը։ Հաւանական է նաեւ, որ հարցը ոչ թէ այդպիսի մարդոց չգոյութիւնն է, այլ մեր մասնատուած համացանցային դարաշրջանը, համաշխարհայնացման բարդութիւնը եւ քաղաքականութեան հանդէպ վստահութեան անկումը, որոնք թոյլ չեն տար, որ ի յայտ գան համընդհանուր գնահատման արժանի գործիչներ։
Քսաներորդ դարը, սիրելի ընթերցող, տուաւ քաղաքական այն առաջնորդները, որոնց մասին մինչ օրս կը շարունակենք խօսիլ ու գրել։ Ի վերջոյ, պատմութիւնը երբեմն առաջնորդներ կը ստեղծէ այնքան, որքան առաջնորդները՝ պատմութիւն։
Վերոյիշեալ գործիչներէն երեքը եղան աւելին, քան պատերազմի առաջնորդներ։ Անոնք դարձան իրենց ազգերուն ձայնը եւ պատմութիւնը ձեւաւորեցին ոչ միայն որոշումներով, այլեւ խօսքերով, որոնք մինչ օրս կը ներշնչեն արժանապատուութիւն եւ յոյս…։
Քսաներորդ դարը եղաւ խռովութիւններու եւ փոփոխութիւններու դար, որ կը պահանջէր արտասովոր ուժ ու տեսլական ունեցող ղեկավարներ:
Այդպիսին եղան մեր խորագրին հերոսները։
Անոնք եղան ոչ միայն իրենց կառավարութիւններուն գլուխները, այլեւ դարձան ազգի տոկունութեան խորհրդանիշ:
Տարբեր էին անոնց բնաւորութեան գիծերը։ Չըրչիլ տրամաթիք կերպար էր, Տը Կոլ՝ հպարտ, Ռուզվէլթ՝ հանգստութիւն էր ամբողջութեամբ, բայց անոնք ղեկավարելու արուեստ ստեղծեցին այն ժամանակաշրջանին, երբ կը թուէր, թէ վտանգուած է քաղաքակրթութիւնը:
Քսաներորդ դարը, որ հարուստ էր երկու համաշխարհային պատերազմներէն ստացած վէրքերով ու սպիներով, ստեղծեց քաղաքական այնպիսի առաջնորդներ, որոնց անունները պիտի չջնջուին պատմութեան էջերէն:
Յիշեալ երեքը անցան ազգային գոյութենական ճգնաժամի դաժան ճամբաներով, իւրաքանչիւրը դարձաւ իր ժողովուրդին ձայնը, եւ իւրաքանչիւրը ձգեց մշակութային ժառանգութիւն մը, որ նոյնքան նշանակալի է, որքան անոնց քաղաքական գործունէութիւնը: Խիստ տարբեր իրենց մօտեցումներով եւ բնաւորութեամբ, անոնք կազմեցին առաջնորդող այն եռեակը, որ յաջողեցաւ լուսաւորել պետականութեան կարելիութիւնները եւ… սահմանները:
Ուինսթըն Չըրչիլ կ’ապրէր այնպէս, ինչպէս կը խօսէր: Կը սիրէր նկարչութիւն, սիկար, բարձրակարգ ուիսքի, մտերիմներու ընկերակցութիւն, եւ այնքան ատեն որ զբաղեցաւ քաղաքականութեամբ, նաեւ գրեց։
1953-ին անոր շնորհուեցաւ Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակ՝ ոչ թէ գեղարուեստական գրականութեան, այլ իր պատմագիտական երկերու շքեղութեան եւ նկարագրութիւններու վարպետութեան համար:
