
Ռուսական արուեստի թանգարանին մէջ «Եւրոպական ժառանգութեան օրերու» ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 26ին բացուած է «Տուն. իմ տիեզերք» խորագրով ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսը հնարաւորութիւն կու տայ ճամբորդել տարբեր դարաշրջաններու մէջ եւ տեսնել հետաքրքրական քաղաքներ։
Ցուցադրութիւնը կ՛ընդգրկէ հայ եւ ռուս նկարիչներու ստեղծագործութիւններ, որոնց շարքին են Մ. Աւետիսեան, Ե. Թադեւոսեան, Դ. Նալպանտեան, Պ. Քուզնեցով եւ Ա. Տրեւին։ Ներկայացուած աշխատանքներէն շատերը երկար տարիներ չեն ցուցադրուած։
Ցուցահանդէսը կը գործէ Սեպտեմբեր 26էն Հոկտեմբեր 31:







Մեկնաբանէ