Սակայն այս կենսուրախ անձը ունէր նաեւ իր մռայլ կողմը… Չըրչիլ գօտեմարտի մէջ էր իր ընկճախտին հետ, որուն «սեւ շուն» անունը կու տար: Անոր կենսունակութեան եւ մելամաղձութեան խառնուրդը հակասութիւններով լի մարդն էր, բայց ա’յն մարդը, ով կեանքի անակնկալներուն դիմաց մնաց անսասան։
Բոլորովին հակառակ պատկեր կը ներկայացնէր Շարլ Տը Կոլ։ Ան խիստ էր, ամչկոտ ու հպարտ: Կ’ապրէր իր առաքելութեան գիտակցութեամբ, իսկ կաթոլիկ դաստիարակութիւնը իր մէջ ձեւաւորած էր բարոյական խստութիւն։ Չունէր ոչ Չըրչիլին հումորը, ոչ ալ Ռուզվէլթին ջերմութիւնը։ Տը Կոլին իշխանութեան մէջ գերակշռող էր արժանապատուութիւնը։
Կը կարդար փիլիսոփայութիւն, ռազմական պատմութիւն եւ կը խօսէր բարձր ոճով ու թոնով, կարծես դիմելով ոչ միայն ներկային, այլեւ Ֆրանսայի ճակատագրին։
Այլ էր Ֆրանքլին Տ. Ռուզվէլթին ոճը: Մանուկ օրերէն ունեցած անդամալուծութիւնը (poliomyelitis) ան կը ջանար պահել բացառիկ կարգապահութեամբ, ի ցոյց դնելով դրական ու ինքնավստահ ներկայութիւն: Կը սիրէր լողը, թղթադրամներ կը հաւաքէր եւ կը նախընտրէր ոչ-պաշտօնական հանդիպումները: Անոր առանձնայատկութիւնը իր դիւրամերձ ըլլալուն մէջ էր, ընկերասէր էր եւ նոյնիսկ կրնար ժպիտով հանդարտեցնել իր հակառակորդը:
Այս երեք իրարմէ այնքան տարբեր անհատականութիւնները ձեւաւորեցին ղեկավար մարդու երեք տարբեր մօտեցումներ:
Չըրչիլ վարպետօրէն ղեկավարեց ճգնաժամային իրավիճակները: Ան ուղղակի կը ծաղկէր, երբ կը թուէր թէ ամէն ինչ անյոյս է եւ բառերը վարպետօրէն կը վերափոխէր զէնքի, որոնք նուազ զօրեղ չէին մնացեալ բոլոր զէնքերէն: Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ռազմական պատկերներով ու մարտական կշռոյթով հնչեցուցած անոր խօսքերը ոչ թէ տեղեկացնող էին, այլ կը մղէին սխրանքի։
Չըրչիլ պատմութիւնը ընդունած էր որպէս մեծ բեմ, եւ գիտակցաբար խաղաց իր դերը՝ յաճախ աճապարանքով, բայց նպատակ ունենալով տոկունութեան հրաւէր կարդալ իր ժողովուրդին:
Տը Կոլ ղեկավարին բնորոշ էր սկսած գործին աննահանջ շարունակականութիւնը: Երբ Յունիս 1940-ին Ֆրանսան ինկաւ, Լոնտոնէն ձայնասփռուող անոր յայտարարութիւնը լսեցին մէկ քանի հոգի միայն, բայց այդ խօսքին ուժը խորհրդանշական էր՝ եթէ նոյնիսկ մէ’կ ֆրանսացի կար դիմադրող, ուրեմն Ֆրանսան պարտուած չէր։
Տը Կոլին ղեկավարելու կերպը հեռու էր զգացմունքայնութենէ, իրը արժանապատուութեան հաստատումը եղաւ: Ան կը պնդէր, որ ազգերը գոյատեւելու համար պէտք ունին ասք-առասպելաբանութեան եւ ինք մարմնաւորեց Ֆրանսայի յաւերժական անկախութիւնը:
Ռուզվէլթ՝ հակառակը, առաջնորդեց տրամաբանութեամբ ու համբերատարութեամբ: Մեծ ճգնաժամի ամբողջ ընթացքին ան յաճախ փորձարկեց քաղաքականութեան նոր մօտեցումներ, հրաժարեցաւ ձախողած տարբերակներէն եւ իւրացուց յաջողուածները։ Հաղորդակցութեան մեծ վարպետ էր։ Կը խօսէր պարզ ու մտերմիկ, գիտէր վստահութիւն ներշնչել եւ կը մեղմացնէր վախը: Ան փոխակերպեց կառավարութիւն-քաղաքացի յարաբերութիւնը՝ մտերմութիւն եւ հանգստութիւն ներշնչելով մարդոց:
Այսպէս, իւրաքանչիւր ղեկավար յաջողութիւններու հասաւ միայն իրեն յատուկ ոճով:
Չըրչիլ եղաւ դարաշրջանի որոշիչ կերպարը։ Որպէս վարչապետ 1940-1945-ին, նաեւ 1951-1955 թուականներուն, անոր աննկուն ոգին ու ցնցող խօսքը, ինչպէս է’ր «Մենք կը պայքարինք լողափերուն» յայտնի ելոյթը, ոգեշնչեցին բրիտանական հանրութիւնը Պլիցի ամէնամութ օրերուն: Մեծ եղաւ անոր ղեկավարութեան դերը դաշնակիցներու ռազմավարութեան ձեւաւորման մէջ, որ ի վերջոյ յանգեցուց Գերմանիոյ պարտութեան:
Տը Կոլ յաջողեցաւ պահպանել Ֆրանսայի արժանապատուութիւնը պատերազմի ընթացքին եւ յետոյ: Ազատ Ֆրանսայի հռչակումով եւ հետագային ղեկավարելով ժամանակաւոր կառավարութիւնը, ան ապահովեց, որ իր երկիրը դիտարկուէր ոչ միայն որպէս դաշնակիցներու կողմէ ազատագրուած երկիր, այլեւ որպէս… համայաղթող:
Տը Կոլի հետագայ նուաճումը եղաւ Հինգերորդ Հանրապետութեան ստեղծումը 1958-ին, որ Ֆրանսային տուաւ կայուն սահմանադրութիւն եւ տարիներու անկայունութենէ ետք վերականգնեց գործադիր իշխանութիւնը:
Ռուզվէլթ ձեռքբերումներ ունեցաւ ե’ւ ներքին, ե’ւ միջազգային ոլորտներու մէջ: Ան Միացեալ Նահանգները հանեց Մեծ ճգնաժամէն, հիմը դնելով պետութեան ժամանակակից բարեկեցութեան, միջազգային մակարդակով փոխակերպեց Ամերիկան՝ մեկուսացումէ տանելով համընդհանուր առաջնորդութեան, ղեկավարելով Բ. Աշխարհամարտի ռազմավարութիւնը եւ Միացեալ Ազգերու միջոցաւ հիմը դնելով յետ-պատերազմեան կարգաւորման: Ռուզվէլթին նախագահութիւնը նոր լոյսի տակ առաւ ամերիկեան կառավարութեան դերը։
Սակայն այս երեքէն ոչ մէկը զերծ էր ձախողութենէ:
Չըրչիլին մրցանիշը կը ներառէ Ա. Աշխարհամարտի Կալիփոլի արշաւը, յետպատերազմեան իրականութիւններուն յարմարելու անկարողութիւնը, եւ հակառակ պատերազմի յաղթանակին, 1945-ի ընտրութիւններուն պարտութիւնը: Բրիտանական կայսրութիւնը պահպանելու անոր պնդումը զայն բարձրացուց անկախութեան ալիքն ի վեր:
Տը Կոլին մեծ պայքարը Ալճերիան էր: Ի վերջոյ որոշումը՝ անկախութիւն տալ այդ երկրին, Ֆրանսան բաժնեց երկու մասի։ Ոմանք գնահատեցին, ոմանք ալ դատապարտեցին զայն որպէս դաւաճանի: Հիւսիսատլանտեան դաշինքի կազմակերպութեան (NATO) հրամանատարութենէն հրաժարումը անկախութիւն նուաճելու անոր վճռակամութիւնն էր, բայց նաեւ՝ համագործակցութեան գինը: Տը Կոլին քաղաքական գործունէութիւնը վերջ գտաւ 1969-ի ձախող հանրաքուէէն ետք:
Ռուզվէլթին ձախողումները աւելի արտայայտուեցան իր նախագահութեան մռայլ շրջաններուն: Անոր «Բարձր դատարանը համալրելու» փորձը վնաս հասցուց իր հեղինակութեան: Մահացաւ Ապրիլ 1945-ին, պատերազմէն ետք իր պատկերացուցած կարգաւորումը չձեւաւորուած…։
Այն, ինչը որ այս առաջնորդները կը բարձրացնէ քաղաքականութեան ոլորտէն վեր, անոնց ձգած մշակութային ժառանգութիւնն է: Անոնք երեքն ալ կը հասկնային խօսքին ուժը եւ նպաստեցին իրենց ազգին գրաւոր կամ բանաւոր ժառանգութեան:
Չըրչիլ լաւագոյն օրինակն է: Վեց հատորներէ բաղկացած «Բ. Աշխարհամարտը» եւ քառահատոր «Անգլիախօս ժողովուրդներու պատմութիւն» ծաւալուն երկերը անքակտելի մասը կը կազմեն քաղաքական յիշողութեան եւ այդ նուաճումին համար ալ ան արժանացաւ Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակին ու հաստատուեցաւ որպէս պատմաբան:
Տը Կոլին ժառանգութիւնը՝ «Պատերազմի յուշագրութիւններ», բարձրաոճ գրութիւն է եւ հոն հեղինակը կը ներկայանայ որպէս Ֆրանսայի ճակատագրի պահապան, պատկերուած անցուդարձերը ներկայացնելով ոչ թէ որպէս մէկ մարդու պատմութիւն, այլ որպէս ազգի զարգացում: Այս յուշագրութիւնները կ’ուսումնասիրուին ոչ միայն որպէս պատմութիւն, այլեւ որպէս գրականութիւն՝ որ տը Կոլեան Ֆրանսայի պատկերացումն է:
Ռուզվէլթի մշակութային ժառանգութիւնը արտայայտուեցաւ հաղորդակցութեամբ: Ան իր ետին չձգեց մեծածաւալ պատմութիւն կամ գրական արժէք ներկայացնող յուշագրութիւն, բայց անոր «հիւրանոցի զրոյցները» ստեղծեցին նոր ժողովրդավարական արուեստ՝ երբ առաջնորդը իր քաղաքացիներուն հետ կը խօսէր պարզ, բայց խորաշունչ լեզուով: Այդ ռատիօ-հաղորդումները ձեւաւորեցին ժամանակակից քաղաքական հաղորդակցութեան ոճ մը եւ ցոյց տուին, թէ ինչպէս ճարտարագիտութիւնը կրնայ ծառայել կառավարութեան եւ ժողովուրդի միջեւ մտերմութեան ստեղծումին։
Չըրչիլ, տը Կոլ եւ Ռուզվէլթ կը միաւորուին ոչ միայն յաղթանակ ապահովելու իրենց դերով, այլ նաեւ խօսքի վարպետութեամբ:
Չըրչիլին ելոյթներն ու պատմութիւնները, տը Կոլին յուշագրութիւնները եւ Ռուզվէլթին «հիւրանոցի զրոյցները» դարձան մշակութային կոթողներ։ Անոնց օրինակը մեզի կը յիշեցնէ, որ ղեկավարութիւն աւելին կը նշանակէ քան որոշում, իսկ հրամանատարութիւնը իր հիմնական դերին առընթեր մարդոց համար իմաստ ստեղծելու, տառապանքը արժանապատուութեան վերածելու ուժն է։
Այդ ուժը մնայուն է:
Անի Թորանեան
Արարատ
25 Սեպտեմբեր 2025







Մեկնաբանէ